
Ամէն յանձնառու սփիւռքահայ այս խորագիրը կրնայ հարցաքննել այսպէս` «ի՞նչը, ո՞ւր, ե՞րբ եւ յատկապէս՝ ո՞վքեր պիտի իմաստաւորեն AI (Artificial Inteligence) «արհեստական բանականութիւն»-ը (այսուհետեւ՝ ԱԲ յապաւումով) սփիւռքահայ կառոյցներու արժէհամակարգէն ներս եւմեր հաւաքական իրականութեան մէջ։
Այս հարցական վերնագիրը ուղղուած է` քաղաքական, ուսումնակրթական, դաստիարակչական, մշակութային եւ այլ պաշտօնական, գործառու դիրքեր զբաղեցնողներուն, ինչպէս նաեւ ուղղուած է հոգեւորականներուն աւելի ճիշդ՝ եկեղեցական արդարամիտ ղեկավարութիւններուն։
Պարզ է, որ այս հարցադրումը կը միտի դիտարկելու ներկայ թուայնացած գերարհեստագիտութեան թաւալումը եւ ժամանակակից հայ իրականութիւններու առնչութիւնները, հանգամանքները եւ նոյնիսկ ակնկալուած վերակենսաւորումները, անշուշտ՝ թափանցիկ, դատարկ լոզունգներու պարունակէն դուրս ու հռետորաբանական ինքնախաբէութենէ եւ կրաւորականութենէ հեռու:
Վերնագիր մը, որ այնքան համահունչ աղերս ունի 2003 թուականէն սկսեալ Արամ Ա․ վեհափառի հռչակագիրներու հեռատես սովորոյթին, անշեղ աւանդին` իւրաքանչիւր տարի նուիրելու հայ կեանքին առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը, թելադրիչ խորհուրդի մը, ինչպէս 2025-ին հռչակուած՝ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման» խորհուրդը, որ հայու մարդաբանութեան բաղադրիչներէն է, ազգային տոհմիկ եւ աննիւթական ժառանգութեան արժէքները պահպանելու կոչնակ է։
Նախորդ հռչակագիրները, 2025 տարուայ հռչակագիրն ալ գործադրելի կրնան ըլլալ, եթէ ագուցուած ըլլան գործնական ծրագրի մը ռազմավարութեամբ ու իրագործելի նախագիծով մը, որ համահունչ է մեր ներկայ հրամայականներուն հետ [1] ,[ 2]։
Տասնամեակ մը առաջ ԱԲ-ն մասին խօսիլը խորթ ու երեւակայական կը համարուէր, ցնորական (fantastic) եւ կամ գիտաերեւակայածին (science fiction) հնարք մը, երբեմն փիլիսոփայական, գերբնական պատկերացումով, տարօրինակ ու անիրագործելի զրոյց մը։ Այո՛, ԱԲ-ը պատրանքի հնչեղութիւն ունէր, երբ ամերիկացի գիտնական Ճոն Մաքքարթի (John McCarthy) իր գիտական խմբակին հետ ԱԲ-ն հասկացողութիւնը ներկայացուց 1956 թուականի գիտաժողովի մը։ Սակայն, այսօր երեւակայական ցնորքը դարձած է իրագործելի իրականութիւն։ Փորձենք հակիճ համապատկերով մը ԱԲ-ը պարզաբանել ներկայի մեր իրականութեան մէջ։
ԱԲ-ն Արհեստագիտութիւնը՝ Ժամանակի զարկերակը
Միջազգային ժամանակակից՝ գիտական, հասարակական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ընտրանի հարթակներ իրենց էջերը լա՜յն բացած են ԱԲ-ն վերնագիրներ հիւրընկալելու։ ԱԲ-ն նուիրուած զանազան մակարդակի եւ ոլորտներու՝ խորհրդաժողովներ, սեմինարներ, դասընթացքներ զիրար կը խճողեն, որոնք նպատակ ունին յաւելեալ մասնագիտական գիտելիքներով ընդարձակելու, գործնականացնելու, նորամուտ ԱԲ-ն արհեստագիտութիւնը։ Թարմացած նորութիւններով բացատրելու անոր կիրառումը, պատշաճեցումը տարբեր ենթակառոյցներու հետ։ Մանաւանդ այն ժամանակ երբ ելեկտրոնային սպասարկումները, ենթադրեալ կամ անգոյական (virtual) [2] առցանց ծառայութիւնները, հեռավար գործառնութիւնները եւ անոնց կողքին թուային արհեստագիտութիւնը եւ ԱԲ-ը կը դառնան աւելի համատարած ու օգտագործելի:
Մեր կեանքի ամէնօրեայ իրականութեան զուգահեռ մենք գիտակցաբար կամ անտեղեակ ձեւով առնչուած ենք ու մեծ խանդավառութեամբ կ’օգտագործենք ԱԲ-ն տարբեր կիրարկումներն ու աննախադէպ հնարաւորութիւնները զանազան ոլորտներու մէջ ըլլան՝ գիտութիւն, առողջապահութիւն, ապահովագրութիւն, կենցաղ, սպասարկման այլ ոլորտներ մէկ խօսքով ամէնուր՝ հոն ուր հիմնական պահանջք կայ մեծաքանակ տուեալներու հաւաքագրումի, վերլուծութեան եւ ուսումնասիրութեան եւ որոշումներ կայացնելու ծրագիրներ:
Անհերքելի է, որ ԱԲ-ը խորապէս թափանցած է ու կը շարունակէ իր ազդու ներգործութիւնը ունենալ անհատական թէ հանրային կեանքի զանազան մարզերուն մէջ։ ԱԲ-ը ամէնուր է մեր կեանքի մէջ, ըլլան անոնք՝ ծառայողական բնագաւառներ, սպառողական պահանջքներու, դրամատնային, առեւտրական ձեռնարկութիւններու, աշխատանքի շուկայի, մամուլի, փոխադրութեան միջոցներու, արդիւնաբերութեան, իրաւագիտութեան, մատակարարման շղթաներու վերակացութեան (Logistic), գիտութեան, բժշկութեան, ռազմարհեստագիտութեան, բազմաբնոյթ գովազդներու եւ մասնաւորապէս գերիշխող ներգործութիւնը ուսումնակրթական համակարգերու հետ առնչուած եւ այլն։
Վերջին տասնամեակին որոշ պետութիւններու մրցակցութիւնը ցուցանիշ մըն է այս վկայութեան, որ կը յատկանշուի գլխաւորապէս ԱԲ-ն ծրագիրներու տրամադրուած արտասովոր ներդրումներով, յատկապէս «Քորոնա» ժահրէն վերջ, մասնաւորաբար 2022 թուի երկրորդ վեցամսեակէն ետք։ Ներդրումները կը գերազանցեն քանի մը տասնեակ նոյնիսկ հարիւրաւոր միլիառ տոլարներու վիթխարի գումարները։ Օրինակներ յիշելու համար, ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբ իր նախագահական աթոռը ստանձնելէ մէկ օր ետք 21 յունուարին յայտնեց, որ յառաջատար երեք ընկերութիւններ` ճափոնական հսկայ «SoftBank» եւ ամերիկեան «OpenAI» եւ «Oracle» պիտի կազմեն «Stargate» կոչուած հսկայ միացեալ ծրագիր մը` ԱԲ-ն արհեստագիտութեան ենթակառոյցներու զարգացման նուիրուած 500 միլիառ տոլար ներդրումի նախագիծով:
Հասկնալի է 10 եւ 11 Փետրուարին Փարիզի մէջ «AI Action Summit» տեղի ունեցող ԱԲ-ն միջազգային երրորդ գագաթնաժողովի հեռանկարը։ Վեհաժողով մը, ուր ներկայ գտնուած են շուրջ 80 երկիրներու ղեկավարներ, մօտ հազար մասնակիցներ՝ ԱԲ-ն եւ թուային արհեստագիտութեանց համաշխարհային հսկաներու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ այլն: Այս գագաթնաժողովը, հիմնականօրէն Եւրոպայի համար մրցակցելու նոր ուղի մը գտնելու փորձ է, արժանի չափանիշ մը ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի գերակշռող մրցակցութեան հետ։
Սոյն վեհաժողովի ծիրէն ներս կարելի է յիշել ԵՄ-ն պատմութեան մէջ գերյաւակնոտ 200 միլիառ Եւրոյի «InvestAI» հիմնադրամի հսկայական միացեալ ներդրումը, որ պիտի տրամադրուի Եւրոպական գերզարգացած չորս հիմնարար ԱԲ-ն ենթակառոյցներու կազմութեան, որպէսզի ԱԲ-ն յաջորդ սերունդի արհեստագիտութեան նախօրինակներ (Model) մշակուին, ինչպէս յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ՝ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը։
«InvestAI» հիմնադրամին համար ԵՄ-ը պիտի տրամադրէ 50 միլիառ Եւրոյի գումար մը, իսկ մնացեալ 150 միլիառ Եւրոն պիտի տրամադրուի ԱԲ-մբ մասնագիտացած Եւրոպական ընկերութիւններու տիտաններուն կողմէ, ԱԲ-ն արհեստագիտութեան զարգացման համար։ Նոյն գագաթնաժողովի զուգահեռ, կարելի է յիշել Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութեամբ ԱԲ-ն ոլորտի մէջ 109 միլիառ Եւրոյի ներդրումի համաձայնութիւնը։ Այս գումարը յատկապէս նուիրուած է՝ Ֆրանսայի տուեալներու առաջատար զանազան կեդրոնները հզօրացնելու ծրագիրին։ Տուեալներու կեդրոնները սատարելու ուղղութեամբ կարելի է յիշել, որ Ֆրանսական ուժանիւթի արտադրութիւնը, ընդհանրապէս կը բանի կենսոլորտի պահպանման նպաստող, նուազագոյն արտարկումի (emissions) հիւլէական ուժանիւթի ելեկտրակայաններու շնորհիւ։
Դժուար է կռահել ԱԲ-ն յատկացուած ներդրումներու յայտարարուած վերնագիրներուն տակ իրականացուելիք նպատակներու, հեռահար դիտաւորութիւնները։ Իսկական առաջադրութիւնները կը մնան խորհրդաւոր եւ երբեմն անհասանելի ու թաքուն։
Դէպի 5-րդ գերարդիւնաբերական դարաշրջան
Մարդկային քաղաքակրթութիւնը ակնթարթային արագութեամբ բնորոշուող դարաշրջումի մը շեմին է, ԱԲ-ն բեկումնային արհեստագիտութեան աննախորդ պատմական զարգացումներու երթով, որ կ’ուղղուի դէպի թուայնացած մտածելակերպով, հոգիով ու գործելու ոճաբանութեամբ «թուայնացած» հասարակութիւն մը յառաջացնելու, կենսագործելու ։
Իրականութիւն մը, որ երբեք վախնալու կամ տնտնալու իրաւունքը չունինք, եթէ վերհասու գիտակցութեամբ օգտագործենք թուային, բանականութեան եւ դատողութեան հիմքերով հնարուած արհեստագիտութիւններու գործնական, արագ եւ դիւրամատոյց գերհնարքները։ Օգտաշատ այդ հնարաւորութիւնները վայելելու նպատակով, մարդ կարող է հարց տալ՝ ինչո՞ւ այդքան կանուխ ծնած ենք։
Պէտք է ԱԲ-ը շրջադիտել իբրեւ գիտական արտասովոր նուաճումներու պիտանի գործիք, թուային ոլորտի մէջ աճող բազմօգուտ մատուցումներով, յանուն ընդհանուր բարօրութեան, որոնք միշտ պէտք է ստուգումի եւ քննարկումի ենթարկուած ըլլան։ ԱԲ-ը մարդ էակին գործունէութիւնները կատարելագործելու հեռահար նպատակին զուգահեռ, օժանդակելու ծրագիր մըն է, ստեղծարար լուծումներ տնօրինելու, տրամադրելու, պատրաստելու միջոց մը, հնարաւորութիւններ ընձեռելու իմաստուն խորհրդատու հարթակ մը, մոռացութեան ժանգերուն չենթարկուող, անսահման մեծ յիշողութիւն ունեցող, երկարաժամկէտ բազում օժանդակութիւններ ապահովող ընդունարան մը, սպասարկող գործիքակազմ մը, որ պիտի օգնէ ու ծառայէ մարդկային բանական ներուժի ձգտումներուն, եւ ոչ անոր մրցակցութեան։
Արդի թուային բազմապիսի արհեստագիտութիւններու նախատեսող ծրագիրները թեւակոխած են արտադրական ոլորտի 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան (4th Industrial Revolution) հանգրուանը, որ կեդրոնացած է տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցական արհեստագիտութեան ենթակառոյցի վրայ: Սաղմնային գիտա–մշակման եւ փորձարկումներու փուլէն անցնելով լայն ու անվերապահ յաւակնոտութեամբ, ներկայիս կ’ուղղուի դէպի 5-րդ գերարդիւնաբերական արհեստագիտութեան դարշրջան։
Պէտք է հաստատել, որ ԱԲ-ը բազմահնար գիտական բարեմասնութիւններու արգասիքները կարող են իրենց նպատակին ծառայել միայն այն պարագային եթէ ունենան ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (Ethics)։ Առաջնորդուած ըլլան կանոնակարգով, պաշտպանուած եւ հիմնաւորուած չափանիշներու դիտաւորութեամբ, ռազմավարութեամբ ու երաշխիքներով, այլապէս կրնան յառաջանալ մտահոգիչ խոցելիութիւններ, անսպասելի սուր մարտահրաւէրներ, կեղծումներ, չարափոխութիւններ, մտայղացքներու հեղինակային իրաւունքի ճանաչման ու ապահովագրական վտանգներ եւ այլն։
Մեքենայական ուսուցումը, ԱԲ-ն ալկորիթմերով
ԱԲ-ը, կը բանի հսկայական տուեալներու (big data) գիտավերլուծութեամբ, բանականութեան (intellect) ինքնավար գերիմաստուն հրամաններու շարքով, հրամանաշարով, ալկորիթմերով (Algorithm) [3] ռոպոթաշէն համակարգերով, ամպային հաշուարկներու (cloud computing), բանացանցի կամ իրերու ներցանցի (Internet of Things -IoT), սայպըր-ֆիզիքական (cyber-physical systems) սարքերու բարդ գերհոլովոյթներով։
Ընթացակարգ մը, որ առ այժմ հիմնուած է ընդհանրապէսզգացականէն հեռու, բանականութեամբ բանող հրահանգներու հունաւոր, հաւաքածոյի մը տրամաբանական յաջորդականութեան շնորհիւ, որ կը միտի գերարագութեամբ լուծելու, պատասխանելու կամ արդիւնաւէտ արդիւնքներով թելադրանք մը, հարց մը, ծրագիր մը կատարելու եւ կամ ծրագիրներ մշակելու նպատակին, բայց միշտ ալ մարդկային բանականութեան վերահսկողութեան եւ վերատեսութեան ենթակայ պէտք է ըլլայ։
Պէտք է նկատել, ԱԲ-ն ներգործող արագ թափի հետեւանքները, պարտաւորեցնող անհրաժեշտութիւն է նորարար (Innovation) մօտեցումներով եւ ԱԲ-մբ գործող կառոյցներու ուսումնասիրուած ճշգրտութեամբ վերահսկելու, հարկաւոր պաշտպանուած ըլլալու կարեւորութիւնը, որոնք գիտա-արհեստավարժ հմտութիւններու կառավարման ենթակառոյցներու օժանդակութեամբ կը բանին։
Առհասարակ ինչպէս բոլոր համակարգերը, կրթական համակարգն ալ իր բոլոր յարակից նախնական թէ բարձրագոյն ուսումնական համակարգերու ենթակառոյցներով պատրաստ պէտք է ըլլան ԱԲ-ը ընկալելու, համընթաց վերափոխութեան եւ ճանապարհային քարտէզ ունենալու, թուային բոլոր նորամուծութիւնները, նորարարութիւնները պարփակելու։ Գերհիմնական հարց է զանազան յարձակումներու դէմ թուայնացած համակարգերու անվտանգութիւնը, նոյնպէս պէտք է պատսպարուին ու երաշխաւորուին տուեալներու գաղտնագրումի (Encryption) անվտանգութիւնը, սայպըրանվտանգութիւնը (cyber attack) եւ այլն։
ԱԲ-ն եզրաբանութիւններու հայերէն իմաստային հասկացողութիւնը
Բանականութեամբ բանող եւ ընդհանրապէս նորարար եւ կայծակնային արագութեամբ արհեստագիտութեանց զարգացումին դիմաց պէտք է ընդունինք, որ արեւմտահայերէնը՝ ժամանակի արհեստագիտութիւններու հետ քայլ պահելու ճկունութենէն կը տառապի, ոչ միայն թուայնացած գիտութիւններու լեզուական նոր բառապաշարի սահմանումներու նշանակութիւնները գտնելու, այլ նաեւ լեզուի իմաստային ընկալումը, միտումները բացայայտելու թուլութիւն մը ունի, նոր ու ճշգրիտ բառամթերք ստեղծելու, տրամադրելու անբաւարարութիւն ունին հայերէն բառարանները, հոմանիշներ հայթայթելու տագնապ մը կը զգացուի, եւ տեղ մը ակամայ կը պարտաւորուինք այդ բառերու գլխաւորաբար անգլերէն սահմանումները օգտագործելու, արտայայտելու հիմնական միտքը, հաւաստի բուն նշանակութիւնը, իմաստը։ Այսօր այնքան կենսական պահանջք է թուային եւ ԱԲ-ն գիտութիւններու հետ առնչուած հայերէն մասնագիտական բառացուցակ (Glossary) մը, բառգրքոյկ մը:
ԱԲ-ն օգտագործուած եզրաբանութենէն (Terminology), օրինակ մը տալու համար՝ փորձենք սահմանել Deep learning, Artificial Neural Networks (ANN) կամ այնքան պարզ Machine learning (ML)-ը, որ «մեքենայական ուսուցում» բառակապակցութեամբ կարելի է սահմանել, (այս պարագային մեքենան՝ ֆիզիքական սարքն է, իսկ այդ մեքենան բանեցնող ծրագիրը ԱԲ-նն է)։ Իրականութեան մէջ անգլերէնով ML-ը այնքան պարզ կը թուի, բայց գիտական բարդ ու խառնածին սահմանում մըն է, որուն գործընթացը հիմնուած է, ու կը ներառէ երեք բաղադրիչներ։ ML-ը ԱԲ-ն ենթաոլորտն է, կեդրոնացած է հսկայական տուեալներով հաւաքածոներու եւ ալկորիթմերու օգտագործման վրայ, որ հնարաւորութիւն կու տայ մեքենաներուն, սարքերուն այս պարագային ռոպոթներուն՝ հարցումներ կամ խնդիրներ ուսումնասիրելու ապա առաջադրանքներ կատարելու, արդիւնքներ կանխատեսելու, ունակ ու աւելի արդիւնաւէտ տարբերակներով տնօրինելու, ձեւանմուշներ կամ նախօրինակներ (Model) ստեղծելու նպատակով։ Մեքենայական ուսուցումը ԱԲ-ն ընդարձակ բաժին է, որ կ՛ուսումնասիրէ ալկորիթմերու կառուցման եղանակները, մեթոտները։ (ML)-ը կարելի է համարել որպէս ԱԲ-ն խնդիրներու լուծման գործնական ալկորիթմ։
Տեղին է նշել, որ ԱԲ-ը գոյութիւն կրնայ ունենալ առանց ֆիզիքական սարքի՝ ռոպոթի, կամ միայն թուային ԱԲ-ն համակարգով։ Ռոպոթի եւ ԱԲ-ն հասկացութիւնը հոմանիշներ չեն, ԱԲ-ը ծրագիրն է, որուն դրսեւորումը բանականութիւնն է, իսկ ռոպոթը ֆիզիքական տարրն է, որ կիրականացնէ ԱԲ-մբ կայացած կամ սահմանուած ծրագիրները, որոշումները, հրամանները։
Ականաւոր լեզուաբան, հայագէտ Գէորգ Ջահուկեան տեղ մը յիշած է՝ տարեկան մօտաւորապէս 10.000 նոր բառեր կը ծնին։ Իսկ հանրածանօթ բազմավաստակ լեզուագէտ տոքթոր Արմենակ Եղիայեան այս ուղղութեամբ կը հաւաստէ.
- «ժամանակին հետ քայլ պահող բառամթերք գտնելը մեր դժուարագոյն հարցերէն մէկն է, որ արեւելահայերը շատ յաճախ կը լուծեն…օտար բառը առնելով նոյնութեամբ: Իսկ նոր բառեր կը ծնին ու կը ծնին. Միւս կողմէ՝ այդ բառերը հնարող օտարները հանճարներ չեն, անոնք ալ կը մեկնին իրենց լեզուին մէջ գտնուող պարզ բառերէն եւ կ’անուանեն նոր հասկացութիւնը, ինչպէս՝ Machine Learning-ն է, որ կազմուած է անգլերէն ամենասովորական բառերով: Արդ, սկսելու համար՝ հայերէնն ալ կրնայ հետեւիլ այդ փոխատու լեզուի օրինակին՝ իր սեփական պարզ բառերով անուանելով նոր հասկացութիւնը, հայերէն բառին կից փակագիծի մէջ մէկ-երկու անգամ դնելով օտար բառը օտար տառերով, մինչեւ որ ընթերցողները հետզհետէ հաւասարութիւն դնեն օտար բառին ու հայերէնին միջեւ. Չմոռնանք, բառերը ունին կամ կ’ունենան այն նշանակութիւնը, որ մենք՝ խօսողներս, կը դնենք անոնց մէջ: Եւ… սպասել. Մինչեւ, որ օր մըն ալ տաղանդաւոր հայ մը աւելի յարմար բառ մը առաջարկէ մեր գործածածին փոխարէն»:
Կարելի է հարց տալ, կու գա՞յ այն օրը երբ ԱԲ-ը կարողանայ մեր բոլոր նախատեսուած լեզուական թուլութիւններուն, սահմանափակումներուն, մանաւանդ լեզուի իմաստային ընկալումին ու հոմանիշներուն, բառապաշարի կառոյցին, շարահիւսութեան եւ յարակից լեզուական այլ հարցեր լուծելու համար ունենայ իր նշանակալից դերն ու ներդրումը, ծրագրուած ալկորիթմերու շնորհիւ։
Երազային չէ երբ ԱԲ-ն ծրագրուած ալկորիթմերը, կը կարողանան գտնել այն կարելիութիւնները պահպանելու ու փրկելու անհետացման վտանգի տակ գտնուող հազարաւոր լեզուներ, մշակութային ժառանգութիւններու բաղադրիչներ։ Մանաւանդ, որ լեզուաբաններ ու մարդկային մշակոյթի պատմաբաններ, մարդաբաններ (Anthropology) կ՛ընկալեն ու կը գնահատեն լեզուներու եւ մշակոյթներու նկատմամբ ԱԲ-ն գիտական խորունկ հասողութիւնն ու ներուժը։
Մարդ-ռոպոթ բռնցքամա՞րտ թէ՞ համագործակցութիւն
Դարերու պատմութիւն ունի մարդ-մեքենայ-արհեստագիտութիւն եռեակ կապակցութիւնը, մեքենայի արարչակերտը՝ մարդ էակը ձգտած է մարմնացնել մտախոհուն մեքենաներ ստեղծելու իր բաղձանքը։ Մեքենաներ որոնք նմանակելու են մարդկային բանականութեան գործնամիտ բարեմասնութեան։ Երազանք մը, որ այսօր ԱԲ-մբ բանող ռոպոթներով իրականացած է, ու կը շարունակէ իր հաստատակամ ուղեւորութիւնը։ ԱԲ-ն բազմակողմանի ծաւալուն հոլովոյթը կը կարողանայ նոր մասնագիտութիւններ ստեղծել, փորձագիտական խումբեր, նորահնար ստեղծագործական ոլորտներ, կազմեր, կառոյցներ հնարաւորել, որոնք գոյութիւն ունենալու կարելիութիւնը չունէին մօտիկ անցեալին առանց թուային եւ ԱԲ-մբ նորարար, բազմազան մրցունակութեամբ յատկանշուող հնարաւորութիւններուն։
Կարելի է նախատեսել, որ շատ մօտիկ ապագային պիտի պահանջուին բարձր գիտա-արհեստավարժ որակաւորումով պատրաստուած հմուտ անձեր, կազմեր։ Թուային հասարակութեան աճը, պիտի կարողանայ ստեղծել նոր որակի աշխատատեղեր։
Անխուսափելի է թուային վճարումներու եւ ինքնասպասարկման բազմաոլորտ արհեստագիտութեան աճը, արագ գահավէժով մը պատմութեան անդունդին մէջ կրնան անհետանալ որոշ աշխատատեղեր, արհեստներ, վտանգուած են աշխատանքային եւ ծառայողական ասպարէզներ, ինչպէս օրինակ՝ գանձապահութիւն, հաշուապահութիւն, վարչական գործավարութիւն, գործադիր քարտուղարութիւն, որոշ գեղարուեստական ոլորտներ ինչպէս՝ գծանկարչութեան գեղարուեստներ, եւ այլն։
Թուային արհեստագիտութեան, ԱԲ-ն ծաւալուն օգտագործման զուգահեռ, վերարտադրող (generative) ԱԲ-ն բազմաշնորհ հնարաւորութիւններու միջոցաւ վտանգուած են նաեւ ուրիշ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագիտութիւններու որոշ ճիւղեր, գիտա-արհեստական ակադեմական աշխտակիցներ, ճարտարարուեստի բնագաւառի՝ ճարտարարուեստական կրթութիւն ստացած մասնագէտներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ, ռատիոլոկներ, դասախօսներ եւ այլն:
ԱԲ-ը Սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն
Կարելի է՞ պատկերացնել, որ մարդու կողմէ ստեղծուած ԱԲ-ը, ծրագրուած հմտութիւններու կարողութիւններով, ներկայիս ընկալուած ըլլայ թէ՛ հնարաւորութիւններու եւ թէ՛ սպառնալիքներու դրսեւորում մը։ ԱԲ-ն արագընթաց ուռճացումը, աննախադէպ նուաճումները, գիտական ու ակադեմական մտաւորականութեան մէջ յառաջացուցած են տարակարծիք երեք դատումներ, որոնք կարելի է ներկայացնել՝
- Ա) Լաւատեսներ, որոնք կը հաւատան, որ թուային արհեստագիտութեան հոլովոյթը մարդկային քաղաքակրթութեան բնաշրջութեան (evolution) հերթական փուլն է, այդ փուլը կարելի է միայն դրական արդիւնքներով գնահատել, օրինակ՝ ԱԲ-ն շնորհիւ մարդիկ կը կարողանան օգտուիլ շատ յարմար եւ ընկալելի ցանկացած գիտելիքներու հսկայ շտեմարաններէն, այսինքն կարիքը չկայ պրպտումներու պեղումներու ճիգեր թափելու, տաղտկալի աշխատանքի ու մտատանջութեան անհամեմատելի կրճատում, մեծաքանակ տուեալներու կայծակնային ու անսխալ ներմուծում, մշակում, վերլուծում, բժշկութեան եւ առողջապահութեան անվրէպ ախտորոշում, դեղամիջոցներու բծախնդիր կիրարկում եւ այլ լիարժեք ու արդիւնաւէտ համակարգերու օգտագուծում։ Այս խմբակի համար ԱԲ-ը մարդկութեան համար կը յուսադրէ յաջորդ հրաշագործ դարաշրջան մը։
- Բ) Զգուշացողներ, որոնց համար թէեւ առկայ են որոշակի վտանգներ (risk), սակայն անոնք ներկայ արհեստագիտութեան պայմաններուն մէջ՝ գերիշխող չեն, տիրապետելի եւ վերահսկելի են, ուստի՝ անհանգստանալու կարիքը չկայ,
- Գ) Յոռետեսներ կ՛ահազանգեն, անոնց համար ԱԲ-ն շրջափոխումները մարդկային քաղաքակրթութեան ուղղուած մարտակոչեր են, յաջորդ տասնամեակին անսպասելի ու անգուշակելի անորոշութեամբ՝ ընկերային, տնտեսական եւ այլ վտանգներ ու սպառնալիքներ կը նախատեսուին, մարդկային արժէհամակարգի հետ ունեցող հակազդեցութիւններ եւ փորձանքներ կարելի է կռահել, որոնք բացասական դրսեւորումներով կը շարունակեն չկանխատեսուած մնալ: Մարդու վերահսկողութենէն դուրս գալու պարագային, մարդկութիւնը կարող է թուային «ստրկութեան», թուային «գաղութացումի» եւ թուային «ամբողջատիրութեան» վտանգներ դիմագրաւել։ ԱԲ-ը օգտագործելով մարդոց մօտ կը ձեւաւորուին ընկերային, կենցաղային, յարաբերական կողմնորոշումներ, համոզումներ, վարքագիծեր, որոնք աստիճանաբար տիրապետող ողբերգութիւններ կը դառնան հասարակութեան մէջ, կործանելով մարդկային հազարամեակներու քաղաքակրթութիւնը։ Այս խմբակին համար հիմնական մտավախութիւնը՝ միջուկային զէնք ունենալը, կամ միջուկային զենք արտադրող կեդրոններ ունեցող պետութիւնները չեն, ինչպէս կը կարծուէր անցեալին, սաստող վտանգին՝ յառաջադէմ ԱԲ-ն կեդրոններու իսկական սպառնալիքին դէմ պաշտպանութիւնն է։
ԱԲ-ը իր բազմաշերտ թուայնացած բովանդակային պարունակով մեզ կը պարտաւորեցնէ, կը վերափոխէ մեր մարդկային կենսակերպն ու աշխարհընկալումը, աշխատակարգը եւ գործելաոճը, դուրս գալով` աւանդական արհեստագիտութեան նախատիպերու վաղաժամութենէն, լիարժէք ձեւով օգտագործելու ընձեռած անսահման հնաւորութիւնները, կենսաւորելու մեր ապրելակերպի ու աշխատելակերպի հրամայականը:
Պէտք է իմանալ նաեւ, որ միայն մասնագիտական պատրաստուածութիւնը, գիտելիքներն ու փորձառութիւնը բաւարար չեն այսօր, մենք անմիջական կարիքը ունինք ԱԲ-մբ, թուայնացած արհեստագիտութիւններով (Technology), գիտակից ունակութիւններով կենսագործելու մեր առօրեան, անոնք կը հանդիսանան մեր կեանքի համակողմանի ոլորտներու աշխատանքային գործիքները, մրցակցութիւնը արագացնող շարժակները (catalyst)։ Բնական կը դառնայ նաեւ, որ այդ գործիքները օր մը կրնան ընկալուիլ իբրեւ մեր թելադրիչ խորհրդատուները, ուղեկից գործընկերները, պահ մը չափազանցուած մտաթռիչքով մը կարելի՞ է մտածել, որ ԱԲ-մբ բանող ռոպոթները օր մը կրնա՞ն ընկալուիլ իբրեւ հնարամիտ քաղաքացիներ։
ԱԲ-ը դասարանային պատերու ընկալումէն անդին։
Այսօր նոր սերունդը կ՛ապրի հաղորդակցութեան արդի արհեստագիտութեան օգտագործումով, հասակ կ՛առնէ թուային եւ ԱԲ-մբ ներծծուած մշակոյթի մը միջավայրի մէջ։ Կասկածէ վեր է որ այդ արհեստագիտութիւնները իրենց ներգործութիւնը չունենան մանկավարժական, դասաւանդութեան եւ ուսումնակրթական մեթոտներու վրայ, գիտելիք մատուցելու ընթացքին, կրթութիւն աւանդելու եղանակներուն վրայ։ Առաջին հերթին ԱԲ-ն օգտագործումը պէտք է հիմնաւորուած եւ ուղղուած ըլլայ քննաճանաչողական, բանաքննական մտածողութեան խթանումով։

Այս պարագային դպրոցներու, համալսարաններու եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններու, նոյնիսկ հոգեւոր կրթութեան կոչուած կառոյցներու ուսանողներուն հիմնական է աջակցիլ՝ առիթներ ընծայել հաշուի առնելով թուային արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ առարկայական օգտագործումի հաւաստի ու ճշգրիտ հնարաւորութիւնները, ընկերային եւ բարոյագիտական հայեցակէտերու (aspect) հիմնաւորումը։
Հոս հայ ուսումնակրթական կառոյցներու հետ առնչուող հիմնական հարցադրումներ կը յառաջանան, անոնցմէ օրինակներ կարելի է յիշել։
- Հաղորդակցութեան, թուային եւ ԱԲ-ն արդի արհեստագիտութեանց հնարքներու կողքին յայտնուող տագնապներու, ընկերային մարտահրաւէրներու եւ ախտաճանաչումներու մասին արդեօք մենք հետամուտ ե՞նք, բծախնդրութեամբ կը հետեւի՞նք ԱԲ-ն զարգացումներուն, ի՞նչ կը մտադրենք այս ուղղութեամբ։
- Ունի՞նք հայեցակարգային մօտեցումներ, ձեւակերպուած հեռանկարներ, նախապատրաստած ե՞նք ԱԲ-ն եւ զանազան բնագաւառներու մէջ թուային արհեստագիտութիւններու հետ համապատասխան ռազմավարութիւն մը, գործելաոճ մը առաջարկելու, ընդունելու։
- Արդեօ՞ք իրենց բազմազանութեամբ սփիւռքահայ ուսումնակարթական կառոյցները, թուային ապագան դիմաւորելու ենթակառոյցներ նախապատրաստած ե՞ն, եւ ինչպիսի՞ ռազմավարութեամբ, ի՞նչ ծրագիրներով, ինչպիսի՞ գործիքակազմերով։
- Զուգահեռաբար նախորդ հարցումներուն, ծրագրած ե՞նք կամ պատրաստած ե՞նք ԱԲ-ն անհրաժեշտ գիտելիքներու, վերապատրաստման ծրագիրներ։
- Յատկապէս նախատեսած ե՞նք, աւելի ճիշդը սկսա՞ծ ենք այդ ուղղութեամբ հմտութիւններով օժտուած հասու եւ արհեստավարժ բաւարար մարդուժ պատրաստել։
- Ձեռնարկած ե՞նք, կազմակերպած ե՞նք թուային արհեստագիտութիւններու մշտատեւ դաստիարակչական դասընթացքներ։
- Ծրագրած ե՞նք ԱԲ-ն նուիրուած հիմնախնդիրներու ճանաչողական եւ կողմնորոշումի, տարբեր բնոյթի մարտահրաւէրներու մասնագիտացած կլոր սեղաններ նախաձեռնել։
- Կանխագծած ե՞նք բաց ու թափանցիկ քննարկումներ իրականացնել, մանաւանդ՝ վերապատրաստութեան շարունակական սեմինարներ, խորհրդաժողովներ, լսարաններ, լուսաբանական հանդիպումներ նախագծել։
- Յարմար պիւտճէ մը նախատեսած ե՞նք մեր ենթակառոյցներու վերապատրասատման եւ յիշուած ԱԲ-ն նուիրուած ծրագիրները իրականացնելու։
Արտասովոր հարցադրումներ չեն յիշուածները, ամէն յանձնառու հայ կրթական կառոյցի պատասխանատու եւ կրթական բնագաւառի վերահսկող մարմիններու գերխնդիրն է, առաջնահերթութիւնն է պատրաստել ապագայի՝ «ԲԱՆԱԿԱՆ, կատարելատիպ հայ մարդ»ը, որպէսզի յաջորդ սերունդները չվերածուին խորթ ու անտարբեր թուային թափթփուքներու, չսուզուին «արհեստականացած» յորձանուտին մէջ։
Գիտական եւ ուսումնակրթական ասպարէզի մէջ չորս տասնամեակներու համեստ փորձառութենէս մղուած կարող եմ հաստատել, որ ուսումնակրթական ասպարէզի մէջ արհեստագիտութիւններու ձեւափոխուող աշխարհին մէջ, խիստ էական ու պահանջելի է բոլոր տարիքներու եւ յատկապէս երիտասարդ կրթական մշակներու մշտատեւ վերապատրաստութիւնը։ Անհնար է՝ ինքնաբաւ ռազմավարութեամբ կամ ինքնակեդրոն ու աւանդական կրթական գործելակերպով գործելը ու մրցակցիլը, եւ մանաւանդ կայուն զարգացում ապահովելը։

Ի՞նչ դիրքորոշում ունի հայ եկեղեցին ԱԲ-ն հանդէպ
Արդեօք փորձա՞ծ Էք հարց տալ կամ կարդացա՞ծ էք ի՞նչ կրնայ պատասխանել ԱԲ-ը օրինակի համար հետեւեալ հարցումներուն՝ «Ի՞նչ արժէք ունի հայ եկեղեցին հայութեան համար», «Ազգի մը համար աւանդութիւնները կարեւո՞ր են», «Ի՞նչ դեր ունի հայ եկեղեցին ԱԲ-ն եւ անոր բարոյագիտական զարգացումը ուղղորդելու հարցին մէջ», «Հայ եկեղեցին ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործէ ԱԲ-ը աւելի հասանելի դարձնելու հաւատքի իր ուսուցումը երիտասարդներու լայն խաւերու մէջ» կամ «Մարդկային կեանքին մէջ խօ՞սքը կարեւոր է, թէ՛ գործը» եւ այլն:
Հայ եկեղեցւոյ եւ ԱԲ-ն հետ առնչուած զանազան հարցականներ, որոնք զգալի տարածք կը գրաւեն մեր մատղաշ սերունդի մտքերուն մէջ, կրնան մեր բոլորին ուղղուիլ հանրային զրոյցներու, երիտասարդական քննարկումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կրնան իբրեւ հարցումներ յղուիլ հոգեւոր ծառայութեան կոչուած որեւէ մէկ հայ հոգեւորականին։
Կը հաւատանք, որ հայ եկեղեցին չէ խուսափած առաջադէմ արհեստագիտութիւններու բնաշրջումներէն, մարտահրաւէրներէն, զանոնք ճանչցած է, որպէս մարդկային հնարամատութեան մշտափոփոխ ուժընթացի (Dynamics) արգասիքը, որոնք անխուսափելիօրեն կ՛ազդեն «եկեղեցի-հայ հաւատցեալներ» յարաբերութեանց վրայ:
Սակայն ԱԲ-ն լայնատարած ներթափանցումով, եկեղեցւոյ որոշ ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու պատահական պատասխանները կրնան տագնապեցնող դառնալ, ԱԲ-ն եւ թուային արհեստագիտութիւններու հանդէպ հոգեւորականներու անպատրաստուածութենէն, չընտելացած դրսեւորումներէն, թուային արհեստագիտութիւններու նկատմամբ անվարժ, երբեմն անտարբեր, բազմակարծիք ու անտաշ, կարք մը պարագաներուն ալ անհամոզիչ «ԱԲ-ը մեր հարցը չէ» պատասխանէն, կամ պատահական արտայայտութիւններէն։
ԱԲ-ն նկատմամբ այս մտահոգութիւնները հոգեւորականի անձնական հետաքրքութեան կամ նորարարական արհեստագիտութիւններու իր անհատական օգտագործումին հետ չեն առնչուած, այլ ուղղուած են թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութեանց դիմաց դարաւոր մեր հաւատքի ուղեւորութեան, հայ քրիստոնէական համամարդկային ժառանգութեան պահակներուն, հոգեբարոյական արժեքներու պաշտպանութեան կոչուած եկեղեցական առաջնորդութեան, արդարմիտ ու հոգատար պատասխանատւութիւնը ստանցնած ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ՝ թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութեամբ պատշաճելու եւ հմուտ նախապատրստուածութեամբ վերաբերուելու նպատակով։
Հոս կարելի է որոշ հարցեր հնչեցնել՝
- Հայ եկեղեցին յատուկ մտադրութիւն դարձուցա՞ծ է թուային արհեստագիտութիւններու եւ ԱԲ-ն հանդէպ։
- Ի՞նչ կը մտածէ ԱԲ-ն հնարաւորութիւններու եւ սպառնալիքներու մասին, ունի՞ իր առաջադրութիւնը, կողմնարոշումը, գործնական մօտեցումը, նախատեսուած հեռանկարը, նախածրագիրը։
- Հայ եկեղեցին պատրա՞ստ է օգտագործելու ԱԲ-ն հնարաւորութիւնները եւ կամ դիմագրաւելու կանխատեսուած մարտահրաւէրները։ Այլ խօսքով՝ ո՞ւր է հայ եկեղեցին ԱԲ-ն արհեստագիտութեան՝ ընկերային ու բարոյական հարցերու նկատմամբ։
- Կազմակերպուած պատրաստուածութիւն ունի՞ յարատեւ ընդարձակուող ԱԲ-ն կողմէ հայ եկեղեցւոյ՝ կրօնա-հոգեւոր, սուրբ գրային ընկալումներու եւ ԱԲ-ն մատուցած եկեղեցական, ծիսական ըմբռնումներու, հարցերու մասին։
- Ահա թէ ի՞նչու հրամայական է ԱԲ-ն, թուային արհեստագիտութիւններու վրայ մասնագիտական մօտեցումով լայնատարած լոյս սփռելը։
- Ակնկալելի է, որ հայ եկեղեցւոյ ծառայողները շրջաթափանց ու արհեստավարժ գիտակցութեամբ, գիտավարժ դատողութեամբ նախատրամադրուած ըլլան պաշտպանելու ԱԲ-ն կողմէ երբեմն խեղաթիւրուած միտումներուն, որոնք առողջ ու արդար հանգամանքներով չեն արտայայտեր հայ եկեղեցւոյ մասին ակնկալուած դիրքորոշումները, երբեմն դիտաւորեալ նպատակով պատրաստուած են, ծրագրուած են խեղաթիւրելու, կամ ԱԲ-մբ տեղ գտած են հայ եկեղեցւոյ բարոյագիտական իսկական ու արդար պարունակը չարափոխելու եւ նսեմացնելու դիտումնաւորութեամբ։ Ուստի թուային արհեստագիտութիւններու, ԱԲ-ն առարկան պէտք է ներմուծուած ըլլայ իբրեւ դասանիւթ մեր դպրեվանքերու կրթական ծրագրին մէջ։ Արդի արհեստագիտութիւնները գիտականօրէն ու արհեստավարժ հմտութեամբ, իբրեւ ժամանակակից միջոց օգտագործելու հաւատքի ուսուցումի նպատակին։
- Ուշագրաւ է հայ պատանիներու, երիտասարդներու ստուար մեծամասնութեան մօտ, ամէն օր քիչ մը աւելի կը խամրի ոչ միայն հայ գրականութեան, հայ մշակոյթի եւ հաւատքի կայծը։ Ականատեսներ ենք հայ եկեղեցւոյ հանդէպ նոր սերունդի անտարբերութեան, եսակեդրոն կեցուածքին, քիչ մը աւելի կը նոսրանայ հաւատքի, մշակոյթի եւ գոյութենական ժառանգութեան անոնց հետաքրքրութիւնը, հայ երիտասարդն ալ ինչպէս ուրիշներ քիչ մը աւելի կախեալ ու ենթարկուած է ԱԲ-ն, ակնառու է նաեւ թուային արհեստագիտութեան գերիշխող ազդեցութիւնը, ԱԲ-ն հանդէպ անոնց տիրապետող ենթակայութիւնը։
- Նոր սերունդը թուային արհեստագիտութիւններէն եւ ԱԲ-ն միջոցաւ կը փորձէ քաղել իր հետաքրքրութիւններու արագ եւ երբեմն անստոյգ պատասխանները։ Աւանդական կամ նորածին հայ սփիւռքներու պարագաներուն, ուր տագնապալի հարց է ինքնավար՝ հայ դպրոց, եկեղեցի ու հայ կեդրոն գտնելը, հոն ուր սպառնալիքի տակ է ՀԱՅՈՒ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ճակատագիրը, ուշաթափած է գլխաւորապէս հայ ինքնութեան լրջագոյն բաղադրիչը՝ հայերէն լեզուն եւ հայու հոգին։
- Այնքան ծանրաբեռնուած ընկերային թէ տնտեսական առօրեայի պայմաններով, սփիւռքի վաղեմի թէ նորակազմ հայ համայնքներու մէջ, նոր սերունդի համար տուեալ երկրի մէջ հայը իր գոյատեւութիւնը պահելու եւ պարկեշտ քաղաքացի ապրելու եւ նոյն ժամանակ իր հայ ինքնութեան հաւատարիմ կառչելու այս իրավիճակը, կրկնակի եւ պարտաւորեցուցիչ է, աւելցուած բեռ է հայանալը, տառապանք մըն է հայապահպանութիւնը, քրիստոնեայ հայու ինքնութեան յանձնառութիւնը։ Նման պարագաներուն, հոգեւոր առաքելութեան կոչուած հոգեւորականին դերը շատ մեծ է, ոչ միայն իբրեւ կրօնա-հոգեւոր տէր ու ծառայ հայ համայնքին, այլ իր արդի արհետսագիտութեան հանդէպ արհեստավարժ հմտութեամբ թուային արհեստագիտութեան ենթակայութեամբ ապրող երիտասարդութեան մօտ կանգուն պահելու հայու հաւատքը, ազգային ու ինքնութեան գիտակցութիւնը բազմադարեայ աւանդոյթները ԱԲ-մբ պարուրուած մեր դարուն մէջ։
Նախորդ կէտին ագուցուած հիմնական հարց մը եւս՝
- Հոգեւոր կրթութեան զուգահեռ սփիւռքագիտութեան առարկան կը դասաւանդուի՞ կրթական յատուկ ծրագրով մեր դպրեվանքերու մէջ։ Սփիւռքագիտութիւնը ոչ իբրեւ տեսական՝ հայու աշխարհագրական ներկայութիւնը կամ վիճակագրական անհրապոյր տուեալներու նախնական գիտելիքներով եւ այլն։
Մատնանշումը կը միտի՝
- Գործնամէտ սփիւռքագիտութեան, սփիւռքահայ տագնապներու, լեզուի եւ աւանդոյթներու մարտահրաւէրներուն, գործնական ելքեր, առաջարկներ որոնելու հայու մարդաբանութեան հեռանկարին [4]։ Սփիւռքագիտութիւնը այն գործնական մօտեցումով, թէ ինչպիսի՞ ձեւանմուշներով պէտք է դիմագրաւել, ինչպիսի՞ կազմակերպուածութեան պարունակով, կառոյցով, կազմուածքով եւ պատրաստուածութեան բովանդակութեամբ, ինչպիսի՞ մօտեցումով, գործելակերպով ու մեթոտներով մանաւանդ գիտելիքներով առնչուելու համար հայ համայնքի պատանիներուն, երիտասարդ սերունդներուն եւ անհատներուն հետ։
- Պէտք է խոստուանիլ որ վերջին եօթը, ութ տասնամեակներուն սփիւռքագիտութեան վերլուծումներուն համար առատ մելան հոսեցուցին մեր հրաշալի պատմագէտները, իմաստուն վերլուծաբանները, մտաւորականները բայց այդ բոլորը ՏԵՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ծիրէն անդին չէր անցներ։ Սփիւռքագիտութիւնը մնաց հրապարակախօսութեամբ եւ տեսաբանութիւններով լեցուն զրոյցներու, տեսակէտներու եւ համագումարներու սաղմին մէջ իբրեւ ԽՈՐԽՈՐԱՏ մը, այդ ուղղութեամբ նախաձեռնուած ընդհանրապէս առաջին համագումարներու խանդավառութենէն ետք տեսական եզրահանգումներ կը մնային խօսուածները, որոնց կը յաջորդէին սպասումի եւ հիասթափութեան շեշտակի հարցումներ՝ «Յաջորդը ե՞րբ է», «ի՞նչ են գործնական ելքերը, աշխատանքային ուղեցոյցը» եւ այլն [5]։
- Մենք սփիւռքագիտութիւնը ՉԳԻՏԱԿԱՆԱՑՈՒՑԻՆՔ ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՉՎԵՐԱԾԵՑԻՆՔ, գիտականացած լուծումներու ալկորիթմերով չծրագրեցինք, չգործնականացուցինք, նիւթական յատկացումներ չկատարեցինք, պիւտճէներ չի տրամադրեցինք։ Արդեօ՞ք կեդրոնացանք միայն կարճ ժամկէտ ունեցող նախագիծերու, վիթխարի եւ երբեմն հսկայածաւալ շինարարական ծրագիրներու պարունակին մէջ։
- Այսօր կարելի է հարց տալ ու ցանկալ, որ ԱԲ-ը արդիւնաւէտ ալկորիթմերու տարբերակներով կը կարողանա՞յ ելքեր, հնարաւորութիւններ, առաջարկներ ու լուծումներ առաջարկել սփիւռքագիտութեան։ Ալկորիթմեր որոնք հիմնաւորուած պիտի ըլլան մեր մտաւորականներու արտադրած հիասքանչ միտքերու շտեմարաններուն, բանական սխրալի վերլուծութիւններու բերքին, իմացականութեամբ լեցուն խոհեմ առաջադրութիւններու մտքի մթերանոցներուն, լրջախոհ հրապարակախօսութիւններուն եւ ամբողջական վաստակին հիման վրայ։
Եզրահանգումի փոխարէն՝ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս ընել
Կարելի չէ քանի մը նեղ սիւնակներուն մէջ պարզաբանել, բազմաշերտ եւ բազմաբովանդակ ԱԲ-ն անկիւնադարձային իմաստաւորումը մեր հայ իրականութեան մէջ ըլլայ՝ հայ եկեղեցի, դպրոց, մամուլ, կրթական, մշակութային եւ այլ համակարգեր։ Մեր շեշտը կեդրոնացուցինք վերը ներկայացուած՝ կրթական եւ հոգեւոր հիմնական բաղադրիչներուն վրայ, զանոնք արժէքաւորելով իբրեւ սփիւռքահայու գոյութենական հիմնական՝ մտքի ու կրթութեան թրծոցը եւ հոգիի ու հաւատքի խարիսխը։
Բնական է, որ կարելի է կարկինը աւելի շատ լայն բանալ քննարկելու համար ԱԲ-ը մեր ամբողջական իրավիճակին մէջ, բայց այս սիւնակները նեղ պիտի դառնային։ Ուստի նշանակալից պիտի ըլլար եթէ այստեղ ներկայացուածը յաջողի բոլոր հետաքրքրուողներուն համար աւելի ընդարձակուած քննարկումներ կատարելու, իրապաշտ ելքերու առաջադրող սիւնակներով ու հարստացնող կայծերով առաքինի կիզակէտ դառնայ իր խթանիչ մտադրութեամբ։
- ԱԲ-մբ կը խորանայ մեր առօրեայ կեանքի ալկորիթմացումը բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Այսօր մենք կ՛ապրինք տեղեկատւութեան մրցավազքի գերիշխող ու անկաշկանդ ներկայով, որուն ակամայ կ՛ենթարկուինք բոլորս։ Անխուսափելի է թուային արհեստագիտութեան, ԱԲ-ն արհեստագիտութիւններու դերն ու դերակատարութիւնը սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու արժէհամակարգէն ներս, նկատի առնելով հայ երիտասարդ սերունդի մօտ ԱԲ-ն հանդէպ աշխարհընկալումը, հարցականներով հարուստ մտահորիզոնները, որոնք տարբեր ուղեգիծերով կ՛ընթանան քան մեր նախատեսած ուղիները, մտածած ու երբեմն ծրագրած նախատեսումները, ուստի յարափոփոխ եւ միաժամանակ յարաբերական են մեր մատղաշ սերունդէն ակնկալուած պատասխանատուութիւններն ու ակնկալելիքները։
- Ժամանակի սուրացող թաւալումի հեւքին մէջ, կարելիութիւնը եւ նոյնիսկ իրաւունքը չունինք մաշեցնող, թուլակամ եւ մանաւանդ բեւեռացնող ու երբեմն դէպի նահանջ առաջնորդող անցեալով ապրելու, ընկրկող անտարբերութեամբ ճահճանալու ու մեկուսացած ինքնաբաւութեամբ մնալու թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութեանց հանդէպ։ Մանաւանդ, որ ներկայ ԱԲ-ն արհեստագիտութեան կարողութիւնները սրարշաւ յառաջխաղացքի մը գոյավիճակին մէջ են՝ կ՛ուղղուին դէպի գերկատալերագործում։
- ԱԲ-ն ալկորիթմերու շնորհիւ հակադրուող երեւակայութիւնն ու բանականութիւնը, տեղ մը կը համադրուին։ Ծրագրուած ԱԲ-մբ երեւակայութեան ստեղծագործող ու սլացք տուող կարողութիւնը իրագործելի ու այժմէական հնարքի կը վերածուի։ Նոյն դիտարկումով արժէ այդ ոլորտին մէջ փնտռել մեր տագնապներու ելքերը, նոր ու լուսատու անցքերն ու լուծումները, հնարամիտ լուսանքներ պեղելու կարելիութիւնը։ Իմաստուն մարտավարութիւն է պատշաճիլ ԱԲ-ն արհեստագիտութեան, գիտակցութեամբ զայն իւրացնելով ծառայեցնելու՝ օգտաշատ, կշռադատուած եւ հեռատես ազգաշէն ծրագիրներ իրականացնելու։
- Այսօր սփիւռքը զառիթափի վրայ է, սփիւռքահայ ենթակառոյցներու արժէհամակարգի ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ վերանորոգումը, վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը աւելի քան հրատապ հրամայականներ են։ Խորթութեան համազօր վերաբերմունք է ժամանակակից նոր որակ չստեղծելը, տեսլական չունենալը կամ չարտօնելը։ Անհրաժեշտ կարիքը ունինք այս բոլորին ուղղութիւն տուող բարոյական՝ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու վերակենսագործման։ Կենսական է ԱԲ-ն յարուցած վերափոխումները դիմակայել եւ յաղթահարել ԳԻՏԱԿԱՆԱՑԱԾ եւ շրջախոհ պատրաստուածութեամբ:
- Նախորդ ենթավերնագիրներու մէջ ներկայացուած հիմնական մտածումներուն ու առաջադրանքներուն սլաքներով ու մեր կշռադատուած պատասխաններով պիտի կարողանանք օգնել՝ ոչ միայն ի՞նչ ընելու, այլ ինչպէ՞ս ընելու հարցականներուն:
ԱԲ-ը սփիւռքահայ արժէհամակարգին մէջ իմաստաւորելու համար, փորձենք մտածել՝ ի՞նչ գործնական որոշումներ պէտք է առնուին անմիջապէս, ի՞նչ միջոցներով պիտի լուծուին ելքերու ընտրանքները եւ տարբաղադրումը, եւ մանաւանդ հայ ազգի ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ գերհրամայականը երաշխաւորելու համար՝ ի՞նչ արժէքներու առաջնահերթութեամբ պիտի ծրագրուին ու գործադրուին թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութիւններով շրջապատուած մեր ներկայ դարուն մէջ։
Փրոֆ․ Արա Սայեղ
Լեհաստան
[1] https://www.aztagdaily.com/archives/560632
[2] https://www.aztagdaily.com/archives/560853
[4] https://www.aztagdaily.com/archives/607781
[5] «Հասկ» Ամսագիր ՀԳ տարի «Օգոստոս 2004», էջ 541-602․
Տեղադրուած գեղարուեստական նկարները պատրաստուած են՝ հեղինակին առաջադրանքներով եւ ԱԲ-ն օժանդակութեամբ ։