Ապաշրջափակման Հարցին Մէջ Պիտի Գործէ՞ Փոխադարձութեան Սկզբունքը. Փաշինեան Խօսեցաւ «Սիւնիքի Միջանցք»ին Գծով Ամերիկեան Առաջարկին Մասին

  • 16.07.2025
  • 0
  • 165 Views

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Յուլիսին ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման հիմնական քննարկուող տարբերակը ամերիկեան առաջարկն է, որուն ուղղութեամբ տակաւին համաձայնութիւն չկայ։

Նախորդ շաբաթ, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛առաջարկէ 100 տարիով վարձու առնել Հայաստանի այն հատուածը, որ Ատրպէյճանի արեւելեան շրջանները կը կապէ Նախիջեւանին:

Փաշինեան դարձեալ շեշտեց, որ ապաշրջափակման հարցով որեւէ քննարկում պիտի ըլլայ Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներուն համապատասխան:

Պնդելով, որ ճամբու արտապատուիրակման պարագային, Հայաստանի գերիշխանութիւնը պիտի չխախտի ՝ Փաշինեան իբրեւ օրինակներ թուարկեց «Հարաւկովկասեան» երկաթուղին, «Զուարթնոց» օդակայանը, որոնք, թէեւ կառավարման յանձնուած են, բայց Հայաստանի սեփականութիւնն են:

Մանրամասնութիւններ ներկայացնելով՝ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ կը քննարկեն ընկերութեան ստեղծումը, ենթադրաբար նկատի ունենալով ամերիկեան կողմին հետ, որ ներդրումներ պիտի կատարէ ենթակառուցուածքներու համար: Ան յայտնեց, որ, բացի մայրուղիներէն եւ երկաթուղիէն, խօսքը նաեւ ելեկտրական գիծերու, մալուխներու եւ այլ ենթակառուցուածքներու մասին է: Իսկ այդ տնտեսութիւնը, ըստ Փաշինեանի, հայկական կողմի տրամաբանութեամբ կրնան եւ պէտք է ըլլան Հայաստանի սեփականութիւնը:

«Խօսքն այստեղ այդ տնտեսութիւնը կառավարելու եւ դրա շրջանակներում որոշակի գործառոյթներ իրականացնելու մասին է: Նաեւ շատ է քննարկւում, մասնաւորապէս վարձակալութեան մասին է խօսւում, ներառեալ քննարկւում է հողի վարձակալութեան թեման, ուզում եմ ասել, որ մեր օրէնսդրութեամբ դա կոչւում է կառուցապատման իրաւունք, ու այդ իրաւունքի տրամաբանութեամբ, այդ կառուցապատման իրաւունքով տրուած ներդրումները նաեւ որոշակի պայմաններում այդ պայմանագրի լրանալուց յետոյ շարունակում են մնալ կամ դառնում են Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութիւնը», յայտնեց Փաշինեան։

Պատասխանելով հարցումին, որ՝ Սիւնիքի ճամբուն վրայ հայ սահմանապահներ պիտի ըլլա՞ն՝ Փաշինեան ըսաւ. «Սահմանապահները հիմնականում, չնայած հիմա կանգնած է, սահմանապահները հիմնականում կանգնում են սահմանին, ոչ թէ ճանապարհին, սա կարեւոր նրբութիւն է: Սահմանապահները լինում են սահմանին, այո, լինում են նաեւ ճանապարհին, լինելու են արդեօք հայաստանցի սահմանապահներ, այո՛, լինելու են»։

Լրագրող մը հարցուց, թէ այս բոլորին մէջ ցարդ Երեւանի պնդած փոխադարձութեան սկզբունքը պիտի պահպանուի՞: Փաշինեան վստահեցուց, որ հարցը կը քննարկուի այդ տրամաբանութեամբ՝ յայտնելով, որ Ատրպէյճանի պարագան այլ է. իրենք երկաթուղի ունին: «Խնդիրը հետեւեալն է, որ Ադրբեջանի տարածքում, ըստ էութեան, այդ երկաթուղին կայ, մեր տարածքում է, որ բացակայում է: Ընկերութիւնը, որի մասին դուք ասում էք, ամենակարեւոր գործառոյթներից մէկը ներդրումային գործառոյթն է, ներդրումներ հաւաքելու եւ բերելու, ներդրումներն իրականացնելու գործառոյթն է», ընդգծեց Փաշինեան, ըստ որուն, բացի ներդրումներէն, այդ կազմակերպութիւնը այլ գործառոյթներ եւս պիտի ունենայ: «Բազմաթիւ գործառոյթներ կան. անվտանգութեան գործառոյթ կարո՞ղ է իրականացնել, այո՛», ըսաւ Փաշինեան, որ նաեւ շատ կարճ խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին մասին եւ նշեց, որ նախաստորագրութեան շուրջ քննարկումներ կան եւ որ Հայաստան խաղաղութեան ճամբուն վրայ ոչ մէկ տարբերակ կը շրջանցէ:

Խօսելով ՀԱՊԿի հետ Հայաստանի կապերուն մասին՝ ան դիտել տուաւ, որ աւելի հաւանական է, որ Հայաստան դուրս գայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն, քան սառեցուի անոր անդամակցութիւնը։

Ան աւելցուց, որ Պրիւքսէլ տուած այցելութեան ընթացքին իրենց հարցուցին, որ կ՛ուզե՞ն Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ, «եւ ես պատասխանել եմ, այո՛, ուզում ենք դառնալ։

«Եթէ Հայաստանին ընդունում են Եւրոպական Միութեան անդամ, շատ լաւ, եթէ ինչ-ինչ պատճառներով չեն ընդունում, ամէն դէպքում Հայաստանը մնում է եւրոպական ստանդարտներին (չափանիշներուն) համապատասխանող երկիր», յայտնեց Փաշինեան: Ան աւելցուց, որ վիզաներու ազատակացման գործընթացը բաւական յաջող կ՛ընթանայ, թէեւ անիկա շատ բարդ է։

Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ Հայաստան-Թուրքիա կապերուն մասին՝ յայտնելով. «Հայաստանի պետականութեան յարատեւութեան, ինքնիշխանութեան, անկախութեան տրամաբանութեան եւ ռազմավարութեան մէջ Թուրքիայի հետ բնական յարաբերութիւնները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեն»: Ըստ անոր՝ այս կը նշանակէ Թուրքիայէն եկող սպառնալիքներու ընկալման յաղթահարում, ինչպէս նաեւ սպառնալիքներու կառավարում եւ անոնց նուազեցում: «Դրա արդիւնքում մենք աւելի շատ տարածք կ՛ունենանք անկախութեան համար: Դա ակնյայտ է եւ մենք գնում ենք այդ ճանապարհով»։

Ան տեղեկացուց, որ Հայաստան եւ Թուրքիա կը գտնուին մնայուն երկխօսութեան մէջ` բաւարարութիւն յայտնելով անկէ որովհետեւ, ըստ Փաշինեանի՝ «դրանով իսկ ստեղծւում է կոնկրետ (յստակ) արդիւնքների հասնելու հիմք»: Ան յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ վերջապէս Հայաստան եւ Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատեն եւ սահմանները պիտի բացուին:

Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպումէն իր տպաւորութիւնները դրական նկատեց: «Ես Թուրքիա մեկնել եմ ոչ թէ հայ-թուրքական, այլ Հայաստան-Թուրքիա օրակարգով: Սա շատ կարեւոր մանրուք է: Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի Թուրքիայի նախագահին հրաւէրի, ինչպէս նաեւ բաց եւ ուղիղ խօսակցութեան համար: Մենք քննարկել ենք բոլոր հարցերը` հաղորդակցութիւնների բացում, յարաբերութիւնների հաստատում, հնարաւոր համագործակցութիւն տարբեր ոլորտներում, Անիի պատմական կամրջի վերականգնում եւ այլն: Ես չեմ կարող մատնանշել այս հանդիպման որեւէ բացասական հատուած: Միաժամանակ, նման բարդ հարցերը մէկ հանդիպումով չեն լուծւում, պէտք է աւելի շատ աշխատել, վստահութիւն ձեւաւորել, ժողովուրդներին նոյնպէս պէտք է նախապատրաստել», եզրափակեց Փաշինեան։

Աղբյուր՝ Ասպարէզ

– Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում