Ժողովուրդը Մերժեց՝ Վարչապետ Փաշինեանի  Ուղղորդութեամբ 10 Ուխտադրոյժ Եպիսկոպոսներու Սադրանքը

  • 19.12.2025
  • 0
  • 119 Views

Ժողովուրդը Մերժեց՝ Վարչապետ Փաշինեանի  Ուղղորդութեամբ 10 Ուխտադրոյժ Եպիսկոպոսներու Սադրանքը

Մայր Աթոռի Շրջափակին մէջ հազարաւոր Հաւատացեալներ Կը կոչէին Վեհափառ, Վեհափառ

          Հայաստանի մէջ լրատուութիւն տարածուած էր յանկարծ, թէ 10 յայտնի ուխտադրոյժ եպիսկոպոսներ 18  Դեկտեմբեր Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 5-ին, պիտի «Ներկայանան Մայր Աթոռ», Ամենայն Հայոց Հայրապետէն պահանջելու որ Վեհափառը հրաժարի եւ ինքզինք հանգստեան կոչէ:

          Կայծակնային արագութեամբ սակայն, բազմաթիւ քաղաքացիական խմբաւորումներ հակադարձեցին՝ օրինականութեան այս կոպիտ նոր խափտման դիմադրելով, նոյն ժամուն Մայր Աթոռի շուրջ հաւաքուելով, պախարակելու համար ուխտադրոյժ հոգեւորականներուն:

          Արդիւնքը աւելի քան յստակ եւ ցնցիչ էր, երբ Հինգշաբթի երեկոյ Մայր Աթոռի շրջափակը ողողուած էր հազարաւոր հաւատացեալներով, որոնք անդադար կը բացականչէին «Վեհափառ, Վեհափառ» որպէս զօրակցութիւն Ամենայն Հայոց Հայրապետին:

            Այս պայմաններուն մէջ է որ Վեհափառ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր հոգեւորականներու երկար շքախմբով ըստ սովորութեան, դուրս եկաւ Վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար՝ զանգակատան ղօղանջներուն եւ ժողովուրդին կոչերուն ընդմէջէն: Եկեղեցական արարողութեան վերջաւորութեան եւ Վեհափառի հայրական յորդորներով լեցուն քարոզէն ետք, Ան նոյն ձեւով վերադարձաւ Վեհարան:

          Այսպէսով, ուղղորդուած ուխտադրոյժ եպիսկոպոսներու սադրանքը նուաստացումով եւ խեղճութեամբ հասաւ իր աւարտին:

          Մեր` ՌԱԿ Համադրուած մամուլի կոչը կը մնայ նոյնը, այս ազգավնաս կեղծ տագնապին սկզբնաւորութենէն ի վեր:

          Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ունի իր հաստատ եւ յստակ կանոնադրութիւնը որուն գործադրութեամբ է որ միայն ան նկատի կ’առնէ բարեփոխումներ երբ պահանջ զգացուի բարեփոխումներու: Իսկ իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն կամայական կալանաւորումներու իրենց գործելակերպը, եւ ընդհանրապէս հրապարակաւ ազատ խօսքի եւ գործունէութեան երաշխիք տան եպիսկոպոսական եւ եկեղեցական ժողովներու մասնակցող հոգեւորական թէ աշխարհական անդամներուն, որպէսզի այդ ժողովները կարելի ըլլայ գումարել:

          Այսօրուան Հայաստանի մէջ իշխանութեանց կողմէ ստեղծուած եղբայրատեաց մթնոլորտը, որոշակիօրէն միայն ի նպաստ է մեր հայրենիքի թշնամիներուն:

ՌԱԿ Համադրուած մամուլ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում