Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորագիրը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 120-ամեակին առիթով.

  • 08.05.2026
  • 0
  • 78 Views

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

Յարգելի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ,

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով, մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ հիմնադրութեան 120-ամեակին առիթով։

Այս յոբելեանին առիթով ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, անոր աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն եւ բազմահազար կամաւորներուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ անսպառ կորով։ Թող յառաջիկայ տասնամեակները ըլլան աւելի մեծ իրագործումներու տարիներ, որպէսզի միասնաբար կերտենք կայուն, հզօր եւ մշակութապէս ծաղկուն ապագայ մը՝ համայն հայութեան համար։

Շնորհաւոր 120-ամեայ ազգանուէր ծառայութեան ուղին։

Յարգանքով եւ միութենական ջերմ բարեւներով՝

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Պէյրութ, 30 Ապրիլ 2026

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում