28.04.2026 admin

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-ի արդ եւս-ի տասը նպաստառուները: Այս տարի եւս, ժամանակակից մշակոյթ ձեւաւորողները զայն կը դիտարկեն որպէս ընկերային ենթակառուցուածք՝ կենդանի ու շնչող ցանց մը, որ արեւմտահայերէնը կը...

20.02.2026 admin

Միջգիտակարգային գիտաժողով Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանին մէջ (USC), Լոս Անճելըս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով» գիտաժողովին յայտագիրը։ Գիտաժողովը կազմակերպուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի «Dornsife» Հայագիտական Հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ. տեղի պիտի ունենայ 27 փետրուար – 1 մարտ 2026, Լոս Անճելըս, USC-ի «Taper Hall of Humanities» սրահին մէջ: Հայերէնը ինչպէ՞ս կրնայ բարգաւաճիլ Սփիւռքի մէջ։ Կորուստի կամ նահանջի պատումներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, գիտաժողովը միտումնաւոր կերպով ուշադրութիւնը կը սեւեռէ նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ յաջողութեան օրինակներու՝ լուսարձակի տակ առնելով այն նախաձեռնութիւնները, ռազմավարութիւնները եւ աշխատանքները, որոնց շնորհիւ հայերէնը մնայուն եւ կենսունակ կը դառնայ թէ՛ իր գրական չափանիշներով եւ թէ՛ խօսակցական ու բարբառային ձեւերով՝ տարբեր սերունդներու եւ աշխարհագրական վայրերու միջեւ: Այս հարցումին կեդրոնը կը գտնուի հայերէնի կայունութիւնը Սփիւռքի համայնքներուն մէջ: Երեք օրուան ընթացքին, մասնակիցները պիտի արծարծեն զանազան թեմաներ, ինչպէս՝ լեզուական քաղաքականութիւն եւ գնահատում, ժառանգական լեզուի փոխանցում, նախակրթական եւ համալսարանական մակարդակի լեզուի կրթութիւն, միջլեզուական եւ իւրացման կիրարկումներ, ստեղծագործութեան եւ արուեստի լեզուական փորձառութիւններ, լրագրութիւն, արհեստական բանականութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հայերէնի ապագան թուային աշխարհին մէջ: Յայտագիրը առաջնահերթութիւն կու տայ թէ՛ արեւմտահայերէնին, թէ՛ արեւելահայերէնին՝ ներկայացնելով համաշխարհային հեռանկարներ Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն: Դոկտ. Ռութ Քիրշըրի եւ Դոկտ. Մարիա Փոլինսքիի պիտի ըլլան գիտաժողովին գլխաւոր բանախօսները: Անոնց կից պիտի ներկայացուին դասաւանդման նորարարական մեթոտներ, արուեստի եւ թուային աշխարհին մէջ լեզուի ստեղծագործական կիրարկումներ, ինչպէս նաեւ՝ լեզուի վերաշխուժացման նորագոյն ձեւեր։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը պիտի վարէ երկու կլոր սեղաններ, որոնցմէ մէկն է՝ «Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մօտեցումը՝ լեզուական կայուն կենսոլորտի մը կառուցումը Սփիւռքի մէջ»: Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու Անի Կարմիրեանը հանդէս պիտի գայ գիտաժողովի եզրափակիչ խօսքով: Գիտաժողովին մուտքը ազատ է եւ հանրութեան բաց, սակայն արձանագրութիւնը պարտադիր է: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

12.02.2026 admin

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Հրակ Պագարեան առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագիրին։ Կիւլպէնկեան կրթաթոշակ ստացողները յաճախ կը դառնան առաջնորդներ եւ մասնագէտներ իրենց համապատասխան բնագաւառներուն մէջ։ Ուրախ ենք որ պարոն Պագարեան որոշած է նպաստել Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագիրին՝ ուրիշ փայլուն ուսանողներու օգնելու համար։ Երեք տարիներու (2011-2013) ընթացքին Հրակ կրթանպաստ ստացած էր՝ Պէյրութի մէջ Լիբանանեան Միջազգային Համալսարանին մէջ դեղագործութիւն ուսանելու համար։ Հրակ Պագարեան կապ հաստատեց Հիմնարկութեան հետ՝ յայտնելով. «Ես Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացած եմ իմ համալսարանական օրերուս, հիմա կ՚ուզեմ իմ հերթիս նուիրատուութիւն մը ընել Հիմնարկութեան՝ ուրիշ ուսանողներու օգնելու համար»։ Պարոն Պագարեան այժմ դեղագործ է եւ համահիմնադիրը՝ մասնագիտացած դեղատան մը Օրանճ Քաունթիի մէջ, Քալիֆորնիա, որ 2025-ին շահած է ազգային «Տարուան դեղատուն» մրցանակը։ Հիմնարկութեան նախագահ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժo յայտնեց. «Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կրթանպաստ կը շնորհէ իր հիմնադրութենէն ի վեր (1957)։ Մեր շահառուներուն մէջ կան բազմաթիւ ականաւոր համայնքային առաջնորդներ, գործարարներ եւ մտաւորականներ, ներառեալ երկու հայ Նոպէլեան մրցանակակիրներ։ Սոյն նուիրատուութիւնը կը նպաստէ այս երկար աւանդութեան՝ արտացոլելով մեր Հիմնադիրին առատաձեռնութիւնը»։ Շնորհակալ ենք Հրակ Պագարեանին առատաձեռնութեան համար. ան նախաձեռնեց կապ հաստատել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ՝ համաշխարհային հայ համայնքին նպաստելու ուսանողական կրթանպաստի միջոցով։ Անոր նուիրատուութեան ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Միջին Արեւելքի արժանաւոր ուսանողներու։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

25.10.2025 admin

Մայիս 2025-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը մեկնարկեց նպաստի յատուկ ծրագիր մը՝ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ | INSPARK անունով։ Այս ծրագիրով Հայկական Բաժանմունքը նորոգեց Լիբանանահայ համայնքին հանդէպ Հիմնարկութեան յանձնառութիւնը, կեդրոնանալով երիտասարդութեան վրայ։ Բաց հրաւէրով մը...

31.10.2024 admin

Մշակոյթ՝ ընկերային առաջընթացի, կլիմայի պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան համար: Մշակոյթը, որպէս մարդու արտայայտութեան հիմնարար միջոց, անխուսափելիօրէն կ՚ազդէ հասարակութիւններու հիւսուածքին եւ հետեւաբար նաեւ անոնց ապագային վրայ: Մշակոյթը պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն՝ կերտելու յարակցական, հաւասար, կայուն եւ ազատ հասարակութիւններ, եւ հետեւաբար աւելի առողջ ապագայ:...

06.12.2023 admin

Արդ եւս-ը արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրն է։ Մշակոյթը էական միջոց մըն է ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին զարգացումին։ Մշակոյթը, ինչպէս ժառանգութիւնը, ինքնութեան եւ արժէքներու կերտումի համակարգ մըն է որ պարտինք զարգացնել՝...

20.01.2023 admin

2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2023։ Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել։  Զարմանազանը այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը...

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-ի արդ եւս-ի տասը նպաստառուները: Այս տարի եւս, ժամանակակից մշակոյթ ձեւաւորողները զայն կը դիտարկեն որպէս ընկերային ենթակառուցուածք՝ կենդանի ու շնչող ցանց մը, որ արեւմտահայերէնը կը գործարկէ շարժապատկերի, թուային գործիքներու, երաժշտութեան եւ բեմականացման միջոցով: Հայկական համաշխարհային բնապատկերին շարունակ զարգացումի պայմաններուն, արդ...

Միջգիտակարգային գիտաժողով Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանին մէջ (USC), Լոս Անճելըս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով» գիտաժողովին յայտագիրը։ Գիտաժողովը կազմակերպուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի «Dornsife» Հայագիտական Հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ. տեղի պիտի ունենայ 27 փետրուար – 1 մարտ 2026, Լոս Անճելըս, USC-ի «Taper Hall of Humanities» սրահին մէջ: Հայերէնը ինչպէ՞ս կրնայ բարգաւաճիլ Սփիւռքի մէջ։ Կորուստի կամ նահանջի պատումներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, գիտաժողովը միտումնաւոր կերպով ուշադրութիւնը կը սեւեռէ նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ յաջողութեան օրինակներու՝ լուսարձակի տակ առնելով այն նախաձեռնութիւնները, ռազմավարութիւնները եւ աշխատանքները, որոնց շնորհիւ հայերէնը մնայուն եւ կենսունակ կը դառնայ թէ՛ իր գրական չափանիշներով եւ թէ՛ խօսակցական ու բարբառային ձեւերով՝ տարբեր սերունդներու եւ աշխարհագրական վայրերու միջեւ: Այս հարցումին կեդրոնը կը գտնուի հայերէնի կայունութիւնը Սփիւռքի համայնքներուն մէջ: Երեք օրուան ընթացքին, մասնակիցները պիտի արծարծեն զանազան թեմաներ, ինչպէս՝ լեզուական քաղաքականութիւն եւ գնահատում, ժառանգական լեզուի փոխանցում, նախակրթական եւ համալսարանական մակարդակի լեզուի կրթութիւն, միջլեզուական եւ իւրացման կիրարկումներ, ստեղծագործութեան եւ արուեստի լեզուական փորձառութիւններ, լրագրութիւն, արհեստական բանականութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հայերէնի ապագան թուային աշխարհին մէջ: Յայտագիրը առաջնահերթութիւն կու տայ թէ՛ արեւմտահայերէնին, թէ՛ արեւելահայերէնին՝ ներկայացնելով համաշխարհային հեռանկարներ Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներէն: Դոկտ. Ռութ Քիրշըրի եւ Դոկտ. Մարիա Փոլինսքիի պիտի ըլլան գիտաժողովին գլխաւոր բանախօսները: Անոնց կից պիտի ներկայացուին դասաւանդման նորարարական մեթոտներ, արուեստի եւ թուային աշխարհին մէջ լեզուի ստեղծագործական կիրարկումներ, ինչպէս նաեւ՝ լեզուի վերաշխուժացման նորագոյն ձեւեր։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը պիտի վարէ երկու կլոր սեղաններ, որոնցմէ մէկն է՝ «Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մօտեցումը՝ լեզուական կայուն կենսոլորտի մը կառուցումը Սփիւռքի մէջ»: Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու աւագ պատասխանատու Անի Կարմիրեանը հանդէս պիտի գայ գիտաժողովի եզրափակիչ խօսքով: Գիտաժողովին մուտքը ազատ է եւ հանրութեան բաց, սակայն արձանագրութիւնը պարտադիր է: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Հրակ Պագարեան առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագիրին։ Կիւլպէնկեան կրթաթոշակ ստացողները յաճախ կը դառնան առաջնորդներ եւ մասնագէտներ իրենց համապատասխան բնագաւառներուն մէջ։ Ուրախ ենք որ պարոն Պագարեան որոշած է նպաստել Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագիրին՝ ուրիշ փայլուն ուսանողներու օգնելու համար։ Երեք տարիներու (2011-2013) ընթացքին Հրակ կրթանպաստ ստացած էր՝ Պէյրութի մէջ Լիբանանեան Միջազգային Համալսարանին մէջ դեղագործութիւն ուսանելու համար։ Հրակ Պագարեան կապ հաստատեց Հիմնարկութեան հետ՝ յայտնելով. «Ես Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացած եմ իմ համալսարանական օրերուս, հիմա կ՚ուզեմ իմ հերթիս նուիրատուութիւն մը ընել Հիմնարկութեան՝ ուրիշ ուսանողներու օգնելու համար»։ Պարոն Պագարեան այժմ դեղագործ է եւ համահիմնադիրը՝ մասնագիտացած դեղատան մը Օրանճ Քաունթիի մէջ, Քալիֆորնիա, որ 2025-ին շահած է ազգային «Տարուան դեղատուն» մրցանակը։ Հիմնարկութեան նախագահ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժo յայտնեց. «Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կրթանպաստ կը շնորհէ իր հիմնադրութենէն ի վեր (1957)։ Մեր շահառուներուն մէջ կան բազմաթիւ ականաւոր համայնքային առաջնորդներ, գործարարներ եւ մտաւորականներ, ներառեալ երկու հայ Նոպէլեան մրցանակակիրներ։ Սոյն նուիրատուութիւնը կը նպաստէ այս երկար աւանդութեան՝ արտացոլելով մեր Հիմնադիրին առատաձեռնութիւնը»։ Շնորհակալ ենք Հրակ Պագարեանին առատաձեռնութեան համար. ան նախաձեռնեց կապ հաստատել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ՝ համաշխարհային հայ համայնքին նպաստելու ուսանողական կրթանպաստի միջոցով։ Անոր նուիրատուութեան ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Միջին Արեւելքի արժանաւոր ուսանողներու։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

Մայիս 2025-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը մեկնարկեց նպաստի յատուկ ծրագիր մը՝ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ | INSPARK անունով։ Այս ծրագիրով Հայկական Բաժանմունքը նորոգեց Լիբանանահայ համայնքին հանդէպ Հիմնարկութեան յանձնառութիւնը, կեդրոնանալով երիտասարդութեան վրայ։ Բաց հրաւէրով մը Բաժանմունքը առիթը ստեղծեց որ երիտասարդներ ստեղծագործ ճամբորդութիւններու ընդմէջէն ինքնաճանաչում եւ քննական հայեացքներ հետազօտեն։ Հայկական Համայնքներու...

Մշակոյթ՝ ընկերային առաջընթացի, կլիմայի պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան համար: Մշակոյթը, որպէս մարդու արտայայտութեան հիմնարար միջոց, անխուսափելիօրէն կ՚ազդէ հասարակութիւններու հիւսուածքին եւ հետեւաբար նաեւ անոնց ապագային վրայ: Մշակոյթը պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն՝ կերտելու յարակցական, հաւասար, կայուն եւ ազատ հասարակութիւններ, եւ հետեւաբար աւելի առողջ ապագայ: Մշակոյթը չի յաւակնիր ըլլալ բոլոր խնդիրներու միակ կամ արագ լուծումը, սակայն մեր առջեւ ծառացած այսօրուայ...

Արդ եւս-ը արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրն է։ Մշակոյթը էական միջոց մըն է ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին զարգացումին։ Մշակոյթը, ինչպէս ժառանգութիւնը, ինքնութեան եւ արժէքներու կերտումի համակարգ մըն է որ պարտինք զարգացնել՝ ստեղծելու աւելի կայուն շրջանակներ եւ զանոնք ընդլայնելու, որպէսզի խթանենք երկարաժամկէտ, մարդակեդրոն եւ կենսոլորտային կայուն զարգացումի...

2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2023։ Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել։  Զարմանազանը այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. Երեխաները, պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն կամ խառն...

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում