Այսօր, Ամերիկա կը նշէ իր հիմնադրութեան 250ամեակը՝ երկրի տարածքին կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկներով, որոնց կը մասնակցին նաեւ ամերիկահայ համայնքները՝ արժեւորելով այս պատմական հանգրուանը։
Հայերը նշանակալի դեր ունեցած են մեր երկրի կերտման մէջ, իսկ երբ մեր համայնքները կազմակերպուեցան եւ զարգացան Ամերիկայի մէջ, անոնք նաեւ իրենց ներդրումը բերին Ամերիկայի յառաջընթացին եւ նուաճումներուն։
Ամերիկայի գաղութներուն մէջ հաստատուած առաջին արձանագրուած հայը եղած է Հայ Մարթինը (Martin the Armenian), որ ծանօթ էր նաեւ Ճան Մարթին (Յովհաննէս Մարտիկեան) անունով։ Ան ծնած էր Իրանի Սպահան քաղաքին մէջ եւ 1618ին հասած էր Վըրճինիայի Ճէյմզթաուն գիւղը՝ Անկախութեան հռչակագիրէն աւելի քան 150 տարի առաջ։ Կը պատմուի, թէ անգլիացիները զինք Ամերիկա բերած էին մետաքսագործութեան՝ մասնաւորաբար շերամաբուծութեան իր մասնագիտական գիտելիքներուն շնորհիւ։ Անոր կը վերագրուի գաղութին մէջ շերամաբուծութեան ներածումը։ Ան նաեւ ծխախոտի առեւտուրի մէջ յաջողութիւն արձանագրած է։
Թէեւ այդ շրջանի պատմական արձանագրութիւնները սահմանափակ են, Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ներկայութիւնը զգալիօրէն աճեցաւ 19րդ դարու վերջաւորութեան, երբ բազմաթիւ հայեր փախուստ տուին Համիտեան ջարդերէն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան նախերգանքը պիտի հանդիսանային։ Հայերը գլխաւորաբար հաստատուեցան Մեսեչուսեթսի Ուուսթըր եւ Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքներուն մէջ։ Իրենց աշխատասիրութեամբ, արհեստագիտական կարողութիւններով եւ գիւղատնտեսական փորձառութեամբ անոնք ոչ միայն յաջող ձեռնարկութիւններ հիմնեցին, այլեւ դրին ամերիկահայ համայնքին հիմքերը։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայերու զանգուածային նոր ներգաղթի ալիք մը բերաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր նորեկները միացան տասնամեակներ առաջ օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած բռնութիւններէն փրկուած իրենց հայրենակիցներուն։ Անոնք ապաստան գտան այդ նորաստեղծ, սակայն արմատաւորուող հայկական համայնքներուն մէջ եւ աստիճանաբար դարձան ամերիկեան հասարակութեան անբաժանելի մէկ մասը։
«Ամերիկեան ներգաղթեալի փորձառութիւն»ը, որուն համաձայն աշխատասիրութիւնն ու վճռակամութիւնը կրնան մարդուն ապահովել «կեանք, ազատութիւն եւ երջանկութեան հետապնդում, ինչպէս ամրագրուած է Անկախութեան հռչակագիրին մէջ, դարձաւ այդ ներգաղթեալներուն շարժիչ ուժը։ Անոնց հնարամտութիւնը, տոկունութիւնն ու յարատեւութիւնը ոչ միայն անձնական յաջողութիւններ բերին, այլ նաեւ էական ներդրում ունեցան Ամերիկայի յառաջընթացին ու բարգաւաճման մէջ։
Այսօր, ամերիկեան պատմութիւնը անկարելի է պատմել՝ առանց ընդգծելու այն որոշիչ դերը, որ ամերիկահայերը ունեցած են այս երկրի կերտման մէջ։ Գործարարութենէն մինչեւ արհեստագիտութիւն, բժշկութիւն, արուեստ, շարժանկարի աշխարհ, կրթութիւն, իրաւագիտութիւն, գիւղատնտեսութիւն, գիտական կեանք, պետական ծառայութիւն եւ բազմաթիւ այլ բնագաւառներ, միշտ ունեցած են ամերիկահայեր, որոնք մնայուն հետք ձգած են այս երկրի կեանքին ու ամերիկացիներու առօրեային վրայ։ Անոնց ներդրումը պէտք է արժանի տեղ գրաւէ Ամերիկայի 250ամեակի տօնակատարութիւններուն մէջ։

Նոյնպէս, «Ասպարէզ»ն ալ իր ուրոյն դերը ունեցած է ամերիկեան պատմութեան կերտման մէջ՝ վերջին 250 տարիներէն մօտ 120 տարիներուն ընթացքին արձանագրելով ամերիկահայ համայնքի կազմաւորման, զարգացման եւ յառաջընթացի պատմութիւնը։
1908ին, Ֆրեզնոյի մէջ, եօթը հսկաներ՝ Աբրահամ Կ. Սեքլեմեան, Յովհաննէս Քապատայեան, Աւետիս Թիւֆենքճեան, Կարապետ Սեդրակեան, Ասլան Ասլանեան, Պետրոս Յակոբեան եւ Լեւոն Յակոբեան, հիմնեցին «Ասպարէզ»ը։ Անոր առաքելութիւնը պարզ էր. համայնքին մատուցել ճշգրիտ տեղեկատուութիւն, դառնալ ազատ կարծիքներու եւ մեկնաբանութիւններու փոխանակման ասպարէզ, ինչպէս նաեւ կամուրջ հանդիսանալ դէպի հայրենիք։
Այդ պարզ, բայց համապարփակ առաքելութիւնը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ առաջնորդել «Ասպարէզ»ը՝ զայն դարձնելով կենսական նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւն մը, որ արձանագրած է ամերիկահայ համայնքի ճամբորդութիւնը՝ իր համեստ սկիզբներէն մինչեւ այսօրուան ազդեցիկ ու հզօր ներկայութիւնը։ Հայաստանի եւ համայնքային կեանքի զարգացումներուն վերաբերող լուրերէն անդին, «Ասպարէզ»ը լոյս սփռած է նաեւ հայազգի նորարարներու, առաջամարտիկներու, զինուորականներու եւ պատերազմի վեթերաններու գործունէութեան վրայ, որոնք ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ անփոխարինելի դեր Ամերիկայի կերտման ու զարգացման մէջ։
Ամերիկահայ ըլլալը, սակայն, միշտ չէ, որ միայն դրական փորձառութիւն եղած է։ Dirty Armenian (աղտոտ հայ) եւ Armo վիրաւորական արտայայտութիւնները երկար տարիներ ծառայած են հայերը նուաստացնելու եւ անոնց նկատմամբ խտրականութիւն գործադրելու համար։ Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ, 1950ական եւ 1960ական տարիներուն հայերուն սեփականութիւն ձեռք բերելու իրաւունքը սահմանափակելու փորձերէն մինչեւ այն դէպքերը, երբ ամերիկեան հսկայ ընկերութիւններ, ինչպէս Citi Bank-ը, ծառայութիւն մերժած են հայերուն՝ անոնց ազգային պատկանելիութեան պատճառով, ամերիկահայերը ստիպուած եղած են յաղթահարելու անհամար խոչընդոտներ։
Թէեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պաշտօնավարող ամերիկացի դիւանագէտներու ականատեսի հաղորդումները յստակօրէն փաստագրած էին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող ոճիրը, եւ թէեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի նախաձեռնութեամբ Քոնկրեսը հիմնեց Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը (Near East Relief), որ փրկեց Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հարիւր հազարաւոր հայեր, ամերիկահայութիւնը տասնամեակներ շարունակ ստիպուած եղաւ պայքարիլ Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսին դէմ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման եւ արդարութեան համար։ Թէեւ 2021ին, Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի միաձայն որոշումներէն ետք, Սպիտակ տունը եւս պաշտօնապէս ճանչցաւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այսօրուան վարչակազմը դարձեալ կը նահանջէ՝ խաթարելով Ամերիկայի յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներուն եւ արդարութեան նկատմամբ։
Ամերիկահայերը կը շարունակեն այդ նոյն պայքարը, քանի որ Միացեալ Նահանգները անգամ մը եւս ձեռնածալ մնաց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման ընթացքին, որ ի վերջոյ յանգեցուց Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան՝ Ատրպէյճանի ուժերուն ձեռքով։ Բազմաթիւ ճանաչուած իրաւապաշտպաններ այս ոճիրը բնորոշեցին իբրեւ ցեղային զտում եւ ցեղասպանութիւն։
Իբրեւ ամերիկացիներ, մենք՝ ժողովուրդը, Անկախութեան հռչակագիրով եւ այս մեծ երկրի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքներուն երաշխաւորներն ենք։ Ուստի պարտաւոր ենք զգօն մնալ, որպէսզի այդ իրաւունքները երբեք չոտնակոխուին, այլ պահպանուին ամենայն գնով՝ շարունակելով առաջնորդել եւ պաշտպանել մեր բոլոր համաքաղաքացիները։
Շնորհաւոր 250ամեակդ, Ամերիկա։



