Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն Հայ Գերիներուն Գծով Հաշուետուութիւն Կը Պահանջէ

  • 02.10.2025
  • 0
  • 288 Views

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանէն կը պահանջէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներու կեցութեան եւ առողջական վիճակին մասին հաշուետուութիւն ներկայացնել` 4 Նոյեմբերը իբրեւ վերջնաժամկէտ սահմանելով:

Եւրոպական դատարանին մէջ, հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ Յուլիսին, ատրպէյճանական կողմը միջնորդած էր վերացնել հաշուետուութիւն ներկայացնելու իր պարտականութիւնը: Սակայն, Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու ներկայացուցիչներու առարկութիւններէն ետք, դատարանը վերջապէս մերժեց Ատրպէյճանի միջնորդութիւնը եւ պարտաւորութիւն դրաւ Պաքուին ուսերուն՝ հայ գերիներուն մասին տեղեկութիւն ներկայացնելու:

Սահակեան յայտնեց, որ, անշուշտ, տրամադրուող տեղեկութիւնը կը պատրաստուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ բազմաթիւ անգամներ արձանագրած են կեղծուած տուեալներ տրամադրելու մասին, բայց նոյնիսկ այդ հատուածական տեղեկութիւններու հիման վրայ կարելի է որոշ դիտարկումներ կատարել:

«Անգամ տեսնենք ոնց են մեր գերիները, ուրիշ բան չեն ասի, գոնէ մի հատ տեղեկութիւն` ոնց են էդ մարդիկ: Գոնէ էդ մարդկանց գոյութիւնը պահեն, որ մինչեւ տեսնեն ինչ են անում` հետ են գալիս, չեն գալիս», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ գերիի մը հարազատը:

 Սահակեան զարմանալի նկատեց, որ Նիկոլ Փաշինեան չ՛ըսեր, թէ Պաքուի մէջ հայերը անօրէն կերպով կը պահուին։ Փաշինեան նախորդող օրերուն թէ՛ ՄԱԿի բարձր ամպիոնէն եւ թէ ԵԽԽՎի մէջ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն` զանոնք որակելով իբրեւ «կոնֆլիկտի (հակամարտութեան) հետեւանքով անազատութեան մէջ գտնուող անձինք»:

Սահակեան կարեւոր նկատեց այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի վարչապետը գերիներու անազատութիւնը կը կապէ հակամարտութեան հետ, բայց, ըստ իրեն, խնդրայարոյց է, որ վարչապետը միջազգային հանրութեան առջեւ ունեցած իր ելոյթներուն մէջ չնշեց, որ հայերը անօրէն կերպով բանտարկուած կը մնան. ինքնին այդ անօրէն բնոյթը յառաջ կը բերէ անյապաղ ազատ արձակելու պարտականութիւն:

«Արդեօ՞ք մենք չպէտք է խօսէինք այդ անազատութեան բնոյթի մասին` համարձակօրէն նշելով, որ անազատութեան մէջ գտնուելը ապօրինի է, ոչ օրինական է, եւ կարծում եմ` այդ կարեւոր իրաւական որակումը պէտք է տրուէր նաեւ քաղաքական ամբիոնից, եւ սա չանելն է, որ մեզ մօտ տարակուսանք է առաջացնում», ըսաւ Սահակեան՝ աւելցնելով, որ Փաշինեանի համարձակութեան պակասը պայմանաւորուած է Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններով: Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի համար ոչ-փափաքելի ձեւակերպումներու օգտագործումը ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ բանակցային գործընթացին վրայ, հետեւաբար, Փաշինեան կը խուսափի այնպիսի ձեւակերպումներէ, որոնք կրնան անձնապէս զայրացնել Իլհամ Ալիեւը:

1 Հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ պատանդներու իրաւունքներու նիւթով քննարկումին ընթացքին, Սահակեան յայտարարեց, որ Պաքուի մէջ 23 հայ գերիներ կան: «Դա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ադրբեջանական կողմը հաստատում է 23 հայերի` Ադրբեջանում անազատութեան մէջ գտնուելու հանգամանքը եւ կայ ստուգելի տեղեկատուութիւն նրանց ողջ լինելու վերաբերեալ», ըսաւ Սահակեան՝ աւելցնելով. «Սա ամենեւին չի նշանակում, որ ի սկզբանէ գերեվարուել են եւ դեռեւս Ադրբեջանում պահւում են բացառապէս 23 հայեր: Եղել են այնպիսի զարգացումներ, որոնք բացայայտում են պատերազմական յանցագործութիւն, մասնաւորապէս գերիների սպանութիւններ: Ընդ որում այնպիսի դրուագներով, երբ արդէն գնդակահարուած գերու մարմինը յանձնուել է հայկական կողմին: Եւ այստեղ կայ համադրուած ապացոյցներ մի կողմից Ադրբեջանում գերի ընկած լինելու վերաբերեալ, միւս կողմից մարմինը գտնւում է հայկական կողմի տիրապետութեան ներքոյ: Երկրորդ` գերիները բռնի անհետացել են: Գերեվարմանը յաջորդող ժամանակահատուածում տեղի են ունեցել որոշակի զարգացումներ, որոնցով պայմանաւորուած կորցրել ենք տեղեկատուութիւնը  այս անձանց  վերաբերեալ: Ադրբեջանական կողմը ժխտողական մօտեցում ունի, հերքում է իր կապը բռնի անհետացած գերիների հետ, հրաժարւում է տրամադրել տեղեկատուութիւն: Նման անորոշութեան պայմաններում, չկայ որեւէ անկախ միջազգային կազմակերպութիւն, որը որոնողական աշխատանքների արդիւնքում կարողանայ յայտնաբերել փնտռուող անհետացած գերիներին, ստուգել նրանց ողջ լինելը եւ մեզ տեղեկութիւններ տալ նրանց ողջ լինելու վերաբերեալ»:

Սահակեան նշեց, որ, թէեւ կը յայտարարուի, թէ Հայաստան 23 գերիներ ունի, բայց  կան քանի մը տասնեակ բռնի անհետացած  գերիներ: «Բազմիցս խօսւում է 80 անձի մասին: Դա, ըստ էութեան, իրաւապաշտպանների փաստահաւաք գործունէութեան ընթացքում հաստատուած դէպքերն են: Սա երբեք չի կարող որակուել որպէս սպառիչ  թուաքանակ: Առնուազն 80 դէպքի մասին իրաւապաշտպանները փաստեր են ներկայացնում: Բայց այդ թուերը կարող են շատ աւելին լինել», դիտել տուաւ Սահակեան, որ նաեւ յայտնեց, թէ տեղեկութիւն ունին, թէ Խոշտանգումներու կանխարգիլման եւրոպական կոմիտէն այցելած է Ատրպէյճան: «Չենք բացառում, որ այցելութիւնների շրջանակում մէկանգամեայ  տեսակցութիւն ունեցած լինեն որոշ հայերի հետ: Ձեռնպահ կը մնամ մանրամասներ ներկայացնելուց: Ապագայում յայտարարութեամբ հանդէս կը գանք», յայտնեց Սահակեան:

Մինչ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչները միջոցներ կը փնտռեն Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներուն վիճակին մասին տեղեկութիւն ստանալու համար, Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուի 16 հայերու, ներառեալ` Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դատավարութիւնը:

Պաքուի զինուորական դատարանը արդէն հասած է 2016ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին` դարձեալ զանազան յանցագործութիւններ վերագրելով Հայաստանի զինուած ուժերուն: Նախօրէին տեղի ունեցած դատական նիստին ատրպէյճանցի մեղադրողը ներկայացուց փաստաթուղթեր, որոնք իբր թէ կը վկայեն, որ այդ ատեն Հայաստան սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող հրթիռներ արձակած է Թերթերու շրջանի Էսկիպարա գիւղին ուղղութեամբ, որուն պատճառով սպաննուած է Չինկիզ Սալման օղլու:

«Ինչպէս դատավարութիւնն է կեղծ, այնպէս էլ այդ տուեալներ են կեղծ», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց 2016ի քառօրեայ պատերազմին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած Սէյրան Օհանեան:

Հակադարձելով Պաքուէն հնչող մեղադրանքներուն՝ Օհանեան նշեց, որ Ատրպէյճան դատավարութիւն կը կատարէ ոչ միայն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն, այլ նաեւ` Հայաստանի դէմ:

Արձագանգելով սպիտակ ֆոսֆորի կիրարկման մասին կեղծ մեղադրանքներուն՝ Օհանեան հաստատեց, որ Հայաստան այդպիսի զէնքեր չէ ալ ունեցած: «Այնպէս որ` այդ ամէն ինչը կեղծիք է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւիցէ չի ունեցել սպիտակ ֆոսֆորով նման արկեր չի ունեցել: Իրականում 44օրեայ պատերազմի ժամանակ ֆոսֆորային արկեր կիրառել է Ադրբեջանը` Արցախի նկատմամբ», ընդգծեց Օհանեան։

Աղբյուր՝ «Ասպարէզ» օրաթերթ, ԱՄՆ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում