ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈւԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈւ ՏՈւՉՈւԹԻՒՆ
Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր, 2023-ին, Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի նախատօնին, Երեկոյեան ժամերգութենէն վերջ, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան Սրբազան Հայրը վարդապետական գաւազանի մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները տուաւ օրհնութեամբ՝ Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեանի, Տ. Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեանի եւ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգչեանի, որոնք իրմէ ձեռնադրուած եւ վեղար ստացած էին 2014 թուականի Յուլիս 27-ին:
Խարտաւիլակն էր, ըստ կանոնական սովորութեան, Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան, Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետը՝ իրեն առընթերակայ ունենալով Տ. Խադ Ծ. Վարդապետ Ճունտուրեանը եւ Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալէքեանը:
Համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սովորութեան, Ձեռնադրիչ Սրբազանը բազմած էր արդէն Մայր Տաճարի մուտքին կողմը: Բերուեցաւ վարդապետական գաւազանը՝ շղարշով ծածկեալ, որուն կը հետեւէին վարդապետական աստիճանի թեկնածուները, որոնք ծունկի գալով շնորհաբաշխ Պատրիարք Սրբազանին առջեւ, նախ հաւատոյ դաւանութեան, հերետիկոսութեանց նզովման եւ Ս. Հարց յիշատակին օրհնութեան իրենց նորոգեալ ուխտէն վերջ, գաւազանի առաջին երեք աստիճանները ստացան իրենց հոգեւոր Հօր ձեռքէն, եւ յետոյ դասին մէջ, բեմին առջեւ, չորրորդ աստիճանը:
Վարդապետական աստիճաններու տուչութեան բանաձեւները ընդելուզուած էին շարականներով եւ Աստուածաշնչական պատշաճ ընթերցուածներով:
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը հոգեկան բերկրանքով կատարեց այս տուչութիւնը, անոր մէջ տեսնելով թէեւ փոքրիկ, բայց լուրջ քայլ մը դէպի առաւելագոյն պայծառութիւն Ս. Աթոռոյս, որուն արժանաւոր զաւակներէն եղան ցարդ եւ յետ այսու եւս պիտի շարունակեն լինել երեք նորընծաները, այսուհետեւ վարդապետք Հայ Եկեղեցւոյ: Այդ զգացումով էր որ Նորին Ամենապատուութիւնը սրտագին յորդորական մը ուղղեց յետոյ իր ձեռնասուններուն, հայրական բաղձանքի, մաղթանքներու եւ օրհնութեան հոգւով թաթախուն եւ շնորհընկալ վարդապետներուն կուրծքը զարդարեց ականակուռ լանջախաչերով:
Աղօթենք նոր վարդապետներուն գաւազանի ծաղկման եւ խօսքերուն ու գործերուն պտղաբերման համար, որպէսզի կարող ըլլան հետեւիլ Պօղոս Առաքեալի պատուէրին. «Վերակացու լինել հաւատարիմ Բանին Վարդապետութեան, զի կարող իցէ եւ մխիթարել ողջմտութեամբ վարդապետութեանն, եւ զհակառակորդսն կշտամբել» (Տիտոս 1:9) եւ շարունակեն աւելի եռանդով եւ նուիրումով իրենց Աթոռանուէր եւ եկեղեցաշէն գործունէութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ:
ԿԵՆՍԱԳՐՈւԹԻՒՆ Տ. ԱՂԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳՈԳՉԵԱՆԻ
Աւազանի անունով՝ Թաթուլ, ծնած է 1988 թ. Օգոստոս 15-ին, Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ: Զաւակն է Գառնիկ եւ Յասմիկ Գոգչեաններու:
Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Դիլիջանի թիւ 8 առողջարանային դպրոցը, ապա թիւ 19 գիշերօթիկ դպրոցը:
2004-2009 տարիներուն ընդունուած եւ աւարտած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանը:
2007-ին ստացած է Դպրութեան չորս աստիճանները, ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Տ. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի:
2009-2012 տարիներուն ուսանած եւ աւարտած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ընծայարանը:
2010-ին ձեռամբ օրուան Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, ստացած է Ուրար կրելու իրաւունք:
2012-2014 տարիներուն եղած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Վիզաներու եւ վկայագրերու գրասենեակի քարտուղար:
2012-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ, ձեռամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի:
2014-ի Յուլիս 27-ին, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ձեռամբ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի, վերակոչուելով՝ Տ. Աղան Աբեղայ:
2014-2015 տարիներուն եղած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Վիզաներու եւ վկայագրերու գրասենեակի վարիչ:
2016-էն ցայսօր կը վարէ Սուրբ Աթոռոյ Մատակարարութեան պաշտօնը:
2016-ին Եբրայեական Համալսարանին մէջ հետեւած է Անգլերէն եւ Եբրայերէն լեզուի դասընթացքներու:
2016-2020 տարիներուն ուսանած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է Եբրայեական Համալսարանի Քաղաքագիտութեան եւ Պատմութեան բակալաւրիատի բաժինները:
2021-2023 տարիներուն ուսանած եւ աւարտած է Եբրայեական Համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու Դիւանագիտութեան եւ Անվտանգութեան մագիստրատուրայի բաժնը։
2023-ի Յունուար 23-ին, նշանակուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Դիւանապետ եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ: Նոյն թուականին նշանակուած է նաեւ Սուրբ Տեղեաց քարտուղար եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Status Quo-ի յանձնաժողովին մէջ:
2023-ի Մարտ 8-ին, Ս. Աթոռոյս Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ ընտրուած է որպէս Տնօրէն Ժողովի եւ Կրօնական Գերագոյն Ատեանի անդամ:
2023-ի Դեկտեմբեր 29-ին, ստացաւ Մասնաւոր Վարդապետութեան չորս աստիճաններ, ձեռամբ՝ Ամեն․ Տ․ Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի։
ԿԵՆՍԱԳՐՈւԹԻՒՆ Տ․ ԳԷՈՐԳ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ
Աւազանի անունով Կարապետ, ծնած է 10 Մարտ, 1989-ին յԱրարատ։ Զաւակն է Եուրիկ եւ Ծաղկանոյշ Հայրապետեաններու։
1996-2002 տարիներուն նախնական կրթութիւնը ստացած է Արարատի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցին մէջ։
1998-2002 տարիներուն ծառայած է Խոր Վիրապի, ապա Արարատ գիւղի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիներու մէջ։
2002-2010 տարիներուն ընդունուած եւ աւարտած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ Ընծայարանը։
2010-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ, ձեռամբ օրուան Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ․ Նուհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի։
2010-2014 տարիներուն պաշտօնավարած է Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս, որպէս քարտուղար եւ հսկիչ։
2010-էն ցայսօր Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս կը դասաւանդէ «Քրիստոնէական», «Վարք Սրբոց», «Եկեղեցական տօներ», «Նոր Կտակարան» առարկաները։
2011-2016 տարիներուն եղած է «Ուխտաւորաց յանձնախումբ»ի անդամ։
2014-ի Յուլիս 27-ին, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ձեռամբ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի, վերակոչուելով՝ Տ․ Գէորգ Աբեղայ։
2015-2018 տարիներուն Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարանի մէջ հետեւած է Անգլերէն, Եբրայերէն եւ Արաբերէն լեզուներու դասընթացքներուն։
2019-2022 տարիներուն եղած է Յոպպէի Սուրբ Նիկողայոս վանքի եւ Ռամլէի Սուրբ Գէորգայ վանքի տեսուչ։
2019-2023 տարիներուն ուսանած եւ աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան ֆակուլտետը՝ վկայուելով որպէս մագիստրոս։ Թեզի նիւթնը եղած է «XVII դարուն վանական կեանքի զարթօնքը Հայաստանի մէջ եւ Երուսաղէմի Հայոց Վանքը»:
2018-2023 տարիներուն եղած է Երուսաղէմի Կիւլպենկեան Մատենադարանի Տեսուչ։
2023-ի Օգոստոսէն ցայսօր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի Տեսուչն է։
2023-ի Դեկտեմբեր 29-ին, սատացաւ Մասնաւոր Վարդապետութեան չորս աստիճաններ, ձեռամբ՝ Ամենապատիւ Տ․ Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի։
ԿԵՆՍԱԳՐՈւԹԻՒՆ Տ. ՆԵՐՍԵՀ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱԼՈՅԵԱՆԻ
Աւազանի անունով Լեւոն, ծնած է 1987-ին, Արտաշատի շրջանի Նորաշէն գիւղին մէջ: Զաւակն է Տէր Մխիթար Քահանայ եւ Երէցկին Ռոզա Ալոյեաններու:
1994-2004 տարիներուն նախնական կրթութիւնը ստացած է Նորաշէնի Աւետիք Իսահակեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ:
1996-2003 տարիներուն ընդունուած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է Նորաշէնի Վահէ Մինասեանի անուան երաժշտական դպրոցի դաշնամուրային բաժինը:
2004-ին ընդունուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարան:
2005-2006 թուականներուն, ընդունուած եւ ուսանած է Երեւանի մենեջմենթի համալսարանի իրաւագիտութեան ֆակուլտետի մէջ:
2006-ի Հոկտեմբրին դարձեալ ընդունուած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարաժարան եւ աւարտած է 2008-ի Յունիս 11-ին:
2007-ին ստացած է Դպրութեան չորս աստիճաններ, ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Տ. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի:
2008-2011 տարիներուն ուսանած եւ աւարտած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ընծայարանի բաժինը:
2009-ին ձեռամբ օրուան Լուսարարապետ՝ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, ստացած է Ուրար կրելու իրաւունք:
2011-2015 տարիներուն եղած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Էքիւմենիք եւ արտաքին յարաբերութեանց գրասենեակի քարտուղար:
2011-2020 տարիներուն դասաւանդած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց Երկրորդական վարժարանէն ներս, որպէս «Կրօն»ի եւ «Վարք Սրբոց»ի ուսուցիչ:
2012-2014 տարիներուն դասաւանդած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս, որպէս «Քրիստոնէական»ի եւ «Վարք Սրբոց»ի ուսուցիչ:
2012-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ, ձեռամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի:
2014-ի Յուլիս 27-ին, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ձեռամբ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի, վերակոչուելով՝ Տ. Ներսեհ Աբեղայ:
2014-2020 թուականներուն եղած է Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի գաւազանակիր եւ անձնական քարտուղար:
2014-2017 թուականներուն եղած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Սիոն» ամսագրի խմբագրի օգնական:
2015-2018 թուականներուն ուսանած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆակուլտետի Հայոց լեզու եւ գրականութիւն բաժինը՝ վկայուելով որպէս մագիստրոս: Թեզի նիւթը եղած է «Ղազար Փարպեցի եւ իր նախորդները»:
2016-2018 թուականներուն եղած է Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենադպիր:
2018-ի Յունուարէն ցայսօր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Սիոն» ամսագրի գլախաւոր խմբագիրն է:
2018-ի Մայիսին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ ընտրուած է Տնօրէն Ժողովի անդամ, ապա՝ նոյն ժողովի ատենադպիր: Դարձեալ վերընտրուած է որպէս Տնօրէն Ժողովի եւ Կրօնական Գերագոյն Ատեանի անդամ, ապա նոյն ժողովի Ատենադպիր՝ 2023-ի Մարտ 8-ին:
2018-էն ցայսօր հայցորդ է Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆակուլտետի՝ Ակադեմիկոս Հրանդ Թամրազեանի անուան Հայ գրականութեան պատմութեան եւ գրականութեան տեսութեան ամպիոնի:
2021-ին եղած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատան տեսուչ:
2023-ի Յուլիս 20-էն ցայսօր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կիւլպէնկեան Մատենադարանի տեսուչն է:
2023-ի Դեկտեմբեր 29-ին, ստացաւ Մասնաւոր Վարդապետութեան չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի:
Հեղինակ է գիտական շուրջ երկու տասնեակ յօդուածներու, մէկ ուղեգրութեան, երեք Կրօնի դասագիրքերու, եւ մէկ աշխատասիրութեան՝ «Օրագրութիւն Սուրբ Տեղեաց, ձեռամբ՝ Տ. Կիւրեղ Եպիսկոպոս Գաբիկեանի»: