Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու՝ Ատրպէյճանի շարունակուող պահանջներուն լոյսին տակ, վարչապետ Փաշինեան յանձնարարեց նոր Սահմանադրութեան նախագիծ մը մշակել եւ մինչեւ թուականի 30 Դեկտեմբեր 2026 հաստատել զայն:
Մինչ այդ, 2022ին կազմած Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը մշակէր սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծ մը: Հայեցակարգի նախնական տարբերակը այս տարուան Յունուարին ուղարկուեցաւ կառավարութեան: Այժմ, Փաշինեան կը յանձնարարէ մշակել նոր Սահմանադրութիւն մը: Որոշումին մէջ յստակօրէն նշուած է «Սահմանադրութեան փոփոխութիւնների» փոխարէն գրել «Նոր Սահմանադրութիւն» ձեւակերպումը:
Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի անդամ Արթուր Սաքունց «Ազատութեան» յայտնեց, որ 19 Յունիսին տեղեակ եղաւ այդ որոշումին մասին, որ 24 Մայիսին ընդունուած եւ տեղադրուած էր կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Սակայն, խորհուրդին մէջ հարցը տակաւին չեն քննարկած: Իշխանութեան ներկայացուցիչները վարչապետի որոշման մասին մինչ այդ հրապարակաւ չեն խօսած:
«Ինձ համար հասկանալի չէ, թէ հիմա թողնում ենք դա, նորից ենք շարունակում, որովհետեւ պէտք է երեւի թէ խորհուրդը հաւաքուի, եւ հասկանանք, որովհետեւ, ըստ էութեան, ի՞նչ է տեղի ունենում: Ճիշդ է` ուշ է եղել, բայց ինչ-որ աշխատանքի արդիւնք է, եւ այդ աշխատանքի արդիւնքը հիմա դե՞ն ենք գցում, թէ՞ դա հիմք ենք ընդունում: Լիքը հարցեր կան, որ մեզ համար հասկանալի չեն», նշեց Սաքունց։
Հայաստանի մայր օրէնքը փոխելու ուղիղ պահանջ այսօր եւս հնչեց Պաքուէն՝ այդ մէկը նկատելով խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման գլխաւոր պայման: Պաքու տարածքային պահանջ կը տեսնէ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ յիշատակուած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման մասին յիշատակում կայ:
Աղբյուր՝ Ասպարէզ օրաթերթ