Կյանքից հեռացել է եգիպտահայ անվանի ազգային ու մշակութային գործիչ Պերճ Թերզեանը

  • 22.12.2025
  • 0
  • 451 Views

ԳՈՅԺ

ՊԵՐՃ ԹԷՐԶԵԱՆ

(1938-2025)

Գահիրէի մէջ, Դեկտեմբեր 14-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ եգիպտահայ հասարակական-մշակութային գործիչ, ներհուն մտաւորական, հրապարակախօս, բարերար, հայ գիրի եւ գրականութեան, մանաւանդ Արեւմտահայերէնի ջերմ պաշտպան, եգիպտահայ գաղութի նահապետներէն Պերճ Թէրզեանը։

Անցնող վեց տասնամեակներու եգիպտահայ գաղութի հանրային կեանքի պատմութիւնը անկարելի է պատկերացնել առանց Պերճ Թէրզեան անունին։ Գահիրէ ծնած Թէրզեան նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մխիթարեան եւ ապա Մարոնի հայրերու վարժարաններէն։ Աւարտած է Այն-էլ-Շամս համալսարանի վարչական գիտութեանց հաստատութիւնը, որմէ ետք յաճախած է Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը։

Եգիպտահայ անուանի գործիչը 1969-ին հիմնած է «African Press» տպագրատունը, ծաւալելով թէ՛ առեւտրական եւ թէ՛ հայ հրատարակչական գործունէութիւն։ Թէրզեան կանուխէն անդամակցած է Գահիրէի Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան (ԹՄՄ), Հայ Ազգային Հիմնադրամին (ՌԱԿ-ի Եգիպտոսի Շրջանակի պաշտօնաթերթ Արեւ օրաթերթի հրատարակիչ), ՀԲԸ Միութեան Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Գահիրէի ՀՄԸՄ Նուպար մարզարանի վարչութեան, որ ՀԲԸՄ-ի մարզական կառոյցն է։ Թէրզեան շուրջ կէս դար պատասխանատու պաշտօններ վարած է ՀԲԸ Միութեան Եգիպտոսի ղեկավար մարմիններուն մէջ։ Եղած է ՀԲԸՄ Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Պատուոյ Ատենապետը: Ան եղած է Եգիպտահայոց Թեմի կարեւոր դէմքերէն, երկար տարիներ մաս կազմելով Գահիրէի Թեմական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, յաճախ ատենապետելով Քաղաքական Ժողովին։

Թէրզեան անմնացորդ նուիրուած է սփիւռքահայ եւ մանաւանդ եգիպտահայ մամուլին։ Եղած է «Արեւ» օրաթերթի արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածին հայկական նիւթերու խորհրդատուն, ինչպէս նաեւ Գահիրէի ՀԲԸ Միութեան «Տեղեկատու» եռամսեայի եւ Միութեան «Արեգ» արաբալեզու ամսօրեայի հայկական նիւթերու խմբագրական խորհրդատուն։ Պերճ Թէրզեան տարիներ շարունակ ղեկավարած է ՀԲԸՄ Գահիրէի Ճանիկ Չագըր հրատարակչական եւ վաւերագրական կեդրոնը, որուն իրագործումներէն էր «Արեւ» օրաթերթի 1915-2000 թուականներու հաւաքածոյի թուայնացումը եւ հրատարակութիւնը բազմաթիւ կարեւոր արաբերէն թէ հայերէն հատորներու, որոնց մէջ առանձնայատուկ յիշատակութեան արժանի կը մնան Հայ Դատի մասին արաբական մամուլին մէջ լոյս տեսած նիւթերու հատորաշարքերն ու Յարութիւն Գէորգեանի «Հայկական Ցեղասպանութիւն» ծաւալուն հատորին արաբերէն օրինակը, որուն արաբերէն թարգմանութիւնը վերանայած, խմբագրած եւ անուանացանկը կազմած էր պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը։ Թէրզեան ստորագրած է մեծ թիւով յօդուածներ եւ հրապարակագրական էջեր, մանաւանդ «Արեւ»-ի էջերուն։

Հանգուցեալ Թէրզեան հեղինակ է հետեւեալ հատորներուն․- «Եգիպտահայ հայեացքներ պատմութեան, քաղաքականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան մասին» (արաբերէն), «Ինչպէ՞ս տօնուեցաւ հայ պարբերական մամուլի 200-ամեակը Գահիրէի մէջ», «Անտեղի պատիւի մը շռայլումին առիթով», «Յետադարձ անդրադարձ-յօդուածներու, ելոյթներու, հարցազրոյցներու եւ ուսումնասիրութեան ժողովածոյ», «Տեղեկագիր Գալուստեան եւ Նուպարեան վարժարաններու 1989-ի վաւերացուած կանոնագիրներուն մասին», «Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամի հրատարակչական գործունէութիւնը», «Հայաստանի Հանրապետութեան Եգիպտոսի դեսպանատան ծննդոցը-ակնարկ 20-ամեայ հեռաւորութենէ», «Սպիտակի երկրաշարժը, Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ը եւ Եգիպտոսի համայնքը (համահեղինակ Արաքսի Տէօվլէթեան)», ««Արեւ»-ի արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածը», «Պատասխան առ որ անկ է», «Սրտցաւ կոչ հայոց լեզուին համար», «Տիգրան Պապիկեան (համադրում)», «Գահիրէի համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը», «Հայաստան-սփիւռք համահայկական Ա համաժողով- մտորումներ քսանամեայ հեռաւորութենէ», «Հրաչ Մանուկեան ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի վաստակաւոր անդամ (համադրում)» եւ «Կարելի՞ է Արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն»։ Կեանքի վերջալոյսին Թէրզեան Գահիրէի Առաջնորդարանին մօտ հիմնադրամ մը հաստատած էր։ Պերճ եւ Սեդա Թէրզեաններ նիւթապէս աջակցած էին Լոռիի Եղէգնուտ գիւղի մանկապարտէզի սենեակներէն մէկը երիտասարդական կեդրոնի վերածելու ծրագիրին։

Առ ի գնահատանք իր բազմարդիւն ծառայութիւններուն, հայ տիպ ու տառին նուիրեալ Թէրզեան արժանացած է շքանշաններու, մետալներու եւ գնահատագիրերու, որոնցմէ կ՚արժէ յիշել Մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալը, Հայաստանի վարչապետի «Շնորհակալագիր»-ը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ» շքանշանը եւ Հայրապետական Կոնդակը, ՀԲԸՄ-ի «Պատուոյ Անդամ»-ի տիտղոսը, Հայաստանի նախագահի «Մխիթար Գոշ» մետալը եւ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» մետալը։

Թէրզեանի մահով կ՚անհետանայ եգիպտահայ գաղութի փառքի օրերու կերտիչներէն եւ հայ մշակոյթին լաւագոյնս ծառայած երախտաւորներէն վերջին մոհիկանը։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները այրի տիկին Սեդա Սամուէլեան-Թէրզեանին, բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն։

Լո՛յս իր յիշատակին եւ բի՜ւր յարգանք իր վաստակին։

Յ․Է․

«Պայքար» շաբաթաթերթ

ՕՐԵՐ ամսագիրը միանում է բոլոր ցավակցական խոսքերին։ Աստված հոգին լուսավորի։

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում