Զմմառու Ժառանգաւորները նշեցին «Հայոց լեզուի օրը»

  • 21.02.2026
  • 0
  • 295 Views

Շաբաթ, 21 Փետրուար 2026-ի, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մայրավանքի մէջ, մեծաւոր հօր` Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեանի եւ վարչական հայրերու ներկայութեամբ, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները նշեցին «Մայրենի լեզուի» տօնը։

Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականով, սաներու կատարողութեամբ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եղբ. Աբրահամ Արմենակ։

Ան նախ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ հայոց լեզուի կարեւորութեանը։

Ապա համանուն կրթօճախի տեսուչ` Գեր.Հ.Կարապետ Վրդ.Գլընճեան` իր հեղինակաւոր գաղափարներով ներկայացուց «Մայրենի լեզուի օրը»։

Ան հետեւեալ հարցադրումներով սկսաւ իր զեկոյցը, ըսելով` 

Ա- Ինչո՞ւ Մայրենի լեզու կ’ըսենք։

Բ- ինչո՞ւ Հայրենիք կ’ըսենք։ Սաներու պատասխանները ստանալէ ետք շարունակեց

«Որովհետեւ մայրը իր Հանապազօրեայ սնունդին հետ կը դաստիարակէ զաւկին, իր կենարար կաթին հետ` հայերէնով հայրենասիրութիւն կը փոխանցէ անոր, այսպիսով յառաջացած է մայրենի լեզուի գաղափարը։

Ուստի եկէ’ք Մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամենօրեայ մշտական տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ»: Տեսուչ հայր սուրբը հետեւեալ խօսքերը արտասանելէ ետք վեր առաւ այն գաղափարը, որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ՝ արժանի է խրախուսանքի, ըսելով` «Մայրենիին տէր կանգնիլ չի նշանակեր, որ այն խնամքով մեր տան կամ աշխատանքային վայրերու գրադարաններու մէջ պահել եւ օտարներուն առջեւ հպարտանալ Մեսրոպեան տառերու հանճարեղ գեղագիտական ու ոճային ինքնատիպ լուծումներով: Մայրենիին տէր կանգնիլ կը նշանակէ իւրացնել այն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով, տէր կանգնիլ կը նշանակէ՝ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը»:

Տեսուչ հօր զեկոյցին յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` եղբ.Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ հնչեց` «Ով մեծասքանչ դու լեզու» մեներգը։ Որմէ ետք, եղբ. Սեդրակ Աւետիսեան ասմունքեց՝ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը: 

Աւարտին խօսք առաւ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան։

Մեծաւոր հայրը` նախ անդրադարձաւ Զմմառու դպրեվանքի ունեցած ներդրմանը` հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներու շուրջ, ըսելով` «Պատմական հպանցիկ ակնարկն իսկ, բաւական է հասկնալու եւ գնահատելու այն մեծ աւանդն ու նշանակութիւնը, որ ունեցած է Զմմառու դպրանոցը հայ հաւատքի, Լեզուի եւ մտքի ծաղկման մէջ»:

Ապա շեշտը դրաւ Մայրենիի նահանջին հետ կապուած` սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մասին եւ զանոնք կանխարգիլելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներու լուծումներ առաջարկեց։

Միջոցառման աւարտին Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս.Սահակ Պարթեւի քանդակներուն մօտ` յիշատակի լուսանկար մը առնուեցաւ։ 

       Յակոբ Ժամկոչեան

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում