2024-ի Հոկտեմբեր 17-ին, Շտուտկարտի մէջ տպաւորիչ համերգով սկսան Հայ Մշակութային Օրերը (https://armenische-kulturtage-stuttgart.de) ՝ հայ մշակոյթի հարստութիւնը եւ բազմազանութիւնը նշանաւորելու նպատակով։ Բացումը, որ տեղի ունեցաւ Բատ Քանշթաթի Լութեր Եկեղեցւոյ մէջ, համախմբեց ոչ միայն հայ երաժշտութեան սիրահարները, այլեւ մշակութային փորձագէտներ, որոնք հիացան միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստագէտներ՝ Գուրգէն Բավէեանին եւ Տիանա Սահակեանին ելոյթներով:
Երեկոյին սկիզբը, համայնքի հոգեւոր հովիվ Տիրատուր քհն. Սարդարեան իր ելոյթով մեծարեց հայ մշակոյթը եւ անոր դարաւոր աւանդոյթները՝ շեշտելով, թէ՝ «Երաժշտութիւնը մեր պատմութեան սիրտն է: Ան կը պարունակէ մեր ժողովուրդի ցաւը, ուրախութիւնն ու յոյսը, եւ նաեւ կամուրջ մըն է դէպի ապագայ»:
Այնուհետեւ, բեմ բարձրացաւ համաշխարհային հեղինակութիւն ունեցող հայ բարիտոն Գուրգէն Բավէեանը, որ իր զօրաւոր եւ հուզիչ ձայնով խորը տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ: Բավէեանը մեկնաբանեց Կոմիտասի, Սպենտիարեանի, Պապաջանեանի, Սայաթ-Նովայի, Մելիքեանի եւ Տիգրանեանի գործերը, իր մասնաւոր վարպետութեամբ նոր շունչ տալով հայ երաժշտութեան հարուստ աւանդոյթներուն: Հատկապէս Սայաթ-Նովայի երգերը մատուցուեցան այնպիսի ջերմութեամբ եւ փայլքով, որ հանդիսատեսին հոգիներէն ներս հայ ժողովուրդի էութիւնն ու շունչը յայտնուեցաւ։

Դաշնակահարուհի Տիանա Սահակեանը, իր տեխնիկական վարպետութեամբ եւ երաժշտական նրբին զգայնութեամբ, յատուկ փայլք տուաւ համերգին: Ան ոչ միայն հմուտ մենակատար է, այլեւ ունակ է հայ երաժշտութեան նրբութիւնները եւ ներքին հարստութիւնը ի յայտ բերելու, ինչ որ համերգը վերածեց իսկական արուեստի իւրահատուկ ու անզուգական գործի։ Սահակեանի մասնակցութիւնը ոչ թէ զուտ ընկերակցութիւն էր, այլ հաւասար մասնակցութիւն: Ան փայլեցաւ, ստեղծելով խորքային երաժշտական երկխօսութիւն, որուն հանդիսատեսը անպայման կապուած մնաց:

Երեկոյին ամենայիշատակելի պահերէն մէկը այն եղաւ, երբ երկու արուեստագէտները իրենց հանդիսատեսին երկու նէափոլիտան երգեր նուիրեցին, վերջնականապէս գրաւեցին բոլորի սիրտերը եւ յառաջացուցին երկարատեւ ծափահարութիւններ:
Հայ Մշակութային Օրերը Շտուտկարտի մէջ սկսան այս անմոռանալի բացումով, բարձրացնելով նշաձողը յաջորդող ձեռնարկներուն համար։ Այսպիսի հմուտ երաժշտական մեկնաբանութիւններով եւ բարձրորակ արուեստով, յայտնի է, որ յառաջիկայ միջոցառումները մեծ հետաքրքրութիւն պիտի վայելեն հանդիսատեսին քով։
Երեկոյին վերջաւորութեան, Քահանա Հօր խօսքերը գրաւեցին ներկաները. «Հայաստանը այսօր միայն երաժշտութիւնը չէ, որ կը բաժնէ մեզի հետ, այլ՝ իր հոգին»
orer.eu




