Զմմառու հայրերը Մատենադարանի տնօրէնին նուիրեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը

  • 24.07.2026
  • 0
  • 65 Views

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ` 22-24 Յուլիս 2026-ին, կայացաւ 3-րդ Հայագիտական միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին, ուր համախմբուած էին`

Աշխարհի 16 երկիրներու` առաջատար համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու մասնագէտներն ու հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ` այդ թուին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեանն ու փոխ մեծաւոր, թանգարանապետ եւ մատենադարանապետ` Գեր.Հ.Նարեկ Վրդ.Լուիսեանը։ Վերջինս երրորդ օրուայ նիստին ներկայացուց խնամքով պատրաստուած տեսանիւթ մը` կապուած Զմմառու ձեռագրական Հաւաքածոյին եւ Զմմառ-Մաշտոցեան մատենադարանի միջեւ գոյացած համագործակցութեան։

Գիտաժողովի օրակարգի հիմնական թեման` միջազգային դրամաշնորհային ծրագիրներն ու թուային գիտութիւնները եւ հայագիտութեան զարգացման նոր մօտեցումները:

Առանձին գիտական նիստ՝ նուիրուած էր` Մխիթար Սեբաստացիին։ 

Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 22-Յուլիսին, Մատենադարանի «Հրաչեայ Թամրազեան» դահլիճին մէջ, ուր ընթացք առաւ 

«Մէկ տարուայ յաւերժութիւնը -Գ. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումները» խորագրով ցուցադրութիւնը Մատենադարանի թանգարանին մէջ:

Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը սկսաւ` Վաչէ Շարաֆեանի «Հայաստան» երգով` «Հովեր» պետական քամերային երգչախմբի կատարողութեամբ: Երգը յետ այսու պիտի հնչէ որպէս Մատենադարանի պաշտօնական արարողակարգային քայլերգ։

Գիտաժողովի երկրորդ օրը` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն` Տիար Արա Խզմալեանն ու Զմմառու մեծաւորն ու փոխ մեծաւորը առանձին հանդիպում ունեցան։ Արդիւնաշատ հանդիպման աւարտին` Զմմառու հայրերը տնօրէնին նուիրեցին Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը, որ խոր յուզմունք պատճառեց ստացողին մօտ։

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում