ՏՈՄԻՆԿՕ ՀԻՆՏՈՅԵԱՆ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ

  • 22.04.2026
  • 0
  • 46 Views

Յառաջիկայ Յուլիսէն սկսեալ, հայազգի Տոմինկօ Հինտոյեան պիտի ստանձնէ Լոս Անճէլըսի Օփերայի երաժշտական ղեկավարի պատասխանատու պաշտօնը՝ հինգ տարուան շրջանի մը համար։ Ան պիտի յաջորդէ խմբավար Ճէյմզ Քանլոնին։

Ո՞վ է Տոմինկօ Հինտոյեան։

Ան ծնած է Վենեզուելլայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ, 1980ին։ Իր հայրն է յայտնի ջութակահար Տոմինկօ Կարսիա, իսկ մայրը՝ յայտնի իրաւաբան Վիքի Հինտոյեան, որ ժամանակին Սուրիայէն գաղթած է Վենեզուելլա։

Տոմինկօ Հինտոյեան ասպարէզով եղած է ջութակահար՝ հօրը նման, սակայն իր ուսումը շարունակած է Huate Ecole de Musixue de Geneva-ի մէջ եւ տիրացած՝ Մագիստրոս արուեստից տիտղոսին։ 2019ին, Տոմինկօ Հինտոյեան գլխաւոր հիւր ղեկավարն էր Լեհաստանի Ազգային ձայնասփիւռի սէնֆոնիք նուագախումբին, իսկ 2020էն ի վեր ան եղած է գլխաւոր ղեկավարը Լիվըրփուլի Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին։

Խօսելով իր նշանակումին մասին, ան հետեւեալ ձեւով արտայայտած է իր զգացումները։ «Մեծ պատիւ կը զգամ ստանձնելու Լոս Անճելըսի Օփերայի երաժշտական ղեկավարի պաշտօնը։ Իմ առաջին քայլէն սկսեալ այդ խումբին հետ, ես զգացի զօրաւոր կապ մը՝ իմ եւ օփերայի տաղանդաւոր երաժիշտներուն եւ անոր նուիրեալ անձնակազմին հետ։ Ինծի համար առանձնաշնորհում մըն է յաջորդել մաէսթրօ Ճէյմզ Քանլոնը, որ Լոս Անճէլըսի Օփերան հասցուց ուժական (dynamic) եւ ապագայի հեռանկարով զինուած հաստատութեան մը։ Այն վայրկեանէն երբ ես մտայ Օփերայի շէնքը, ունեցայ զգացում մը՝ նպատակի եւ պատեհութեան նկատմամբ։ Մեծապէս խանդավառուած եմ միանալու այս համայնքին եւ իմ նպաստը բերելու՝ անոր գեղարուեստական վերելքին», կը յայտնէ հայազգի խմբավարը։

Աղբյուր՝ Նոր Մարմարա օրաթերթ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում