ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպա, 17 Փետրուար 2026
Եւրոպայի հայութիւնը կը դատապարտէ ՀՀ իշխանութիւններու հալածանքը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Վեհափառ Հայրապետի դէմ
Մենք՝ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժման անդամներս, խոր մտահոգութեամբ եւ վրդովմունքով կը հետեւինք Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող բացայայտ հալածանքներուն՝ ուղղուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ։
Վերջին շրջանի իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս՝ Վեհափառ Հայրապետի ազատ տեղաշարժի իրաւունքի կամայական սահմանափակումը եւ անոր՝ Հայաստանէն մեկնելու արգելքը, կոպտագոյն խախտում են մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու։
Այս առնչութեամբ կը յայտարարենք.
Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է հայ պետականութեան եւ ինքնութեան սիւնը։ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմի կողմէ եկեղեցական նուիրապետութեան դէմ ուղղուած թիրախաւորուած արշաւները կը միտին թուլցնել հայ ժողովուրդի հոգեւոր դիմադրողականութիւնը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Հայաստանէն դուրս գալու արգելքը ոչ միայն անձնական հալածանք է, այլեւ վիրաւորանք՝ ուղղուած համայն հայութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հեղինակութեան։
Մենք կը տեսնենք ուղղակի կապ Արցախի հայաթափման հարցով իշխանութիւններու վարած ձախողակ քաղաքականութեան եւ Եկեղեցւոյ դէմ յարձակումներուն միջեւ։ Եկեղեցին, որպէս Արցախի իրաւունքներու անդաւաճան պաշտպան, այսօր կը պատժուի իր ազգային կեցուածքին համար։
Կոչ կ՚ուղղենք՝
ՀՀ իշխանութիւններուն. Անյապաղ դադրեցնել հոգեւոր դասի հանդէպ իրականացուող բռնաճնշումները եւ յարգել Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Միջազգային կառոյցներուն. Ուշադրութիւն դարձնել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան քողի տակ իրականացուող բռնապետական քայլերուն եւ կրօնական ազատութիւններու սահմանափակման։
Եւրոպայի հայութիւնը կանգնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վեհափառ Հայրապետի կողքին և պիտի հակազդէ այս ազգակործան իշխանութիւններու քաղաքականութեան:
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի»
Կարէն Արեւեան Անգլիա
Մուրատ Փափազեան Ֆրանսա
Կարէն Թաթեվոսեան Պելճիքա
Նուպար Վարդանեան Հոլլանտա
Ջոնաթան Սբանկենպերկ Գերմանիա
Քաթրին Յակոբեան Շուետ
Արթուր Ալլավերդյան Տանիա
Նազար Աւագեան Յունաստան
Վահան Այնէճեան Կիպրոս
Սահակ Չալըքեան Պուլկարիա
Զարեհ Նազարեան Ռումանիա
Վահէ Մխիթարյան Բորթուկալ
Ալեքսանտր Սարգսյան Չեխիա
Սարգիս Շահինեան Զուիցերիա



