Հուլիսի 10-ին Վաշինգտոնում ՆԱՏՕ-ի կազմավորման 75-ամյակին նվիրված գագաթաժողովի շրջանակներում ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթոնի Բլինքենի նախաձեռնությամբ և մասնակցությամբ տեղի է ունեցել ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյանի և Ադրբեջանի ԱԳ նախարար Ջեյհուն Բայրամովի հանդիպումը:
Կողմերը նշել են խաղաղության և միջպետական հարաբերությունների հաստատման վերաբերյալ պատմական պայմանագրի կնքման ուղղությամբ Հայաստանի և Ադրբեջանի կողմից գրանցված առաջընթացը և համաձայնել են շարունակել աշխատանքները;
Կողմերը երախտագիտություն են հայտնել ԱՄՆ պետքարտուղարին հանդիպումը հյուրընկալելու համար։
Ներկայացնում ենք «Ասպարեզ»( Asbarez – Armenian) օրաթերթի անդրադարձը այս հանդիպմանը.
10 Յուլիսին, Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕի կազմութեան 75ամեակին նուիրուած վեհաժողովի ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:
Հանդիպումէն ժամեր ետք, այս մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը:
Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել խաղաղութեան համաձայնագիրին ուղղութեամբ աշխատանքները: Անոնք անդրադարձան խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ պատմական համաձայնագիրը կնքելու ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ արձանագրուած յառաջընթացին եւ համաձայնեցան շարունակել աշխատանքները։ Անոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին՝ հանդիպումը հիւրընկալելուն համար։
Հանդիպման ընթացքին նախարար Պլինքըն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ մօտ են վերջնական համաձայնութեան հասնելու: «Շուրջ մէկուկէս տարի Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ կարեւոր աշխատանք տարին խաղաղութեան պայմանագիրը ամբողջացնելու շուրջ բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Ասիկա երկարատեւ եւ արժանապատիւ գործընթաց է եւ բացառիկ կարելիութիւն է 2 երկիրներուն եւ տարածաշրջանին համար, որոնց կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն համար: Այս գործընթացին ընթացքին Միացեալ Նահանգներ աջակցած է իր օգնութեամբ, աջակցած է Եւրոպական Միութեան եւ եւրոպական բազմաթիւ այլ գործընկերներու հետ: Այսօր կարելիութիւն ստեղծուած է ամբողջացնելու յառաջընթացը, որ ձեռք բերուած է, աւարտին հասցնելու մնացած բաները: Ես կը հաւատամ, որ 2 երկիրները մօտեցած են վերջնական համաձայնութեան հասնելու, ասոր կ՛աջակցի Միացեալ Նահանգները: Այսօր կը տեսնենք, թէ յաւելեալ ինչ կրնայ ընել Միացեալ Նահանգները՝ հասնելու համաձայնութեան», յայտարարեց Պլինքըն։
Հանդիպումէն ետք, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, թէ Պլինքըն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկեց մնայուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերը եւ քաջալերեց, որ քայլերը շարունակուին, գործընթացը ամէնէն կանուխ առիթով աւարտին հասցնելու համար։ Ան աւեցուց, թէ Պլինքըն նաեւ կարեւոր նկատեց նշեալ խաղաղութիւնը շրջանին հաղորդակցութեան միջոցներուն համար, որմէ պիտի օգտուի ամբողջ Հարաւային Կովկասը։