Վերջին տարիներուն «Արեւմտեան Ազրպէյճան» անուան տակ շրջանառութեան մէջ դրուած թեզը պատահական քաղաքական կարգախօս մը կամ ժամանակաւոր քարոզչական նախաձեռնութիւն մը ըլլալէ աւելի, հեռու հորիզոններ վտանգող մտահոգութիւն մըն է։ Անիկա երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մէկ բաղադրիչն է, որ ուղղակիօրէն կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան,ազգային անվտանգութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն։
Այս հարցը ճիշդ պիտի չըլլայ դիտել միայն ներկայ քաղաքական զարգացումներու կամ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակադրութեան լոյսին տակ։ Խնդիրը շատ աւելի խոր է եւ շատ աւելի վտանգաւոր։ Երբ Հայաստանի տարածքները կը ներկայացուին իբրեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան», երբ միջազգային հարթակներու վրայ այդ պատկերացումը կը փորձուի աստիճանաբար արմատաւորել, հարցը այլեւս դուրս կ՛ելլէ պարզ քարոզչական արշաւի սահմաններէն, կը վերածուի Հայաստանի պետականութեան դէմ ուղղուած քաղաքական եւ գաղափարական սպառնալիք։
Տողերս չեմ գրած իշխանութիւնը քննադատելու եւ կամ ընդդիմութիւնը պաշտպանելու նպատակով։ Անիկա ծնունդ առած է համազգային մտահոգութենէ մը՝ այն համոզումով, որ Հայաստանի անվտանգութեան, սահմաններուն, գերիշխանութեան եւ ապագային վերաբերող հարցերը կը գերազանցեն կուսակցական բաժանումներն ու քաղաքական նախասիրութիւնները։ Այսպիսի փորձութիւններու առջեւ մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ է գերազանցել մեղադրանքներու շրջանառութիւնը եւ որդեգրել ազգային պատասխանատուութեան, սթափ դատողութեան ու հեռանկարային մտածողութեան ուղին՝ առաջնորդուելով ոչ թէ պահու զգացումներով, այլ ապագայի հրամայականներով։
Հետեւաբար, «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կոչուած ծրագրին վերաբերող հետեւեալ դիտարկումները կը ներկայացուին ոչ թէ քաղաքական պայքարի տրամաբանութեամբ, այլ հայ ժողովուրդի անվտանգ ապագայով մտահոգ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պատասխանատուութեան զգացումով։
Արցախի ողբերգութենէն անմիջապէս ետք,Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կ՚աշխատի միջազգային, շրջանային եւ ներքին տարբեր հարթակներու վրայ ամրապնդելու «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կոչուած քաղաքական հասկացութիւնը։ Երրորդ անգամ կազմակերպուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի խորհրդաժողովը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներուն Տան խորհրդաժողովը եւ անոնց շրջագիծին մէջ ներկայացուած զեկուցումները, յայտարարութիւններն ու նախաձեռնութիւնները անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ Պաքուի համար այս հարցը երկարաժամկէտ քաղաքական ծրագիրի մէկ բաղադրիչն է: Անոր նպատակն է պահանջի նոր հիմքեր ստեղծել Հայաստանէն:
Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, թէ Հայաստանի տարածքին վրայ գոյութիւն չունի «արեւմտեան ազրպէյճանցիներու վերադարձի» հարց եւ չի կրնար գոյութիւն ունենալ։
Սակայն մտահոգութեան զգացումը կը խորանայ հասարակութեան մէջ, որովհետեւ վերջին տարիներու ընթացքը, պաշտօնական հաւաստիացումները միշտ չէ, որ համապատասխանեցին հետագայ իրադարձութիւններուն եւ ձեւաւորուած իրականութեան։
2020-ի պատերազմէն առաջ իշխանութիւնները կը վստահեցնէին, թէ բանակցային գործընթացը կը շարունակուէր ընդունելի հիմքերու վրայ։ Պատերազմէն ետք Հայաստան ընդունեց այնպիսի իրավիճակ մը, որ ամբողջովին փոխեց նախկին բանակցային տրամաբանութիւնը։
Երկար ժամանակ կը յայտարարուէր՝ Արցախի կարգավիճակը կը մնար հայկական դիւանագիտութեան առանցքային նպատակներէն մէկը։ Սակայն հետագային Հայաստանի ղեկավարութիւնը հրապարակաւ ընդունեց Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառելով նաեւ Արցախը։
Տարիներ շարունակ կը շեշտուէր, թէ Հայաստան երբեւիցէ չէր քննարկեր տարածքային նոր զիջումներ։ Սակայն սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն, սկսան քննարկուիլ նախկին խորհրդային քարտէսներու հիման վրայ տարբեր տարածքներու պատկանելիութեան հարցեր։
Յատկապէս այսպէս կոչուած մեկուսացած տարածքներու (անկլաւներու) խնդիրը լաւ օրինակ մըն է։ Երկար ժամանակ պետական մակարդակով կը ներկայացուէր, թէ օրակարգի վրայ գոյութիւն չունէր նման հարց։ Սակայն հետագային հրապարակային քննարկումներ տեղի ունեցան Տիգրանաշէնի եւ նախկին խորհրդային այլ մեկուսացած տարածքներու (անկլաւներու) շուրջ։ Այսօր, իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ հարցը կը մնայ առկախ, սակայն միաժամանակ չեն բացառեր ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին նման հարցերու քննարկումը։
Նոյն պատկերը կարելի է տեսնել ճանապարհներու, հաղորդակցութիւններու եւ սահմանային կարգաւորումներու պարագային։ Այն, ինչ երէկ կը ներկայացուէր անընդունելի պահանջ, այսօր կը դառնայ բանակցային քննարկման առարկայ։
Ահա թէ ինչու բնական է որեւէ հայու մտահոգութիւն, երբ հարցը կը վերաբերի հայրենիքի, ազգային արժէքներու եւ ապագայի ճակատագրական խնդիրներուն։
Աւելի մտահոգիչ է այն հանգամանքը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն խօսիլ տարածաշրջանի խաղաղութեան, դրացնութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, սակայն չեն պահանջեր, որ Ազրպէյճան պաշտօնապէս հրաժարի «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի անհեթեթութենէն:
Հայաստան առնուազն բարոյական իրաւունք ունի իր դրացիին բարձրաձայնելու Պաքուի, Կիրովապատի եւ Սումկայիթի շուրջ երեք հարիւր հազար հայութեան ճակատագիրը։
Երբ այսօր իբրեւ նոր օրակարգ կը ներկայացուին որոշ հարցեր, անհրաժեշտ է թշնամիին յիշեցնել անցեալի չլուծուած էջերը եւ պատասխան պահանջող մարդկային ողբերգութիւնները։
Առ ի գիտութիւն, անհրաժեշտ կը նկատեմ յիշեցնել հետեւեալը. ութսունական թուականներու վերջաւորութեան Հայաստանէն կամաւոր հեռացող ազերիներուն պարագային, նախաձեռնուեցան կառավարական մակարդակով համապատասխան կարգադրութիւններ։ Անոնք հատուցում ստացան եւ օրինական հիմքերով տնօրինեցին իրենց կալուածներուն ճակատագիը: Վաճառեցին ապա՝ մեկնեցան Ազրպէյճան։
Խաղաղութիւնը չի կառուցուիր միակողմանի զիջումներով։ Ան կը պահանջէ փոխադարձ պարտաւորութիւններ։ Ազրպէյճան պարտի հրաժարիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնող «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի քաղաքական կեղծ օրակարգէն։
Այս պայմաններուն մէջ այլեւս համոզիչ չեն Հայաստանի իշխանութիւններուն պարզ հերքումները, «հայելային» ինքնարդարացումներ: Հանրութեան իրաւունքն է պահանջել քաղաքական եւ դիւանագիտական յստակ քայլեր, որպէսզի կանխուի Հայաստանի նկատմամբ հերթական պահանջներու ձեւաւորումը։



