USC-ի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Լեզուն Սփիւռքով Մէկ՝ Հայերէնը Իր Հեռանկարներով» Գիտաժողովը

  • 03.03.2026
  • 0
  • 165 Views

Լուսանկարում՝ Ռազմիկ Փանոսեանը եւ Շուշան Կարապետեանը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Dornsife բաժանմունքին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին` 27 Փետրուարէն 1 Մարտ, նշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ՝ հայերէնը իր հեռանկարներով» գիտաժողովը։

Գիտաժողովին հիմքը կը կազմէր ապագայատեսիլ հարց մը. ինչպէ՞ս կրնայ հայերէնը ծաղկիլ Սփիւռքի մէջ։ Անկումի կամ կորուստի պատումներէն անդին անցնելով՝ գիտաժողովը առանձնացուց նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ յաջողութեան օրինակները, ընդգծելով այն նախաձեռնութիւնները, ռազմավարութիւնները եւ նպատակադրուած ջանքերը, որոնք կը պահպանեն եւ կ՛աշխուժացնեն հայերէնը՝ թէ՛ իր գրական ձեւերով, թէ՛ խօսակցական ու բարբառային տարբերակներով, սերունդներու եւ աշխարհագրութիւններու ընդմէջէն։

Ծրագիրը, որ կազմուած էր հետազօտութեան եւ կենդանի փորձին միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով՝ կ՛ընդգրկէր կլոր սեղանի քննարկումներ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ եւ մասնագիտական ցուցադրութիւններ։

Ուրբաթ, 27 Փետրուարին, գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտականի վարիչ Շուշան Կարապետեան։

Երեք օրերու երկայնքին տեղի ունեցած գիտաժողովի ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին առաւել քան 40 մտաւորականներ, դասախօսներ, խմբագիրեր, ուսուցիչներ եւ այլ մասնագէտներ։

Աղբյուր՝ Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում