Վարդգէս Մահտեսեանը կրկին հռչակվել է Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ

  • 07.05.2026
  • 0
  • 49 Views

Այսօր, Հինգշաբթի, 7 Մայիս 2026-ին, կ․ե․ ժամը 1։30-ին Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Յանձնակատարին կողմէ Վարդգէս Մահտեսեան իբրեւ անմրցակից միակ թեկնածուն՝ Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ հռչակուեցաւ Ներկայացուցչական Տան յառաջիկայ 2026-2031 նստաշրջանին համար։

Ջերմորեն շնորհավորում ենք։

Հիշեցնենք, որ նա նախապես ներկայացրել էր հետեւյալ ծրագիրը.

Թեկնածութիւն Յառաջիկայ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Սիրելի Գաղութի Անդամներ,

Վերջին քսան տարիներուն պատիւը ունեցայ անկողմնակալ, արդար եւ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ իմ ծառայութիւնս մատուցանելու Կիպրահայ գաղութին, իբրեւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Կիպրոսի Խորհրդարանէն ներս։

Այժմ, առաջնորդուելով ժողովրդական փափաքէն եւ քաջալերանքէն առանձնաշնորհումը կը զգամ անգամ մը եւս ներկայացնելու թեկնածութիւնս Մայիս ամսուան մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:

Ընտրուելու պարագային կը խոստանամ նոյն թափով եւ նուիրումով գլխաւորել ջանքերս արդարացնելու համար Ձեր վստահութեան քուէն, ի խնդիր գաղութիս գերագոյն շահերուն եւ իրաւունքներուն պահպանման։

Շնորհակալութեամբ եւ յարգանօք՝

Վարդգէս Մահտեսեան

Ստորեւ կը ներկայացնեմ անցնող քսան տարիներու (2006-2026) գլխաւոր իրագործումներուս ցանկը:-

ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ 2006 – 2026

1. Առաջին օրէն Պետական Ներկայացուցիչի Գրասենեակը ունեցաւ իր լիաժամ

պաշտօնէութիւնը:

2. Խիստ անհրաժեշտ ՆԱՆՕՐ Հայկական մանկամսուրը հիմնուեցաւ, աշխատաւոր

ծնողներուն օգտակար հանդիսանալու համար։

3. Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսի պարբերական այցելութիւնները՝ Կիպրոս, օգնութիւն ընձեռելու Հայաստանէն ժամանած մեր հայրենակիցներուն:

4. Կրթաթոշակ հայթայթուեցաւ հայ ուսանողներու, երկրորդական կամ բարձրագոյն ուսման կարիքներուն համար:

5.Պատրաստուեցաւ Կիպրահայ գաղութի պատմութիւնը ներկայացնող գիրքը, որուն բովանդակութիւնը օգտագործուեցաւ Կրթական Նախարարութեան կողմէ, պետական վարժարաններու Կրթական Ծրագրի գործադրման մէջ:

6. Դիմատետրի պաշտօնական նոր էջ մը բացուեցաւ, «Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի Ներկայացուցչական Տան Անդամ» խորագրով։

7. Նարեկ Վարժարաններու շրջանաւարտներու եւ ընկերակցող ուսուցիչներու տարեկան դէպի Հայաստան 15 օրուան կրթական այցելութեան թռիչքի եւ կեցութեան ամբողջական ծախսերը հոգացուեցան Պետական Ներկայացուցիչի գրասենեակէն։

8. Կազմակերպուեցան կրթական ներկայացումներ նիւթ ունենալով՝ Կուրծքի Քաղցկեղը, Ճամբու Ապահովութիւնը, Մոլութիւններու Կանխարգելումը, Սեռային Յարաբերութիւններու դաստիարակութիւնը։

9. Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան փակումէն ետք, երկրորդական այլ վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու կրթաթոշակի դրութիւն հաստատուեցաւ, միջնակարգի երեք տարիներուն համար։

10. Ներքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ Պահպանման Հրամանագիր ձեռք բերուեցաւ, ապահովելով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան զոյգ շէնքերու եւ Եղեռնէն ճողոպրած որբերու ձեռքերով տնկուած անտառի ծառերուն անձեռնմխելիութիւնը։

11. Ինիսուն հազար կիպրական ոսկի (€153.774 եւրո) ապահովուեցաւ Ներքին Գործոց Նախարարութենէն Լիտրա Բալաս Պանդոկի մօտ գտնուող Հայկական հին գերեզմանատան նորոգութեան եւ բարեզարդման համար։

12. Մայիս 2007-էն սկսեալ վերահաստատուեցաւ Մակարայ Վանքի տարեկան ուխտագնացութիւնը։

13. Սերտ գործակցութիւն տրուեցաւ UNDP-(Միացեալ Ազգերու Բարեզարդման Ծրագիր)-ի հետ, Նիկոսիոյ բռնագրաւեալ նախկին Ս․Աստուածածին Տաճարի եւ Վիքթորիա փողոցի ազգային կալուածներու վերանորոգման համար։

14. Հայկական եկեղեցիին պետութեան տարեկան յատկացումը 25,000 կիպրական ոսկիէն բարձրացաւ 60,000 եւրոյի, ինչ որ անփոփոխ մնացած էր 1998-էն ի վեր։

15. Այիոս Տոմեթիոս-ի Հայկական գերեզմանատունը այցելելու համար յատուկ արտօնագիր ապահովուեցաւ, շաբաթական դրութեամբ։

16. Հայկական Մշակոյթի տարածման եւ օտարներու ծանօթացման նպատակով՝, համբաւաւոր հայ երաժշտագէտներ հրաւիրուեցան Կիպրոս եւ ելոյթ ունեցան տեղական բեմերու վրայ, յիշելու համար մի քանին՝ «Արեւիկ», «Քադէնս», «Կոմիտաս» Քառեակ, Արա Գէորգեան եւ իր նուագախումբը՝ Կիպրոսի Սէնֆոնիք նուագախումբին հետ, «Հայաստան Բեմի Վրայ», ժողովրդական երգչուհիներ, Ինկա եւ Անոյշ Արշակեան քոյրեր։

17. Սկիզբ տրուեցաւ շաբաթական պարի փորձերու 6-12 տարեկաններու համար հիմնելով «Նանօր» պատանեկան պարախումբը։

18. Ամբողջական զօրակցութիւն ցոյց տրուեցաւ, Eurovision-ի երգի մրցաշարքին, հայկական մասնակցութիւնը քաջալերելու համար, երգիչներ Անտրէի (2006) եւ Էվա Ռիվասի (2010) ելոյթներուն։

19. Կիպրոսի Մարզական Միութենէն յատկանշական գումար մը ապահովուեցաւ հայ մարզիկներու մասնակցութեան համար՝ Երեւանի մէջ կայացող 4րդ, 5րդ եւ 6րդ Համահայկական խաղերուն։

20. Նաւապտոյտներ եւ աւազանի շուրջ հաւաքոյթներ կազմակերպուեցան, երիտասարդութիւնը քով-քովի բերելու նպատակով։

21. Պետական Ներկայացուցիչը եւ իր տիկինը տարեկան հիւրասիրութիւն կազմակերպեցին իրենց բնակարանին մէջ Կիպրոսի բոլոր վարժարաններու հայ շրջանաւարտներուն եւ Նարեկ Վարժարաններու ուսուցչակազմին համար։

22. «Կիպրահայ Գաղութը» վաւերագրական Ժապաւէնը պատրաստուեցաւ ներառելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանի կրօնական, պատմական եւ մշակութային հնութիւններ ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատմական-մշակութային բնոյթ ունեցող կոթողներ եւ վայրեր։

23. Կիպրոսի Յունական թերթերու մէջ ամսական դրութեամբ լոյս սկսան տեսնել տեղեկատուական յօդուածներ մեր պատմութեան, մշակոյթին, կրօնքին ինչպէս նաեւ իբրեւ գաղութ մեր դարերու ներկայութեան կղզիէն ներս։

24. Կիպրահայ գաղութի պաշտօնական կայքը հաստատուեցաւ (www.cyprusarmenians.com).

25. Տասնամեակ մը շարունակ հրատարակուեցաւ «Լրատու» պարբերաթերթը գաղութը իրազեկ պահելով Պետական Ներկայացուցիչի ու իր Գրասենեակի զանազան գործունէութիւններէն եւ նախաձեռնութիւններէն։

26. Պետական Ֆինանսաւորում ապահովուեցաւ նորոգելու համար Առաջնորդարանի,

Հ․Մ․Ը․Մ․- Հ․Ե․Մ․-ի եւ Նիկոսիոյ Հ․Բ․Ը․Միութեան շէնքէրը։

27. Մասնակցութիւն՝ բազմաթիւ պետական այցելութիւններու, սէմինարներու, ժողովներու եւ այլ դիւանագիտական, կրօնական, համայնքային գործունէութիւններու, լաւագոյն կերպով ծառայելու՝ ընդհանուր առմամբ գաղութին շահերուն եւ ի մասնաւորի օգնութեան ձեռք երկարելու գաղութային կարիքներուն եւ մտահոգութիւններուն։

28. Խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններու զօրակցութեամբ ապահովուեցան կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն կարգավիճակի եւ իրաւունքներու բարելաւումը։

29. Տարեկան հանդիպումներով բանակ ուղղուող Կիպրահայ զինուորագրեալներու հայթայթուեցան շահեկան տեղեկութիւններ եւ ցուցմունքներ, բանակավայրերու ներքին կեանքին մասին։

30. Ազդեցիկ քայլերու միջոցաւ ապահովուեցաւ բանակի հայ զինուորներու զինուորական ծառայութիւնը կատարելու իր ապրած քաղաքի շրջանին մէջ։

31. Օգնութիւն տրուեցաւ գաղութի անդամներուն բնակարանի ապահովութեան համար, Cyprus Land Development–ի միջոցաւ։

32. «Տարեցներու Գիրքը» թարգմանուեցաւ հայերէնի, տպուեցաւ եւ բաշխուեցաւ գաղութի երէց անդամներուն յատկապէս կազմակերպուած հանդիպումի մը ընթացքին, իրազեկ դարձնելով զանոնք իրենց իրաւունքներուն մասին։

33. Ամէն Կաղանդի, այցելութիւն՝ Գալայճեան Հանգստեան տուն։

34. Ամէն Կաղանդի, այցելութիւն՝ հայ բանտարկեալներուն։

35. Ոչ Կիպրացի հայրենակիցներուն համար, ամենօրեայ միջամտութիւն կատարուեցաւ տեղական իշխանութիւններու մօտ, քաղաքացիութեան եւ կամ Կիպրոս մնալու արտօնագիրներու ապահովման համար։

36. Միջամտութիւններ կատարուեցան Ընկերային Ապահովութեան Կեդրոն, օգնելու համար այն ընտանիքներուն եւ կամ անհատներուն, որոնք դժուարութեան կը մատնուէին «Երաշխաւորեալ նուազագոյն եկամուտ» ձեռք ձգելու իրենց դիմումնագիրներուն մէջ։

37. Նիկոսիոյ Համալսարանէն ապահովուեցան երկու տարեկան կիսաթոշակներ երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ կիպրահայ ուսանողներու համար։

38. Նիկոսիոյ Նարեկ Վարժարանի Միջնակարգի եւ Նախակրթարանի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպուեցան այցելութիւններ դէպի Կիպրոսի Ներկայացուցչական Տուն եւ հանդիպում խորհրդարանի Նախագահին հետ։

39. Հանրայայտ մասնագէտներու մասնակցութեամբ՝ կազմակերպուեցաւ դասախօսական շարք մը, հետեւեալ նիւթերու շուրջ․ «Եւրոպական Նեցուկը Մեքենականութիւն: Ազդեցութիւն՝ Զարգացման եւ Գործունէութեան վրայ», «Երիտասարդներու անհրաժեշտ կարիքները յարմար գործ մը գտնելու ներկայիս» «Աշխատանքային ցուցմունքներ Եւրոպական Միութեան մէջ»։

40. Ոգեկոչման երեկոյ՝ նուիրուած Հրանդ Տինքի յիշատակին։ Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ գործակցութեամբ՝ Կիպրոսի Պետական Համալսարանին։

41. Կազմակերպուեցաւ բարեսիրական Համերգ մը, Սուրիահայութեան ի նպաստ, «Կ՛երգենք Ձեզի համար» խորագրով, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւն մը նիւթ ունենալով՝ «Մնալ կամ հեռանալ», դժուարին երկընտրանք մը Սուրիահայութեան համար։

42. Կազմակերպուեցաւ գեղանկարչական պաստառներու եւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, կիպրահայ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, նշելով՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան կողմէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ։

43. Ամբողջական համագործակցութիւն եւ օգնութիւն տրուեցաւ Կիպրոսի Պետութեան Լրատուական Գրասենեակին, «Կիպրոսի հայերը» գիրքին ՝ անգլերէն եւ յունարէն պատրաստութեան եւ տպագրութեան մէջ։

44. Ամբողջական համագործակցութիւն եւ օգնութիւն ընձեռուեցաւ Կիպրոսի Տեղեկատուութեան գրասենեակին « Կիպրոսի Հանրապետութիւնը եւ Կրօնական

Փոքրամասնութիւնները» գրքի պատրաստութեան եւ տպագրութեան մէջ։

45․Համակողմանի տեղեկութիւն եւ տեսողական նիւթեր հայթայթուեցան Հայաստանի

Հանրապետութեան կողմէ հրատարակուող Սփիւռքահայութեան վերաբերեալ

բազմալեզու հանրագիտարանի մը համար։

46․Գործակցութիւն եւ օգնութիւն՝ տրուեցաւ Կիպրահայ Գաղութի Ազգային Վարչութեան եւ

Համակիպրական գաղթականաց ընկերակցութեան՝ Ձվեթանա Բասքալեվայի

«Ղարաբաղի Վէրքերը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին առընչակից աշխատանք – (47 – 53)

47․Միաձայն վաւերացում, Կիպրոսի Ներկայացուցչական Տան կողմէ, թիւ 45(1) 2015,

օրինագծին, որով քրէական յանցանք պիտի նկատուի ընդհանուր առմամբ բոլոր

ցեղասպանութիւններու եւ ի մասնաւորի հայոց ցեղասպանութեան դրժումը։

48․Յիշատակի դրոշմաթուղթերու թողարկում, Կիպրոսի եւ Հայաստանի կողմէ, նիւթ

ունենալով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։

49․ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վկայութիւն լուսանկարներու եւ թերթերու միջոցաւ»

խորագրով յատուկ ցուցահանդէս մը սարքուեցաւ, Կիպրոսի Խորհրդարանի եւ

Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ, միասնաբար, գործակցութեամբ՝ Հայաստանի

Ցեղասպանութեան Թանգարանին։

50․ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Ոգեկոչման հանդիսութիւն մը կազմակերպուեցաւ

հովանաւորութեամբ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին զոր ներկայացուց

Արտաքին Գործոց Նախարար Իոաննիս Քասուլիտիս, իբրեւ գլխաւոր բանախօս։

51․Կիպրոսի Պետական Համալսարանին հետ միասնաբար կազմակերպուեցաւ

Դասախօսական երեկոյ մը, հիւր դասախօս՝ հանրածանօթ Թուրք պատմաբան եւ

հայկական Ցեղասպանութեան հետախոյզ Թանէր Աքչամ, նիւթ ունենալով «Հարիւր

տարի ետք, նոր երեւոյթներ Հայկական Ցեղասպանութեան»։

52․Կիպրոսի Սէնֆոնիք նուագախումբին կողմէ համերգներու շարք մը տեղի ունեցաւ

Նիկոսիոյ եւ Պաֆոսի մէջ, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին։

53․Հրատարակութիւն եւ ներկայացում երկլեզու (Յունարէն եւ Անգլերէն) գրքի մը, որ կը

բովանդակէ 1914-1923 կիպրայոյն մամուլի յօդուածները հայոց ցեղասպանութեան եւ

անոր նախորդող տարիներու Համիտեան ջարդերուն, Ատանայի ջարդերուն, Մեծ

Եղեռնին, ինչպէս նաեւ լուսանկարներու դասաւորում Ցեղասպանութեան Թանգարանի

հաւաքածոյէն։

54. Նախաձեռնուեցաւ հայերէն լեզուի դասընթացք՝ Կիպրոսի Համալսարանէն ներս։

55․Կիպրահայ Համայնքի նոր Թաղապետի նշանակումը ապահովուեցաւ։

56․ Համազգայինի ԱՆԻ պարախումբի փորձերուն համար ապահովուեցաւ Վարժարանի մը

սրահը եւ Հայերէն լեզուի դասընթացքներուն համար տեղւոյն նախակրթարանի մը

սրահը, Պաֆոսի մէջ։

57․Կիպրոսի Պետական Համալսարանին հետ գործակցաբար ներկայացուեցաւ

«Եղբայրական Ազգեր Փոթորիկի մէջ, հայեր ու յոյներ, Արեւելեան Հարցի Տագնապին մէջ

(1856-1914)» հեղինակ՝ Իոաննիս Ք․ Հասիոթիս։

58․Կազմակերպուեցաւ յատուկ համերգ մը, խմբավար Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակին,

Կիպրոսի Մելգոնեան «Սանուց եւ Բարեկամներ» Միութեան հետ գործակցաբար։

59․Նախագահական Պալատէն ներս տեղի ունեցաւ Կիպրահայ Գաղութի մշակութային

կեանքը վեր առնող ձեռնարկ մը ի ներկայութեան Հանրապետութեան Նախագահին եւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․Վեհափառ Հայրապետին։

60․Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Ցեղասպանութեան ոճիրը կանխարգելող եւ

դադրեցնող օրակարգով տեղի ունեցած համագումարին 70-ամեակին առիթով,

կազմակերպուեցաւ յատուկ ցուցահանդէս հայկական Ցեղասպանութիւնը փաստարկող

լուսանկարներով եւ օրաթերթերով։

61․Կիպրոսի խորհրդարանին հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ թատերական

ներկայացում մը «Անժէլ Քիւրտեանի Յուշատետրերը» խորագրով։

62․Կազմակերպուեցաւ երաժշտական Փառատօն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան150

Ամեակին առթիւ։

63․Covid-19 դէմ պայքարին, ապահովուեցան եւ ներածուեցան 50,000 բժշկական դիմակներ,

5000 դիմա-պաշտպաններ եւ 4000 արտազգեստներ։

64․Մարդասիրական օգնութիւն տրուեցաւ Լիբանանահայութեան, Պէյրութի

նաւահանգիստին ողբերգական պայթումէն ետք։

65․Արեւմտահայերէնի դասընթացքներ հաստատուեցան Կիպրական յայտնի երկրորդական

վարժարանէ մը ներս, հոն յաճախող հայ ուսանողներու համար, Կրթական

Նախարարութեան հետ գործակցաբար։

66․Պրն․ Ռոպէրթ Մէնէնտէս, Ամերիկացի Ծերակուտականը հիւրասիրուեցաւ

դասախօսական հաւաքոյթի մը, Կիպրահայ գաղութին համար։

67․Արցախի 44 օրուան պատերազմին վիրաւորուած զինուորներ հրաւիրուեցան Կիպրոս,

այցելեցին խորհրդարան եւ հանդիպում ունեցան խորհրդարանի Նախագահին հետ։

68․Կիպրոսի Կրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան ինչպէս նաեւ Պետական Ռատիօ

կայանին եւ Հեռատեսիլին հետ գործակցաբար, RIK 1 եւ RIK 2 կայաններէն յատուկ

յայտագրի ժամեր ապահովուեցան ներկայացնելով Կիպրահայ գաղութի պատմութիւնը,

մշակոյթը, սովորութիւնները, լեզուն, հաւատքի վայրերը եւ միութենական կեանքը։

69․Սթրովոլոսի Քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար հաստատուեցաւ «Կիպրոս –

Հայաստան Բարեկամութեան Այգի»ն, Արմենիաս Պողոտային սկիզբը։ Բացման

արարողութիւնը կատարեց Խորհրդարանի Նախագահ Անիթա Տիմիթրիու։

70․Աշխատանք տարուեցաւ Պաֆոսի մէջ բանալու «Հայոց Ցեղասպանութեան

Այգի»ն անոր կեդրոնը հաստատելով Յիշատակի Խաչքար մը։

71․Պետական Ներկայացուցիչին խնդրանքին վրայ, 225,000 եւրոյի մարդասիրական

օգնութիւն տրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան։

72․Կիպրոսի խորհրդարանի լիագումար նիստին աշխատանք տարուեցաւ ապահովելու

համար բանաձեւ մը որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի շարունակական

ոտնձգութիւնները Հայաստանի դէմ։

73․Յատուկ յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ պատրաստելու եւ հրատարակելու համար

եռալեզու (Յունարէն, Անգլերէն, Հայերէն) հատոր մը «Մելգոնեան Կրթական

Հաստատութեան Յուշամատեան» Խորագրով, Կրթական Նախարարութեան եւ

Տեղեկատուութեան գրասենեակին հետ գործակցաբար։

74․Արցախի պատերազմէն տեղահանուած եւ վիրաւորուած 30 պատանիներ (12-17

տարու) հիւրընկալուեցան Կիպրոս, 12 օր տեւողութեամբ։

75․Կարգադրուեցաւ 173,000 եւրոյի նպաստ մը, Կիպրոսի Հանրապետութեան կողմէ

Հայաստանի մէջ 10 կանաչ տուներու շինութեան, իբրեւ մշակման կեդրոն, Արցախի

պատերազմէն տեղահանուած ընտանիքներու համար։

76․Յատուկ օգնութիւն տրուեցաւ Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր

Դեսպանատան բացումին։

77․Կիպրոսի Կրթութեան Մարմնամարզի եւ Երիտասարդութեան Նախարարութեան

հովանաւորութեան տակ եւ գործակցութեամբ՝ Կիպրոսի Հետախուզական Կեդրոնի եւ

Բիւզանդական եւ Արդի Յունական դասըսնթացքներու բաժանմունքին, երկու տարուան

«Քարմելա» հետախուզական ծրագիրը առարկայացաւ անհատական հարցազրոյցներով,

գաղութի անդամներու յուշերով եւ փորձառութիւններով, հիմնելու համար Կիպրահայ

գաղութի պատմական բարքերու եւ սովորութիւններու ձայնային արխիւը։

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում