Հարցում. Շնորհազարդ տնօրէնուհի, այսօր Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն վարժարանը կը համարուի Լիբանանի հայութեան եւ Լիբանանի լաւագոյն կրթական հաստատութիւններէն մէկը՝ ամէն առումով: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք ձեր յաջողութեան գաղտնիքը:
Պատասխան. Մեր ջանքը միշտ եղաւ կրթական մակարդակը բարձր պահել: Այն պահելու եւ իրագործելու համար, ուսուցչական զօրաւոր կազմ ունինք տարիներու ընթացքին: Անոնք որակաւոր, համալսարանական եղած են (Bacheler, Master, PhD), իւրաքանչիւր նիւթ եւ բաժանմունք իր պատասխանատուով: Դպրոցին մէջ ունինք 3 հոգեբաններ եւ հիւանդապահուհի: Այնպէս որ բոլոր գործերը բաժնուած են եւ կը հաւատամ որ մէկ անձ բան մը դի կրնար ընել. պէտք է իւրաքանչիւր բաժանմունք եւ նիւթ իր պատասխանատուն ունենայ, որպէսզի աշակերտներուն կարիքներուն հասնինք: Փափաքս այդ է, որ աշակերտին զգացական վիճակները նկատի առնենք, ընտանեկան պարագաները, հոգեկան ներաշխարհը: Որովհետեւ աշակերտ մը, որ ուրախ եւ հանգիստ չէ, պիտի չկրնայ դասերուն հետեւիլ, կեդրոնանալ: Այնպէս որ մենք կ’առնենք աշակերտը որպէս ամբողջութիւն՝ հոգեկան, հոգեւոր, ֆիզիքական, մտային եւ կը ջանանք այդ կարիքներուն հասնիլ որքան որ կարելի ըլլայ իրագործել: Քանի մը տարի առաջ, նաեւ կարիքը զգացինք որ դիմենք ամերիկեան կազմակերպութեան մը accreditation-ի պատասխանատուին եւ իրենք՝ Middle East State of Accreditation organization-ն էին, որոնք նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի accreditation տուած են: Հոն դիմեցինք, երկու տարիներ աշխատեցանք եւ փառք Աստուծոյ, ստացանք այդ Accreditation-ը, որ դպրոցը լաւ մակարդակի վրայ է: Անշուշտ, այս մէկ անգամ առնելով չ’ըլլար, պէտք է նորոգուի եօթը տարի ետք եւ ամէն ինչ որ իրենք կը պահանջեն, պէտք է ամբողջացնենք, շարունակելով դպրոցը աւելի լաւ վիճակի մէջ պահել:

Հարցում. Ինչպիսի՞ն են ձեր ծրագիրները 2026-2027 տարեշրջանին համար, մանաւանդ որ ակնառու նուաճումներու հասաք, կրթութեան, գիտութեան եւ մանաւանդ մարզական կեանքի բնագաւառներուն մէջ, ուր կը համարուիք Լիբանանի յառաջատար վարժարաններէն մէկը:
Պատասխան. Մեզի համար մարզական կեանքը շատ կարեւոր է: Երիտասարդները կը սիրեն խաղալ, մրցումներու մասնակցիլ: Այդ մարզական կեանքը իրենց մէջ կ’աճեցնէ մրցակցութեան ոգին, յաղթելու, պարտուելու ուրիշ խումբերու հետ շփում ունենալու: Այդ բոլորը կը ճոխացնեն իրենց կեանքերը: «Լեվամ»ի մրցումներուն կը մասնակցինք եւ շատ լաւ արդիւնքներու կը տիրանանք նաեւ ոչ-հայկական շրջանակներու հետ կը շփուինք եւ ինչ որ մրցումներ կը կազմակերպեն՝ անոնց ալ կը մասնակցինք: Աշակերտները յարաբերութիւն կ’ունենան ուրիշ համայնքներու իրենց տարեկիցներուն հետ, ուրիշ աշակերտներու հետ, որպէսզի իրենց փորձառութիւնը կը հարստանայ եւ աւելի բարձր մակարդակի վրայ կը հարստացնեն իրենց կեանքը: Նաեւ հիմա, Կրթութեան նախարարութիւնը նոր յայտագիրներ կը հաստատէ եւ կը ցանկանանք անոնց համար պատրաստուիլ՝ ուսուցիչներու եւ պատասխանատուներու մակարդակով, որպէսզի հասկնան թէ ի՞նչ են այդ ծրագիրները եւ յայտագիրները: Այն կը կիրարկուի դպրոցէն ներս՝ տարբեր բաժանմունքներու մէջ: 12-րդ դասարանին մէջ 6 տարբեր բաժանմունքեր պիտի ըլլան եւ մինչեւ 2030 թուական, կարողանանք այս բոլորը կիրարկել դպրոցէն ներս:
Հարցում. Իսկ ինչպիսի՞ն են ձեր պատգամն ու ցանկութիւնները, ուղղուած Լիբանանի հայութեան եւ անոնց, որոնք կը ցանկանան իրենց զաւակները ուղարկել այս յարգալից կրթական հաստատութիւն:
Պատասխան. Ուրախ լուր ունիմ, որ այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները ուղարկած են արաբական դպրոցներ անցեալ տարիներուն՝ սկսած են մեր մօտ գալ, տեսնելով որ հայ դպրոց մը կրնայ նոյն բարձր մակարդակի ուսում ջամբել: Անշուշտ գիտակից ենք որ լիբանանեան մեծաթիւ ուսումնական մեծ հաստատութիւններ կան, որոնք շատ մը առաւելութիւններ ունին: Երբ որ հայկական դպրոց կու գան, կը սորվին իրենց լեզուն, հայոց պատմութիւնը, գրականութիւնը, իրենց ինքնութիւնը կը կերտուի ազգային, բարոյական արժէքները այն ձեւով, որ պահպանուին եւ անոր կ’անդրադառնան հայ ծնողները, քաջ գիտնալով որ այդ հա՛յ դպրոցին մէջ է որ պիտի կերտուի եւ ոչ թէ արաբական: Ասացուածք մը կայ, որ կ’ըսէ, թէ հողը կանաչ կ’երեւի ցանկապատէն անդին…: Այդ այնպէս չէ, այլ՝ կանաչ կը մնայ երբ ջրուի: Մենք կը ջանանք որ մեր բոլոր աշակերտները դպրոցէն ներս ունենան բոլոր հոգատարութիւնը եւ ունենան առաջնորդութիւն՝ որպէսզի կարողանան համալսարաններու մէջ շարունակեն իրենց բարձրագոյն ուսումը: Հայկազեան համալսարանը մեր քոյր հաստատութիւնն է եւ մեր փափաքն է որ մեր աշակերտները հոն շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը, որ իր մակարդակը պահած է տարիներու ընթացքին. մեր փափաքն է նաեւ որ մեր աշակերտները յաճախեն ուրիշ կարեւոր համալսարաններ եւս, ուր ընդունուած են «կանուխ», բարձրագոյն ցուցանիշներով:
Կ’ապրինք նիւթապէս տագնապալի իրավիճակներու մէջ՝ 2019-էն ի վեր, երբ բնական կեանքը խաթարուեցաւ: Այնպէս որ մեր միութիւնը, դպրոցը, Հայ Աւետարանչական Միութիւնը, Ամերիկայի մէջ օգնութեան ձեռք երկարեց, որպէսզի կրթանպաստ յատկացնենք, որպէսզի ոեւէ մէկը դուրս չմնայ դպրոցէն, որովհետեւ կրթաթոշակը սուղ է: Մենք պատրաստ ենք օգնելու, որպէսզի անոնք իրենց կրթութիւնը ստանան այս վարժարանէն ներս, կրթանպաստ ունենալով: Հայ աշակերտը արժանի է որ նեցուկ ստանայ եւ ընդունուի այս վարժարանէն ներս:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ
orer.eu



