66 Քոնկրեսականներ Կ՛առաջարկեն 250 Միլիոն Տոլար Յատկացնել Արցախի Ցեղասպանութեան Զոհերուն Եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան

  • 07.05.2024
  • 0
  • 57 Views

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան 66 անդամներ նամակով մը Յատկացումներու յանձնախումբի ղեկավարներուն կոչ ըրին՝ 250 միլիոն տոլար յատկացնելու Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու եւ Հայաստանի պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու նպատակով ռազմական աջակցութիւն տրամադրելու համար։ Անոնք նաեւ կոչ ըրին՝ ամբողջութեամբ դադարեցնելու Պաքուին ռազմական աջակցութիւնը եւ քննարկելու Ատրպէյճանի ռազմական ոճիրներուն նկատմամբ պատժամիջոցներ սահմանելու կարելիութիւնը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող այս նախաձեռնութեան տակ ստորագրած են հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներ, առաջնորդութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի։

Նամակին մէջ կը պահանջուին հետեւեալները.

 – 200 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախէն տեղահանուածներուն.

 – Պաքուի տրամադրուող բոլոր ռազմական օգնութիւններու կասեցում եւ ատրպէյճանցի ղեկավարներու դէմ պատժամիջոցներու քննարկում.

 – 30 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն.

 – 10 միլիոն տոլար՝ իրաւապահ համակարգի բարեփոխումներու համար.

 – 10 միլիոն տոլար՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար:

 Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը։ 

 Նամակը եւ զայն ստորագրողներուն ցանկը կարդալու համար այցելել կայքէջը։

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում