Նիկոլ Փաշինեան Եւ Աննա Յակոբեան Բաժնուեցան

  • 27.02.2026
  • 0
  • 44 Views

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեան, 27 Փետրուարին յայտարարեց, որ ինք եւ իր ամուսինը պիտի բաժնուին։

Կանուխ առաւօտեան ան տարածեց տեսագրութիւն մը, որ նկարահանուած է երկու օրեր առաջ, եւ որուն մէջ ան կը յայտարարէ Նիկոլ Փաշինեանէն բաժնուելու մասին: Իսկ 10 օրեր առաջ, Յակոբեան գրած էր իրենց քաղաքացիական ամուսնութեան աւարտին մասին,  սակայն այն ատեն շատերը ենթադրեցին, թէ անոնք պաշտօնապէս արձանագրած են իրենց ամուսնութիւնը:

Յակոբեան յայտարարեց, որ ինք վարչապետական առանձնատունէն պիտի երթայ դէպի վարձու բնակարան մը: «Չեմ ուզում ասել` սիրում եմ բոլորիդ, որովհետեւ, իմ կարծիքով, սէրը մի բան է, որը ոչ թէ պէտք է ասել, այլ գործողութիւնով ցոյց տալ, հոգատարութեամբ», Յայտնեց Յակոբեան։

Իր կարգին, Փաշինեան կարճ գրառումի մը միջոցով յայտնեց, որ յարգանքով կը մօտենայ Աննա Յակոբեանի որոշումին: «Վերջին 30 տարում իմ բոլոր դժուարին օրերին նա եղել է իմ կողքին, եղել է իմ ապաւէնն ու յենարանը: Վստահ չեմ, թէ ես նրա համար եղել եմ այդպիսին: Թերեւս աւելի շատ դառնութիւն եմ պատճառել, ինչի համար ներողութիւն եմ խնդրում». կ՛ըսէ Փաշինեան վերոնշեալ գրառումին մէջ:

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Աննա Յակոբեան հրաժեշտի տեսանիւթին մէջ կը փորձէ օրինակներով համոզել, որ կը հեռանայ այնպէս, ինչպէս եկած էր, առանց դղեակներու, մեծ գումարի հաշիւներու եւ զարդերու. իր դրամատնային քարտին մէջ ընդամէնը 5 միլիոն դրամ կայ:

«Իմ քարտին կայ գումար «Իմ Քայլը» հիմնադրամի աշխատավարձից ու եկամտային հարկի վերադարձից կուտակուած գումար, դա յիշում եմ, որովհետեւ ամէն անգամ բացելիս երեւում է` 5 միլիոն դրամ», ըսաւ ան՝ նշելով, որ ստացած նուէրները կը յանձնէ պետութեան։

Ան նաեւ այսպիսով կը հրաժարի պետական պահպանութենէն, սակայն ան կը փափաքի պահպանել աշխատանքը «Իմ Քայլը» հիմնադրամին մէջ. «Կարծում եմ, որ միայն իմ ցանկութիւնը բաւարար չէ սրա համար», աւելցուց Յակոբեան։

Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում