
ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարը պահանջեց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակել, հաղորդեց Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունը:
3 Մարտին, Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58րդ նստաշրջանին իր ելոյթին մէջ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը` նշելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, պէտք է բոլորովին պահպանուի արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները։
Թիւրք նաեւ ընդգծեց, որ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ան յայտնեց, թէ ինք կը յուսայ, որ անոնք կ՛առաջնորդեն ճշմարտութեան հաստատման եւ հաշտեցման գործընթացի մը, որուն ինք պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու:
Աղբյուր՝ Ասպարէզ օրաթերթ