Իրլանտայի Խորհրդարանը Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

  • 16.07.2025
  • 0
  • 805 Views

ՌԱԿի Հայ Դատի խորհուրդը խոր շնորհակալութեամբ կը յայտնէ, որ Իրլանտայի Հանրապետութեան խորհրդարանի ստորին պալատը (Տայլ Էրան) 16 Յուլիսի իր նիստին ընթացքին ընդունեց պատմական բանաձեւ մը, որուն միջոցով պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Բանաձեւին մէջ Իրլանտայի խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան՝ ճանչնալու 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առերեսուելու պատմական փաստերուն, հաշտուելու անցեալին հետ եւ ապահովելու պատմական ճշմարտութիւններու բաց եւ թափանցիկ քննարկումներ։ Նոյն ժամանակ, խորհրդարանը կը նշէ, որ այսպիսի պաշտօնական ճանաչում մը կրնայ նպաստել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոն զարգացման եւ շրջանի խաղաղութեան։

Բանաձեւը հեղինակած Իրլանտայի խորհրդարանի երեսփոխաններու այս նախաձեռնութիւնը քաղաքական համաձայնութիւն ստացաւ՝ իբրեւ պատմական պատասխանատուութեան քայլ՝ պետական մակարդակով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու, եւ ապագայ նման ոճիրները կանխելու ուղղութեամբ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Իրլանտայի խորհրդարանին կողմէ հետագայ քայլերու, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օր սահմանել, ինչպէս նաեւ լռութեան քաղաքականութիւնը յաղթահարելու գծով յատուկ օրինագիծեր մշակել։

Խորհրդարանը բանաձեւին մէջ կը յիշատակէ միջազգային իրաւական հիմքեր, յղում կատարելով Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագիրին, Եւրոպայի խորհրդարանի բանաձեւին, ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ այլ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու։

Այս կարեւոր բանաձեւին ընդունումը իւրայատուկ ձեռքբերում է իրլանտահայութեան եւ համայն հայութեան համար. անիկա կարելի եղաւ ՌԱԿի Հայ Դատի խորհուրդի հետեւողական ջանքերուն,  հանդիպումներուն եւ ծրագիրներուն շնորհիւ։

ՌԱԿ-Ի ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում