
Պրիւքսէլ, Պելճիքա – Եւրոպական Հայ Դատի Գրասենեակը հպարտ է յայտարարել իր Երիտասարդական Առաջնորդութեան Սեմինար՝ «Advocacy in the European Union», որ տեղի կ’ունենայ Պրիւքսէլ, Պելճիքա, Ապրիլ 21-25։ Այս ուսուցողական ծրագիրը երիտասարդ եւրոպացի հայերուն կ’առաջարկէ հնգօրեայ փորձառութեան վրայ հիմնուած դասընթանց՝ կեդրոնացած եւրոպական քաղաքականութեան եւ եւրոպայի մէջ հայկական շահերու առաջխաղացման վրայ։
Նախատեսուած 22-32 տարեկան ուսանողներու համար, որոնք կ’ապրին Եւրոպայի մէջ, կը խօսին հայերէն եւ անգլերէն, եւ ունին զօրաւիգ հետաքրքրութիւն եւրոպական քաղաքականութեան եւ հայկական շահերու առաջխաղացման նկատմամբ, դասընթացը կ’ապահովէ խիստ ուսումնական ծրագիր՝ համադրելով դասախօսութիւններ, բարձր մակարդակի քաղաքական հանդիպումներ եւ այցելութիւններ կարեւոր եւրոպական հաստատութիւններու մէջ:
Այս տարուան ծրագիրը կեդրոնացած է երկու կարեւոր ուղղութիւններու վրայ հասկնալ թէ ինչպէս կ’աշխատի լոպիութիւնը ԵՄ շրջանակներուն մէջ, եւ անմիջական գիտելիք ձեռք բերել ԵՄ մարմիններու հաստատութական, քարաւանային եւ ներքին աշխատանքներուն մասին։ Մասնակիցները պիտի սորվին գործնական հմտութիւններ՝ միաժամանակ աւելի խորը հասկացողութիւն ձեռք բերելով, թէ ինչպէս կ’ընթանան որոշումները ԵՄ-ի մէջ, եւ ինչպէս Հայ Դատի Գրասենեակի նման խմբաւորումներ կ’օգտագործեն այս հաստատութական գործիքները՝ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու համար։
Ծրագիրի օրակարգը կ’ընդգրկէ նիւթերու լայն շրջանակ մը, ներառեալ՝
- Եւրոպական Միութեան գործառոյթները
- Եւրոպական քաղաքական կեանքը
- Հայ Դատի առաջնահերթութիւնները
- ՀՀ-ԵՄ Յարաբերութիւնները
- ՀՀ-ՆԱԹՕ Յարաբերութիւնները
- ՀՀ-Պելճիքա Յարաբերութիւնները
- ԵՄ դիրքորոշումները Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ
- Հայկական շահերու պաշտպանութիւնը Եւրոպայի մէջ
- Պելճիքայի հայկական սփիւռքը
- Երիտասարդներու համար ասպարէզի հնարաւորութիւններ համաեւրոպական առաջնորդութեան կառոյցներուն եւ համայնքային կեանքին մէջ
Մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան այցելելու եւ հանդիպելու ներկայացուցիչներու հետ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Եւրոպական Միութեան մօտ առաքելութեան մէջ, համայնքային կազմակերպութիւններու եւ այլ համապատասխան հաստատութիւններու մէջ։
«Այս փորձառութեան ծրագիրը հիանալի հնարաւորութիւն է երիտասարդ եւրոպացի հայերու համար։ Մենք կը հաւատանք առաջնորդներու յաջորդ սերունդին զօրացնելուն եւ անոնց տրամադրելուն այն գործիքներն ու գիտելիքները, որոնք անոնց անհրաժեշտ են փոփոխութիւն մը բերելու համար»,- նախագահ Գասպար Կարապետեան։
Մասնակցելու համար դիմորդները պէտք է ներկայացնեն հետեւեալը՝ կենսագրութիւն, շարժառիթի նամակ եւ ուսանողական կարգավիճակը հաստատող ընդունելութեան փաստաթուղթ կամ վկայական։
Հայերէնի իմացութիւնը պարտադիր է։
Մասնակցութեան սակը 600 եւրօ է, որուն 30% կանխավճար պէտք է կատարուի նախնական հաստատումէն ետք։ Վճարը կ’ընդգրկէ գիշերակացը Պրիւքսէլի մէջ, օրական երեք անգամ սնունդ, սուրճի ընդմիջումներ եւ փոխադրամիջոց Պրիւքսէլի մէջ։ Ցանկացած այլ ծախս պիտի ծածկուի գրասենեակին կողմէ։
Մասնակիցները ծրագիրի աւարտին պիտի ստանան վկայականներ։
Աւելի մանրամասն տեղեկութեան եւ ծրագիրի ամբողջական մանրամասնութիւններու համար խնդրեմ դիմել contact@eafjd.eu հասցէին։