Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լէոշ Եանաչէքի գլուխ-գործոցների մասին. Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան

  • 22.07.2022
  • 0
  • 1373 Views

Տպաւորութիւններ Գրիգոր Մենդելի ծննդեան երկուհարիւրամեակի նուիրուած համերգէն՝ ուր հնչեցին Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լէոշ Եանաչէքի գլուխ-գործոցներ

Մորաւիոյ մայրաքաղաք՝ հին Պռնոյի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգը՝ հարկաւ տաճարին հսկայ երգեհոնի սիրոյն, զի համերգի երկրորդ գործը՝ Եանաչէքի «Գլագոլեան Պատարագը» (որ հին Սլաւոնական բնագիրներու վրայ հիմնուած է) երգեհոնի համար գրուած յատկանշական եւ խիստ կարեւոր բաժիններ կը պարունակէ: (Յիշենք նաեւ, որ երբ Մենդել վախճանեցաւ, Եանաչէքն էր որ, յընթացս հանգուցեալ վանականի յուղարկաւորութեան, անձամբ երգեհոն նուագեց:) Սակայն որովհետեւ երեկոյեան յայտագրի զոյգ գործերն ալ հոգեւոր բնոյթ ունէին՝ տաճարի միջավայրը յոյժ պատշաճ ու նպաստաւոր էր, իսկ հանդիսավայրը խուռներամ բազմութեամբ լի էր:

Առաջին գործը Տիգրան Մանսուրեանի «Օրհներգ – Բարի Նաւապետ» ստեղծագործութիւնն էր, որ այս առթիւ իր առաջին համաշխարհային կատարումը ունեցաւ: Գործը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ՝ որոնք սակայն իրարու կցուած են: Անոնք մեր շարակնոցի «ոսկեդարեան» նկատուող ապաշխարութեան շարականներու բառերը կ’երաժշտաւորեն: Ոմանք նոյնիսկ այս շարականներու բառերը չեն վարանիր Ս. Մեսրոպ Մաշթոցի եւ կամ Ս. Սահակ Պարթեւի  վերագրելու: Յամենայն դէպս՝ բառերը ոչ նուազ պատկառելի հնութիւն ունին քան Եանաչէքի հին Սլաւոներէն բնագիրը:

Ստեղծագործութեան առաջին մասը «Որ հայիս քաղցրութեամբ» բառերով սկսող «Հարց» շարականի առաջին երեք տուներէն կը բաղկանայ, որոնք «օրհնեալ ես Աստըւած հարցըն մերոց» բառերով կ’աւարտին՝ անդրադառնալով Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբեդնագովի փառաբանական խօսքերուն՝ երբ Նաբուգոդոնոսոր արքայի հրամանով հնոցի մէջ կը գտնուէին եւ սակայն Աստուծոյ հրեշտակի պաշտպանութեան շնորհիւ ոչ մի վնաս չկրեցին բորբոքած հնոցէն (ըստ Աստուածաշունչի Դանիէլ Մարգարէի գիրքի նկարագրութեան): Միջադէպը անշուշտ քաջածանօթ է ամէն Հայ Քրիստոնեայի, որովհետեւ ի միջի այլոց Դանիէլ մարգարէի գիրքին այս հատուածը կ’երգուի Զատկուայ եւ Ծննդեան ճրագալոյցի շատ սիրուած արարողութեանց ընթացքին: Իսկ շարականին երեք տուները ուղղուած են մի առ մի Ս. Երրորդութեան անձերուն՝ այսինքն Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն, այսպիսով անոնց իւրաքանչիւրին Աստուածութիւնը գովերգելով:

Երկրորդ բաժինը «Ողորմեա» շարականի մը բառերը կ’երաժշտաւորէ՝ սկսելով «Ծով մեղաց իմոց զիս ալէկոծէ. որ ես նաւապետ բարի, շնորհեա՛ ինձ նաւահանգիստ» բառերով: Այս բառերը եւս մեր ժողովրդեան հոգեկանութեան մէջ հիմնական դեր ունեցած են դարերու ընթացքին: Մեր շարակնոցը, եւ մանաւանդ՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ «Մատեան Ողբերգութեան» գործը, մարդկային հոգեվիճակը կ’արտայայտեն փոխաբերաբար՝ իբր նաւ մը, որ մեղաւորի մեղքերը խորհրդանշող ալեաց ուժգնութեան պատճառաւ խորտակման ու կործանման եզրին հասած է. միակ յոյսը Յիսուսն է՝ որ իբր «նաւապետ բարի», իր անսահման ողորմութեամբ եւ մարդասիրութեամբ կու գայ փրկութեան «նաւահանգիստ»ը շնորհելու անկեղծ զղջմամբ աղաչող մեղաւորին: Ուրեմն անտարակոյս այսպիսի՛ համագրի մը մէջ ընկալելու ենք Տիգրան Մանսուրեանի գործին խորագիրը:

Գործը սկսաւ Ակսէլ Դաւէյեանի թաւշեայ ձայնին մուտքով՝ «Որ հայիս քաղցրութեամբ…» բառերով. մեներգիչը երգեց ճշգրտութեամբ, շարականավայել ու պատշաճօրէն զուսպ ոճով մը, առանց որեւէ նուագարանի ընկերակցութեան. այնուհետեւ՝ ողորկ ու բնական կերպիւ միացան, տակաւ առ տակաւ, միւս ոյժերը: Pizzicato (այսինքն՝ նուագուած առանց աղեղներու) լարային գործիքները եւ թմբուկը յատկանշական երանգ մը տուին, որ վստահաբար Չեխ երաժիշտներուն կրնար պահ մը իրենց ազգակից Martinů-ի «Կրկնակի կոնցերտ»ի (երկու լարային նուագախումբերու, դաշնամուրի եւ թմբուկի համար յօրինուած) մթնոլորտը յիշեցնել: Բայց ահա առանց նուագարանային ընկերակցութեան երգչախումբի շնորհալիօրէն ծփացող ձայները եկան, իրենց յուզականութեան գագաթնակէտին հասնելով «Զարարածս քո որ խնամես տեսչութեամբ…» բառերով՝ կարծէք ոգեղէն դասերու վայել դաշնաւորութեամբ, եւ ջերմ ու երկնային սիրոյ մը արտայայտութեամբ համակուած: Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ Բան ՁԱ.-ի աղօթքը յիշեցի, ուր Սուրբը կը պատկերացնէ, որ իր պահապան հրեշտակը եւ «վերնական լուսակերպ» հրեշտակները «անլռելի կարեկցութեամբ իրենց մշտանուէր» ձայներով կ’երգեն՝ Աստուծոյ ուղղուած իրենց պաղատանքով. «Ողորմէ՛, [մարդ արարածը]  դո՛ւն ստեղծեցիր, [զայն] կորստեան մի՛ մատներ»: (Այս սրտառուչ խօսքերու գրաբար բնագիրը երբեմն որոշ ձեռագիրներու մէջ խազեր կը կրէ, ինչ որ ցոյց կու տայ որ ատենօք նախնիք աղօթքին այս մասը կը սիրէին երգել:) Ահա այսպիսի՛ էին Մանսուրեանի յօրինման եւ Պռնոյի Դաշնասիրական Երգչախումբի կատարման ստեղծած տպաւորութիւնն ու հմայքը: Եւ կարծէք նոյ՛ն անմարմնոց եթերային ձայները կը շարունակէին ծփալ տաճարի օդին մէջ՝ մտասքանչութեամբ տոգորուած՝ «Օրհնեա՜լ ես Աստուած հարցըն մերոց» բառերը եղանակելով: Իսկ երբ մենակատարը նոյն խօսքերը կը ստանձնէր՝ դարձեալ լարայինները հանդէս կու գային նոր ձայներանգներ ցուցաբերելով:

Անմիջապէս «ԳՁ» յիշեցնող ձայնաշարը կը փոխուի «ԳՁ դարձուածք» յիշեցնող ձայնեղանակի մը, որով կարծէք օրհնութիւնն ու աղերսը աւելի՛ ցնծալից, խանդավառ ու լուսաւոր կը դառնան: Խմբերգի հնչիւններն ու համալարերը ճանաչելիօրէն Հայկական անուշութիւն մը կը դրսեւորեն, որ մեզի կը յիշեցնէ թէ, ի հեճուկս իր ինքատիպ եւ իւրօրինակ հանճարին, Մանսուրեան չէ դադրած Կոմիտասի ու Կանաչեանի շունչով սնած երաժիշտ մը ըլլալէ: Այս գեղեցկութիւնը սակայն դժուար է նկարագրել, զի մէկ կողմանէ կ’անդրանցէ սոսկ Հայկականն ու «գաւառականը», սակայն միւս կողմանէ՝ այս նո՛ր ու վճիտ ջուրը մինչեւ խորերը թափանցող երաժշտական ազնուագոյն ակունքներէն կը բղխի, իր մէջ կրելով նախնեաց դարաւոր նկարագրի հոգեզմայլ դիւթանքը: Մանսուրեան ստեղծած է գործ մը, որ ընդհանրական ու համամարդկային է, եւ որ սոսկ այս կամ այն ազգութեան կամ աշխարհագրութեան սահմանափակումներ չի ճանչնար – ճի՛շդ այնպէս ինչպէս շարականներու բառերուն արտայայտած զգացումները՝ զղջումը, սարսափը, յոյսն ու սէրը ոչ նուազ համամարդկային են: Ըստ մեր կարծեաց՝ այսպիսի համադրութիւն մը, ուր Հայկականը այսպիսի յաջողութեամբ համամարդկային տարողութեամբ եւ ընդանրականութեամբ կ’օժտուի, նախքան Մանսուրեանը՝ ցարդ կրցած են ստեղծել միմիայն Կոմիտաս Վարդապետ եւ Լուդվիկ Բազիլ:

Հեզասահ միջանուագ մը՝ նախ մեղմահոս, ապա զօրանալով մինչեւ ուժգին պահ մը, որ սակայն շուտով եւ յանկարծակիօրէն կը հանդարտի՝ մեզ կը հասցնէ «Ծով մեղաց» բաժնին: Դարձեալ՝ ժուժկալ համալարերու վարպետ կիրարկմամբ զուսպ դաշնաւորում մը կը հնչէ, որ նախ պահպանողական կրնայ թուիլ, սակայն ուշադիր ունկնդրողին ակնթարթի մը ընթացքին իմաստալից անակնկալներ կը բերէ, իր ժամանակակից արդիականութիւնը յիշեցնելով եւ յուշիկ նոր գիւտեր ներկայացնելով՝ վաղանցիկ թիթեռնիկի մը շղարշանման թեւերու նրբութեամբ: Նուագախումբը այս բոլոր յաջողեցաւ գեղեցկօրէն իրագործել:

Այստեղ տպաւորութիւնս այն է, թէ Մանսուրեան խեղդամահ ըլլալու վտանգը դիմագրաւող մեղաւորին սարսափալից նոպան չէ՛ որ կը ներկայացնէ, այլ ապաշխարող հաւատացեալի ամուր յոյսն ու հաւատքը, եւ այն ջերմութիւնն ու սէրը, որոնք կը բղխին այն զուսպ սակայն ապառաժեայ ներքին վստահութենէն՝ թէ մեղաւորը յիրաւի կրնայ յենուլ իր Փրկիչին՝ Բարի Նաւապետին վրայ: Ուրեմն Մանսուրեանի մեղաւորը խուճապի մատնուած չէ՝ այլ յոյսով տոգորուած: Հետեւաբար՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ խորհրդաւոր ու ազնուական քաղցրութիւն մը կը տիրէ եւ նրբագոյն երկիւղածութիւն մը կը ճառագայթէ: Վերջ ի վերջոյ նոյն զգացումը չէ՞ որ կ’ունենանք, երբ՝ ըլլայ Ս. Ղազար, ըլլայ Կոստանդնուպոլիս կամ այլուր՝ մեր աւանդական շարականները կ’երգենք ու կը լսենք: Ահա Մանսուրեան եւս յաջողած է, նոր ձեւերով եւ ժամանակակից ոճով, մեր միջնադարեան (եթէ ոչ ոսկեդարեան) շարականագիրներու ոգի՛ն թափանցել եւ ճի՛շդ նոյն թիրախին մօտենալ…:

Բնականաբար Պռնոյի Դաշնասիրային Երգչախումբի հիանալի sotto voce երգելու կարողութեան եւս շատ բան կը պարտինք՝ երաժշտահանի տեսլականին նուրբ երեսակներու հաւատարիմ ու համոզիչ՝ պիտի ըսէի նոյնիսկ պերճախօս ու հրապուրիչ իրագործման համար:

Ուստի՝ ներկայ կատարման հիման վրայ կրնանք ստուգապէս հաւաստել, թէ այս ինքնատիպ, թրթռուն, յուզական եւ ազնիւ ստեղծագործութիւնը միջազգային դասական երաժշտութեան երգացանկին թանկարժէք գոհար մը կը յաւելու: Արժանի է ուրեմն լայնագոյն ընդունելութեան, եւ յոյժ փափաքելի է զայն բազմիցս լսել՝ կարեւորագոյն միջազգային բեմերու վրայ, նորանոր մեկնաբանութիւններով:

Համերգի յայտագրի միւս գործը Եանաչէքի վերոյիշեալ Պատարագն էր: «Սրունկն աղուէսուկ» օփերայէն միայն մի քանի տարի ետք գրուեցաւ, եւ բաւական նման ձայնաշխարհի մը մէջ կրնայ զետեղուիլ: Գլագոլեան Պատարագը առաջնակարգ գործ մըն է, եւ բաւական պահանջկոտ՝ բոլոր մասնակից ուժերուն համար: Գոհունակութեամբ կը վկայեմ, թէ այս երեկոյ գործը բացառիկ կատարման մը արժանացաւ: (Դժբախտաբար այս հիանալի գործը երբեմն ցաւալի կոշտութեամբ կը կատարուի՝ աղմկոտ արուրային նուագարաններու անպատշաճ տիրապետութեամբ եւ տեղ-տեղ նոյնիսկ երգչախումբի անախորժ վայնասուններով:)

Բարեբախտաբար այսօր ամէն ինչ զուսպ էր եւ հաւասարակշիռ. եւ երբ Եանաչէք հսկայական ձայնային ծով մը կը կերտէր՝ նոյնիսկ ամենազանգուածային գագաթնակէտերու ընթացքին նո՛յն ազնուութիւնը կը շարունակէր իշխել: Այսպիսի ենթադրութիւն մը ապացուցանել թէեւ անկարելի է, սակայն միտքս այն տպաւորութիւնը ծագեցաւ, թէ Մանսուրեանի գործը, որ համերգի ներածութիւնը հանդիսացաւ՝ թերեւս իր բարեբաստիկ ներգործութեամբ բոլոր կատարողները նրբագոյն ոլորտի մը բարձրացուց, որ այնուհետեւ Եանաչէքի Պատարագի կատարման նպաստեց – նամանաւանդ երգչախումբի պարագային, որուն ձայները միշտ կիրթ, ողորկ ու մշակեալ մնացին: Նոյնիսկ արոյրներու փողերգը ազնուութիւն մը ունէր, եւ այս հիանալի համերգը իր պատշաճ աւարտին հասցուց:

Ղեկավար Dennis Russell Davies-ը, երգչախումբի վարիչ Petr Fiala-ն, բոլոր մենակատարները, եւ Պռնոյի Դաշնասիրային Նուագախումբը եւ Երգչախումբը մեր ջերմ շնորհաւորութեան եւ երախտագիտութեան արժանի են: Նոյնպէս շնորհաւորելի են սոյն պատմական համերգը յղացողներն ու ծրագրողները: Արդարեւ՝ ծննդաբան ու վանական Մենդելի հանճարին արժանի երաժշտական ձօն մըն էր այս: Զարմանահրաշ բան մըն է՝ թէ ինչպէ՛ս իրարմէ լիովին տարբեր եւ իրարմէ գրեթէ հարիւր տարուայ անջրպետով մը տրոհուած՝ եւ սակայն զիրար հիանալիօրէն լրացնող եւ իրարու վրայ փա՛յլ ճաճանչող այս երկու գլուխ-գործոցներու զուգորդութիւնը զմեզ ներշնչեց, առինքնեց, ոգեւորեց, եւ մեզի իսկական մտասքանչութեան անկողոպտելի պահեր պարգեւեց:

Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան

22 Յուլիս 2022

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում