Անուանի սոփրանոյ Անոյշ Յովհաննիսեանի և երգիչ-դաշնակահար Սեմ Ճիւիսընի վերոգրեալ խորագրով համերգը տեղի ունեցաւ “Ազատական Կուսակցութեան Տէյվիտ Լոյտ Ճարճ սրահին մէջ“, որ կը գտնուի Թամզ գետի եզերքին։ Տ․ Լ․ Ճորճ եղած է Մեծն Բրիտանիոյ Վարչապետը 1916-1922 թուականներուն։ Ան բարձրագոյն պաշտօնի վրայ գտնուող առաջին ոչ-հայ անձերէն մէկը եղած է, որ ճանչցած է “ամբողջ հայ ցեղին տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը Երիտասարդ Թուրքեռու կողմէ “։
Նախախնամական զուգադիպութեամբ մը, նստած էի Տ․ Լ․ Ճորճի անունը կրող այս գեղեցիիկ տախտակադրուագուած սրահին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարեդարձէն շաբաթ մը առաջ։
Համերգը նուիրուած էր ամերիկեան երաժշտութեան “ոսկեշրջանին“, մեծարանքի արտայայտութիւն մը՝ երաժշտական թատրոնի նորահնար վարպետներուն, որոնք ի մի հաւաքեցին օփերայի և օփերեթայի՝ ինչպէս նաև ժողովրդական երաժշտութեան և ճէզի աւանդութիւնները։
Կրկնելով Արքայական Օփերայի մէջ 2024 Յունուարին տեղի ունեցած նոյն համերգը, որուն տոմսերը հարիւր տոկոսով վաճառուած էին, համբաւաւոր սոփրանոյ Անոյշ Յովհաննիսեանն ու երգիչ-դաշնակահար Սեմ Ճիւիսընը առինքնեցին ունկնդիր հանդիսականները, բացառիկ երգեցողութեամբ ու մեկնաբանութեամբ կատարելով շարք մը երգահաններու սիրուած ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս Ռիչըրտ Ռոճըրզ, Լենըրտ Պըրնըսթայն, Էրիկ Վուլֆկենկ Քորըն Կոլտ, Ճորճ Կեշուին, Ֆրետրիկ Լոյ և Քոլ Փորթըր (Richard Rogers, Leonard Bernnstein, Eric Wolfgang Korngold, George Gershwin, Frederic Loewe and Cole Porter)։
Ինծի համար մենաշնորհ մըն էր գտնուիլ նման մտերիմ շրջապատի մը մէջ (շուրջ 120 ունկնդիր-հանդիսատեսներ ներկայ էին համերգին), Անոյշ Յովհանիսեանի և Սեմ Ճիւիթսընի որակով արուեստագէտներու հետ, որոնք կատարեցին մեներգներ և զուգերգներ։
Կարգ մը երգերու կատարման աւարտին, արուեստագէտները իրենց կարծիքը յայտնեցին՝ ինչպէս նաև հաղորդեցին հետաքրքրական տեղեկութիւններ անոնց մասին։
Անոյշ ներկաները զուարճացուց պատմելով Սեմի հետ իր առաջին հանդիպման մասին Իտալիոյ մէջ, քանի մը տարի առաջ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Չելսի Ծաղկահանդէսին համապատասխան՝ Իտալական ծաղկահանդէսի մը մէջ, ուր շատ մը կիներ, «այս սրահին մեծութեամբ» ծաղկազարդ գլխարկներ հագած էին։
Այսօր, հասկնալի պատճառներով Անոյշ վախի մէջ էր, տրուած ըլլալով որ, կամքէ անկախ պատճառներով Սեմն ու ինք համերգէն առաջ փորձ չէին կրցած ընել։ Երգչուհիին անձկութիւնը աւելի ևս շեշտուեցաւ, երբ ան այս անգամ Սեմը տեսաւ․ “Հիմայ Սեմը 12 տարեկանի կը նմանի, իսկ այն ատեն․ 9 տարեկանի տեսք ունէր,“ դիտել տուաւ Անոյշ, չարաճիճի և խայթող ծիծաղով մը։
Անոյշն այն նախզգացոմն ունէր, որ երեկոն աղետալի վերջ մը պիտի ունենար․․․: Սեմ վստահեցուց երգչուհին, որ ինք փորձառու Երգիչ-դաշնակահար մըն էր, լրիւ գիտակից և կարող՝ դաշնամուրով ընկերակցելու երգչուհիին։
Դատելով արդիւքէն՝ Սեմը ճիշտ էր։ Երեկոն պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ․․․։ Անոյշ Յովհանիսեան և Սեմ Ճիւիսըն առինքնեցին ունկնդիր հանդիսականները։
Երբ Անոյշ Յովհաննիսեան պատմութիւն մը պատմէ՝ կամ երգ մը երգէ՝ կը շլացնէ ունկնդիրը իր ջերմութեամբ և վաւերականութեամբ։ Ան կախարդիչ ներկայութիւն մը ունի, մասամբ անոր համար, որ միշտ կը մնայ հարազատ
իր կերպարին, երգեցողութեան ամբողջ ընթացքին, մասամբ ալ անոր համար՝ որ ան իր սիրտն ու հոգին կը դնէ իւրաքանչիւր կատարման մէջ։
Անոյշ, “Մենք սիրահարուած ենք “ երգը կատարեց յուզումով, թովչանքով և պահանջուած երգիծանքով։ Ան “Ուեսթ սայտ ստորի”էն (West side story) պալքոնի տեսարանը ներկայացուց յուզումով և կիրքով։ Անոր “Պալի Հայ “ (“Bali Hai“) երգի կատարումը (“South Pasific”) կախարդիչ և խորհրդաւոր երանգ մը ունէր․․․։ Անոյշ կատարած միւս երգերը կը յորդէին հմայքով, ուրախութեամբ, ցաւով և վշտով, ըստ երաժշտութեան պահանջին։
Անոյշը բազմակողմանի յուզում և հոգեվիճակ ապրելու և զանոնք իր ունկնդիրներուն հաղորդելու բացառիկ տաղանդով օժտուած արուեստագիտուհի մըն է։ Ան կրնայ յօնքերու շարժումով մը, չարաճիճի ժպիտով մը, ուսերու տարբեր դիրքաւորումով մը, շրջազգեստի ալիքաւորելով մը, խորունկ ախ-ով մը, իրեն յատուկ քրքիջով մը։ Անոյշը կարողութիւն ունի մանաւանդ՝ ունկնդրի մը սրտին դպչիլիլ իր հարուստ, թաւշիայ, գունագեղ, կախարդիչ, բայց միշտ յուզիչ ձայնով։
Կարինէ Կիւզելեան
Լոնտոն, Ապրիլ 2024
հատուկ ՕՐԵՐի համար