Լոնտոնի Հայկական Ֆիլմի Միութիւնը (Armenian Film Society London) կը յայտարարէ բաց կանչ մը արեւմտահայերէն ֆիլմերու համար

  • 15.07.2026
  • 0
  • 6 Views

Առաջին անգամ ըլլալով, արեւմտահայերէնին նուիրուած ֆիլմերու յատուկ յայտագիր մը, ԿՏՈՐ ՄԸ ԵՐԻԶ, պիտի ցուցադրուի Լոնտոնի Հայկական Ֆիլմերու Փառատօնին (Armenian Film Festival London), որ պիտի ունենայ Լոնտոնի Institute of Contemporary Arts-ին մէջ, 3-էն 6 դեկտեմբեր 2026-ին։

Լոնտոնի Հայկական Ֆիլմերու Միութիւնը միջազգային բաց կանչ մը կը յայտարարէ արեւմտահայերէնով կամ արեւմտահայերէնի մասին ֆիլմերու համար, որոնք առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուին հեղինակաւոր Ժամանակակից Արուեստներու Հիմնարկին մէջ (ICA)՝ Լոնտոնի Հայկական Ֆիլմերու Փառատօնին։ Այս նախաձեռնութիւնը պիտի դառնայ փառատօնի մշտական բաժիններէն մէկը՝ շարժապատկերի արուեստին ընդմէջէն արեւմտահայերէնը ընկալելու որպէս ստեղծագործական լեզու։

Փառատօնի համահիմնադիր Տաթեւիկ Այվազյան կը նշէ․

«Արեւմտահայերէնը բանաստեղծներու եւ պատմասացներու, երգերու եւ կատակներու, յիշողութիւններու եւ երազներու լեզու է՝ որ կը խօսուի, կը գործածուի, կը սիրուի եւ կ՚արժեւորուի ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Մեր փառատօնին մէջ անոր մնայուն տեղ մը տալը, յատկապէս ICA London-ի նման հրաշալի վայրի մը մէջ, ուր հազարաւոր մարդիկ կը յաճախեն, լեզուին ա՛լ աւելի հնչեղութիւն պիտի տայ։ Ասիկա արեւմտահայերէնով ստեղծագործող բեմադրիչներու նաեւ պիտի տայ իրենց սեփական հարթակը եւ այն ճանաչումը որուն արժանի է իրենց աշխատանքը»։

Յայտագիրը պիտի ներկայացնէ ֆիլմեր, որոնք արեւմտահայերէնով են կամ կ՚ուսումնասիրեն արեւմտահայերէն լեզուն ու տարբերակները, գրականութիւնն ու մշակոյթը. ցուցադրութեան պիտի ընկերակցին բեմադրիչներու հետ զրոյցներ եւ կլոր սեղանի քննարկումներ։ Նախաձեռնութիւնը պիտի ներառէ հրատարակութիւն մը եւ փոտքասթի հաղորդաշար մը, որ կ՚ուսումնասիրէ արեւմտահայ շարժապատկերի պատմութիւնն ու արդի պատկերը, ինչպէս նաեւ հանրային վարպետաց դաս մը՝ արեւմտահայերէնով բանաստեղծական ֆիլմեր պատրաստելու մասին։

Ծրագիրը կը վայելէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութիւնը եւ նպատակ ունի հարթակ մը ստեղծել արեւմտահայերէնով ստեղծագործող բեմադրիչներու՝ միաժամանակ հանդիսատեսը ծանօթացնելով արեւմտահայ արդի ստեղծագործական դաշտին։

Ֆիլմերու ցուցադրութիւնը, հանրային քննարկումները եւ ստեղծագործական միջավայրի զարգացումը միաւորելով՝ նախաձեռնութեան նպատակն է շարժապատկերի միջոցով ընդլայնել արեւմտահայերէնի, անոր տարբերակներուն եւ զայն խօսողներուն բազմազան փորձառութիւններուն տեսանելիութիւնը, գործածութիւնն ու մշակութային արդիականութիւնը։

Բաց կանչը կը հրաւիրէ ամեն տեսակի, ոճի եւ տեւողութեան ֆիլմեր, որոնք պատրաստուած են 2021–2026 թուականներուն միջեւ. ֆիլմերը պէտք է ըլլան արեւմտահայերէնով, կամ ուսումնասիրեն արեւմտահայ լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը կամ ապրուած փորձառութիւնը։

Փառատօնը կ’ընդունի նաեւ բրիտանահայ բեմադրիչներու գործերը՝ միջազգային ձայներուն կողքին տեղական տաղանդներուն տեղ տալու համար, եւ ամրապնդելու Միացեալ Թագաւորութեան հայկական ստեղծագործական համայնքը։

Դիմումները բաց են մինչեւ 1 սեպտեմբեր 2026՝ FilmFreeway հարթակին միջոցով։

Ընտրանին պիտի յայտարարուի 2026-ի սեպտեմբերի կէսերուն։

Armenian Film Festival London-ը պիտի կայանայ Institute of Contemporary Arts (ICA)-ին մէջ, 3–էն 6 դեկտեմբեր 2026-ին։

FilmFreeway: https://filmfreeway.com/ArmenianFilmFestivalLondon

 Կարեւոր թուականներ

Դիմումներու վերջնաժամկէտ՝ 1 սեպտեմբեր 2026

Փառատօն՝ 3–6 դեկտեմբեր 2026

Ընտրանիի յայտարարութիւն՝ 2026-ի սեպտեմբերի կէս

 Համահիմնադիրներուն մասին

Կիրա Ադիբեկով մրցանակներ շահած համադրող եւ ֆիլմի արտադրող է, ինչպէս նաեւ Chevening կրթաթոշակի շրջանաւարտ՝ Roehampton համալսարանէն Film and Screen Cultures-ի մագիստրոսի աստիճանով։ Ան ծառայած է որպէս CICAE ժիւրիի անդամ՝ Berlin International Film Festival-ին, եւ մաս կազմած է GES-2-ի հիմնադիր թիմին՝ Renzo Piano Building Workshop-ի կողմէ նախագծուած մեծ բազմարուեստ կեդրոնի մը։ Ան համադրած եւ արտադրած է ծրագիրներ Whitechapel Gallery, ICA եւ Pushkin House հաստատութիւններուն մէջ, եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Film Lab մը TUMO – Creative Technologies Centre-ի մէջ՝ Հայաստան։ 

Տաթիկ Այվազյան մրցանակակիր գրող եւ ֆիլմի արտադրող է Rebel Republic Films-ի մէջ, եւ Armenian Institute-ի նախկին տնօրէնն է։ Ան արտադրած է Taniel բանաստեղծական ֆիլմը եւ Married to the Music երաժշտական վաւերագրական ֆիլմը. ներկայիս կ’աշխատի քանի մը լիամետրաժ նախագիծերու վրայ։ Տաթեւիկը նաեւ Wasafiri ամսագիրի Armenian Special Issue-ի համախմբագիրն է եւ International Armenian Literary Alliance-ի ու Azad Archives-ի վարչութեան անդամ։

Վայրին մասին

Institute of Contemporary Arts

Institute of Contemporary Arts (ICA)-ը Լոնտոնի ժամանակակից մշակոյթի առաջատար կեդրոնն է, որ կը պատուիրէ, կ’արտադրէ եւ կը ներկայացնէ նոր գործեր՝ ֆիլմի, երաժշտութեան, ներկայացումի եւ տեսողական արուեստներու բնագաւառներուն մէջ, մեր ժամանակներու ամենայառաջադէմ արուեստագէտներուն կողմէ։

The Mall-ի վրայ գտնուող իր նշանաւոր շէնքին մէջ ICA-ը կը կազմակերպէ փառատօններու, համերգներու, ցուցահանդէսներու եւ զրոյցներու բազմագիտակարգային յայտագիր մը, որ մարտահրաւէր կը նետէ անցեալին, հարցականի տակ կը դնէ ներկան եւ կը դիմագրաւէ ապագան՝ քաջալերելով արուեստի տարբեր ձեւերու հանդիպումն ու բախումը։

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում