ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կիպրահայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը, մօտէն հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին օրերուն զարգացող իրադարձութիւններուն, իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումին եւ կոչ կուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն որ հրաժարին միակողմանի զիջումներէ եւ պարտուողական քաղաքականութենէ, հեռու մնալով Տաւուշի մէջ իրականացուող ապօրինի սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացէն, որ կը թուի ըլլալ աւելի մեծ վտանգի մը սկիզբը, եթէ նկատի ունենանք Ազրպէյճանի կողմէ ամենօրեայ դրութեամբ հնչող ծաւալապաշտական սպառնալիքները, որոնք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը համարեն իբրեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի մաս։
Միաժամանակ, խիստ կերպով կը դատապարտենք Տաւուշի մարզին մէջ իրենց պապենական հողերն ու տուները պաշտպանող մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ ՀՀ ոստիկանութեան կողմէ կիրառուող բիրտ ուժը։ Տաւուշի չորս գիւղերու յանձնումը պիտի առաջնորդէ շրջանի հայաթափման։ Թշնամիի անմիջական նշանառութեան տակ կը յայտնուին ոչ միայն յարակից գիւղերը, այլ նաեւ՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Իրան-Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհը եւ ամբողջովին փլուզման պիտի ենթարկուի Տաւուշի պաշտպանական գիծը։
ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները կասկածի տակ կը դնեն նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը, երբ համաշխարհային գետնի վրայ մի քանի տասնեակ խորհրդարաններ եւ կառավարութիւններ անվերապահ կերպով ճանչցած են զայն։
Սփիւռքի բոլոր հայ համայնքները անվերապահ զօրավիգ կը կանգնին Տաւուշի մարզի մեր հայրենակիցներուն եւ զանոնք առաջնորդող Բագրատ Սրբազանին։ Այս պայքարը համայն հայութեան պայքարն է եւ օրէ օր կը դառնայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր տարածքին ծաւալով համահայկական շարժում։
Հայաստանը եւ Սփիւռքը առաջնորդուած են նոյն շահերէն։ Ժամանակն է մէկ կողմ դնելու բոլոր տարակարծութիւնները եւ օրհասական այս պահուն համախմբուելու պայքարի մէկ դրօշի շուրջ։ Ժամանակն է բոլորս ոտքի կանգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի շահերուն հակասող որոշումներու դէմ, վերջ մը դնելով ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու միակողմանի զիջումներուն եւ ՀՀ անվտանգութեան եւ գոյութեան սպառնացող բոլոր գործընթացներուն։
Կիպրահայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողով
6 Մայիս 2024