Ռամլեում բացվել է «Հայ եկեղեցի» փողոցը. Այսօր պատմական օր էր Ռամլեում, քանի որ Հայոց Ս. Գեւորգ վանք առաջնորդող ճանապարհը անվանվեց «Հայ եկեղեցի» անվամբ:
Երկուշաբթի, 12 Յունուար, 2026-ին, Իսրայէլի Ռամլէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի առաջնորդող փողոցի հանդիսաւոր եւ պաշտօնական անունակոչութիւնը եւ ցուցանակի քօղազերծումը։ Փողոցը անուանակոչուեցաւ «Հայ Եկեղեցի»։
Միջոցառումը կազմակերպուած էր Ռամլէի քաղաքապետարանին կողմէ՝ ներկայութեամբ քաղաքապետ Տիար Միքայէլ Վիտալի եւ աւագանիի անդամ՝ Տիար Մուսա Սապայի։
Անուանակոչութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան՝ ընկերակցութեամբ Ռամլէի Հայոց Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ․ Սուրէն Քահանայ Ղազարեանի։ Ներկայ էին նաեւ տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ Հայ համայնքի անդամներ։
Լուսանկարները՝ Meital Bubelil:
orer.eu



