Պատասխանելով մեզի Ուղղուած Բազմաթիւ Հարցումներուն, Յստակացում՝ Աւանդապահ Ռ.Ա.Կ.եան Անդամակցութեան Անունով

  • 04.06.2026
  • 0
  • 89 Views

Facebook-եան սովորական անհակակշիռ, այլազան գրութեանց շարքին, տեղեկատուութիւններ կը շրջին թէ Մայիս ամսուայ վերջին շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ, քանի մը տասնեակ անձերէ կազմուած խմբակ մը հաւաքոյթներ ունեցած է, որոնք կը ներկայացուին որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Պատգամաւորական ժողովի  նիստեր»: Այս պարագան հասկնալիօրէն շփոթ մը ստեղծած է յատկապէս Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ազգային լուրջ հարցերով մտահոգ եւ անոնցմով առնչուող, նոյնքան լուրջ շրջանակներուն եւ անհատ ազգայիններու մօտ, քանի որ այս վերջինները նկատած են այդ  «պատգամաւորական ժողովներ» էն տարածուած նկարներուն մէջ պատգամաւորի հանգամանք ունենալու յաւակնութիւն ունեցողներուն շարքին, ամբողջական բացակայութիւնը բոլոր այն ազգայիններուն որոնք բազմածանօթ եւ բազմավաստակ անձնաւորութիւններն են որոնք տարիներու ընթացքին ընդհանուրին ծանօթ են իրենց կատարած հետեւողական, որոշիչ, շարունակական եւ անխոնջ գործունէութիւններով որպէս հարազատ դրօշակակիրները ազգանուէր հրաշալի աւանդութիւն կերտած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

Հասկնալի է այս շփոթը եւ նաեւ շատ դիւրաւ բացատրելի է ան: Հետեւաբար անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ կարճ բացատրողականը կատարել վերյիշեցնելով նաեւ թէ առաջին անգամը չէ դժբախտաբար, որ անպատասխանատու եւ անպարկեշտ այս դերը կատարող նոյն խմբակը, Ռ.Ա.Կ.եան կանոնագրութեան կոպիտ խախտումը կատարելով կը շարունակէ աւելի եւս շփոթեցնել ազգային արդէն իսկ խիստ խռոված մթնոլորտը, եւ ահա ժամանակ առ ժամանակ՝ օգտուելով մանաւանդ Facebook-ի անկաշկանդ ազատութենէն, կը ձեռնարկէ այսպիսի անվաւեր եւ հետեւաբար բոլորովին ապօրինի հանդիպումներ, որակելով զանոնք իբրեւ «պատգամաւորական ժողովներ»:

          Ուրեմն այսու կը վերյիշեցնենք թէ հրաշալի անցեալ ունեցող եւ ազգակերտ պանծալի  իրագործումներով ծանօթ՝ Տամատեաններու, Թէքէեաններու եւ անոնց նմաններուն ոգիով առաջնորդուած Ռ.Ա.Կ.իւնը, դժբախտաբար աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր կորսնցուցած է իր յայտնի պաշտօնական ծրագիր կանոնագրով նախատեսուած եւ շատ յստակ կերպով բնութագրուած կառոյցը: Այս մասին մեր մամուլին մէջ երեւցած են բազմաթիւ բացատրական յօդուածներ: Պարզապէս կարելի չէ այստեղ վերարտադրել այդ լայն գրականութիւնը:

          Բնականաբար խիստ ցաւալի է այս իրականութիւնը, որուն հետեւանքով տարիներէ ի վեր, կանոնագրով նախատեսուած՝ անդամակցութեան, ակումբային, շրջանակային, եւ ի վերջոյ կեդրոնական մարմիններու կանոնաւոր գործունէութիւնը գործնապէս դադրած է: Հետեւաբար անվիճելիօրէն, այս պայմաններուն տակ, կանոնաւոր պատգամաւորական կառոյց պարզապէս գոյութիւն չունի:

          Բազմաթիւ անգամներ լուրջ փորձեր կատարուեցան եւ այսօր եւս լուրջ եւ վաստակաշատ կուսակցականներ կը ջանան լուրջ ջանքերով վերահաստատել բարեփոխուած սակայն օրինաւոր կառոյց մը որպէսզի մեր պանծալի կուսակցութեան յառաջիկայ գործունէութիւնը վերադառնայ բնականոն օրինաւոր վիճակի:

Մինչ այդ աւանդապահ եւ բազմատասնեակ տարիներու իրենց ազգանուէր գործունէութեամբ ծանօթ կուսակցական ընկերներ կը ջանան առաւելագոյն չափով վառ պահել Ռ.Ա.Կ.եան աւանդական ազգանուէր եւ ազնուագոյն ոգիով գործունէութիւնը, շնորհիւ մանաւանդ ընդհանուրին յարգանքը վայելող Ռ.Ա.Կ.եան հայատառ եւ անգլիատառ լայնատարած իր մամուլին, եւ գործակցաբար Ռ.Ա.Կ.եան ներշնչումով գործող Թէքէեան Մշակութային Միութեան լայնատարած գործունէութեան:

Եզրակացնելով այս հակիրճ ակնարկը, այժմ կը վերադառնանք մեզ ուղղուած հարցադրումներուն՝ Մայիսի վերջին շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այդ ժողովներու բնոյթին մասին: Անգամ մը եւս բացայայտուած օրինական այս տուեալներուն վրայ հիմնուելով, կը  հաստատենք եւ յստակօրէն կը  յայտարարենք թէ Ռ.Ա.Կ.եան օրինական կառոյցներուն ներկայի բացակայութեան հետեւանքով, վերոյիշեալ Մայիս ամսուայ վերջին շաբաթավերջին հաւաքներուն մէջ պարզապէս չիկայ ոչ իսկ մէկ օրինաւոր պատգամաւոր: Աւելորդ է աւելի մանրամասնել այդ հանդիպումներուն իւրաքանչիւր մասնակցողին բոլորովին ինքնակոչ բնոյթը:

Հետեւաբար այդ հաւաքները չունին ոչ մէկ օրինական հանգամանք: Հետեւաբար նաեւ, արդէն իսկ այդ փոքր խումբէն մէկ կէսին ինքզինքին Կեդրոնական Վարչութեան հանգամանք տալու խեղճ փորձը եւս չունի ոչ մէկ հանգամանք:

 Մենք որպէս աւանդապահ Ռ.Ա.Կ.ականներ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ բարձր կը պահենք Ռ.Ա.Կ.եան հարուստ աւանդութեամբ ներշնչուած մեր գործունէութիւնը ի նպաստ մեր Ազգային գերագոյն շահերուն:

Կը կրկնենք ամենալն դէպս, թէ ինչպէս մենք անցեալին եղանք նախաձեռնողները, անգամ մը եւս պատրաստ ենք լուրջ փորձ մը եւս  կատարելու, եւ առանձնապէս լուրջ վաստակաշատ կուսակցականներու ջանքերով, վերահաստատել բարեփոխուած սակայն օրինաւոր կառոյց մը, որպէսզի մեր պանծալի կուսակցութեան յառաջիկայ գործունէութիւնը վերադառնայ բնականոն օրինաւոր վիճակի:

Ռ.Ա.Կ.եան Աւանդապահ Անդամներ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում