Սրբադասված արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյանի կենսագրությունը

  • 19.10.2025
  • 0
  • 278 Views

Վատիկանի մէջ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին առիթով՝ պաշտօնական արարողութիւն տեղի ունեցաւ 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10,30-ին:

Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին հանդիսաւոր Ս Պատարագը՝ տեղի ուեցավ հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին, «Ս. Պետրոս»-ի հրապարակին վրայ։

Իգնատիոս (Շուքրալահ) Մալոյեանը, ծնած է Մարտին 1869 թուականին, այսօրուայ Թուրքիոյ մէջ։ Մանկութենէն ի վեր Ան ցոյց կու տայ աղօթքին նկատմամբ իր սէրը։ 1883-ին մուտք կը գործէ Զմմառու Վանք` Լիբանան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կղերի միաբանութիւն։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1896-ին առնելով Ինգնատիոս անունը։ Կ՛ուղարկուի նախ Աղեքսանդրիա ուր կը փայլի իր քարոզներով, ըլլայ արաբերէն ըլլայ թրքական լեզուներով, ապա կը նուիրուի հովուական առաքելութեան եւ սուրբ գրութիւններու ուսումնասիրութեան։ Ան ապա կը նշանակուի Գահիրէի Պատրիարքական փոխանորդ բայց յաջորդ տարին կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա տեսողութեան հարցերու պատճառաւ։ Պօղոս Պետրոս ԺԲ Սապպաղեան Կաթողիկոս – Պատրիարքը զինք կը կոչէ Կ. Պոլիս, որպէս իր անձնական քարտուղար, բայց ան 1904-ին դարձեալ կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա շարունակելու համար իր տեսողութեան դարմանումները ու նաեւ իր առաքելութիւնը։

Վեց տարի ետք կը նշանակուի Մարտինի Պատրիարքական Փոխանորդ` եւ 1911-ին Հռոմի մէջ կը մասնակցի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին որ տեղի կ՛ունենայ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանէն ներս, որուն ընթացքին կը քննարկուին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակը Երիտասարդ Թուրքերուն իշխանութեան գլուխ անցնելու հետեւանքով։ Այդ սիւնհոդոսի ընթացքին Ան կ՛ընտրուի Մարտինի Արքեպիսկոպոս եւ իր Թեմը անցնելով կը սկսի իր առաքելութիւնը յատկապէս զբաղելով կղերական դասին կազմաւորմամբ։

Համաշխարհային Ա պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կը սկսին բռնի զինուորագրումները ու մանաւանդ քրիստոնեաներու դէմ ու յատկապէս հայերու դէմ հալածանքներն ու խոշտանգումները։ Մալոյան Արքեպիսկոպոսը կը ջանայ լեզու գտնել իշխանութիւններուն հետ բայց Եկեղեցիներուն դէմ սպառնալիքներն ու յարձակումները կը շարունակուին եւ բոլորն ալ խուզարկումներուն կ՛ենթարկուին։

3 Յունիս 1915-ին Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, Մալոյեան կը ձերբակալուի 13 Քահանաներու եւ 600 հաւատացեալներու հետ միասին։ Մերժելով ուրանալ իր հաւատքը կը սպաննուի 11 Յունիս 1915-ին։

Ինգտնատիոս Մալոյեանը երանելի հռչկուեցւա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. օրով 7 հոկտեմբեր 2001ին, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով եւ անոր նահատակութեան համբաւը արագօրէն տարածուեցաւ համայն աշխարհին մէջ։

Անոր խօսքերը, անոր ուսուցումները ու մասնաւորապէս անոր սէրն ու զինք հալածողներուն նկատմամբ ներումը համայն Եկեղեցւոյ համար վաւեր և թանկ օրինակ են. ապրելու Աւետարանին նկատմամբ հաւատարմութիւնը նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն, և այդ իսկ պատճառով, գիտակցելով այս վկայութեան արդիականութեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեանը խնդրած է զայն դասել սուրբերու շարքին, անկախ անոր գործած հրաշքներէն, եւ ահա այս դիմումի բերումով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը արտօնեց անոր սրբադասումը։ 

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում