Յաւարտ գիտաժողովի՝ Ուրբաթ, 1 Դեկտ. 2023
Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի ինը դասախօսութիւնները՝ նուիրուած Սրբոյն ժառանգութեան զանազան երեսակներուն եւ յառաջիկայ հրատարակութիւններ
Մայրաքաղաքիս Հայազգի անձնաւորութիւններէն՝ Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան վերջին ամիսներուն առիթը ունեցաւ Շնորհալւոյ նուիրուած մի քանի միջազգային գիտաժողովներու մասնակցելու:
Նախ՝ 21 Յունիսին Մաշթոցեան Մատենադարան եւ այնուհետեւ 30 Յունիսին Ս. Էջմիածին (անձամբ), Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ ժառանգի հետ առնչուած երաժշտական հարցեր խորագրով զեկոյցը ներկայացուց. այնուհետեւ (առցանց) Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ երգերն ու շարականները ըստ Ս. Ղազարու աւանդութեան խորագրովդասախօսեց ի Ս. Ղազար 19 Հոկտեմբերին: Իսկ յընթացս երեք այլ միջազգային գիտաժողովներու՝ Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ աւանդի զանազան երեսակներու մասին դասախօսելու առիթներ օգտագործեց. նախ 6 Յուլիսին՝ Psalmody in the Holy Armenian Orthodox Church խորագրով (առցանց), յընթացս Sounds of the East in the West of Europe գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Լիսբոնի Universidade Nova de Lisboa համալսարանը: Այնուհետեւ, 21 Սեպտեմբերին՝ Կարոլեան Համալսարանի Կաթողիկէ եւ Հուսսեան Աստուածաբանական Բաժանմունքներու կազմակերպած Eastern Catholic Theology on the Way of Unification Աստուածաբանական գիտաժողովին անձամբ դասախօսեց՝ The Mekhitarist Congregation of San Lazzaro as guardians and propagators of the legacies of SS Gregory of Narek and Nersēs of Klay խորագրով. ապա 23 Հոկտեմբերին՝ Չեխ Գիտութեանց Կաճառի հովանւոյ ներքեւ Contrafact in the Middle Ages գիտաժողովին մասնակցեցաւ, Contrafacta and related procedures in Armenian sacred music խորագիրը կրող ելոյթով մը, գլխաւորաբար Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ շարականներէն քաղուած օրինակներով:

Այս եօթը ակադեմական ելոյթներէն ետք՝ վերջին օրերուս Հայկ Իւթիւճեան ընդառաջեց երկու այլ գիտաժողովներու դասախօսելու հրաւէրներու եւս, որոնք տեղի ունեցան Լատւիոյ մայրաքաղաք Ռիգա եւ այնուհետեւ Հռովմ: Անդրադառնանք ասոնց մի առ մի:
Ռիգայի գիտաժողովը կազմակերպեց Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ Ս. Եկեղեցւոյ Պալթիկ երկրաց բարեջան առաջնորդ, Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեան, Լատւիոյ Համալսարանի Աստուածաբանական Բաժանմունքի գործակցութեամբ: Գիտաժողովը իսկապէս միջազգային բնոյթ ունէրե եւ Իւթիւճեանէմ զատ՝ Փարիզէն Պրոֆ. Արմէն Մութաֆեան, Կոստանդնուպոլիսէն Գերշ. Տ. Լէւոն Արք. Զէքիեան, Միացեալ Նահանգներէն Պրոֆ. Աբրահամ Տէրեան, եւ Հայաստանէն Ս. Էջմիածինէն Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան եւ Մաշթոցեան Մատենադարանէն Դր. Արուսեակ Թամրազեան եկած էին մասնակցելու: Իւթիւճեանի զեկոյցը կը կրէր The music of the Šnorhali Corpus: challenges and rewards խորագիրը եւ տեղի ունեցաւ 24 Նոյեմբերիին: Այնուհետեւ, 26 Նոյեմբերին տեղւոյն Հայկական եկեղեցւոյն մէջ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Իւթիւճեան սարկաւագ, Աւետարանի ընթերցմամբ, Վերաբերումի կատարմամբ, նաեւ բացակայ երգեհոնահարուհւոյ պակասը լրացնելով եւ Շնորհալւոյ վերագրելի «Նոր Ծաղիկ» տաղի Ս. Ղազարու գեղեցիկ ծանր տարբերակը երգելով, որ մեզի հասած է Մխիթարեան Ս. Հարց շնորհիւ: Ս Պատարագը մատոյց Տ. Խոսրով Քհնյ. Ստեփանեան (որուն յիսուներորդ տարեդարձի բարեբաստիկ առիթը ամբողջ համայնքի կողմանէ մեծ շուքով տօնուեցաւ նախորդ երեկոյեան), իսկ հոգեպարար արարողութեան հանդիսապետեց եւ քարոզեց առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Հայկ Իւթիւճեանի դասախօսութեան ներածական սահիկը
Հռովմի գիտաժողովը կը կոչուէր Plenitude of Grace, Plenitude of Humanity, եւ տեղի ունեցաւ Հռովմի Քահանապետական Արեւելեան Հիմնարկի հովանւոյ ներքեւ, Հիմնարկիս Magna Aula դահլիճին մէջ: Իւթիւճեան սարկաւագի մասնակցութիւնը հնարաւոր դարձուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վատիկանի Պատուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի տնօրինած նիւթական աջակցութիւնը: Գիտաժողովի մասնակիցները համաշխարհային մասնագէտներ էին, եւ ցանկը կը պարունակէր Կարտինալ Կլաւրիոս Կուջերոտտի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Ամերիկայէն, եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ականաւոր մասնագէտներ (որոնց թուին կային նաեւ Իտալացի հետազօտողներ): Այս առթիւ եւս հանդէս եկան Պրոֆ. Աբրահամ Տէրեան եւ Գերշ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան: Հայկ Իւթիւճեանի ելոյթը On the music associated with the legacy of St. Nerses the Gracious խորագիրը կը կրէր, եւ տեղի ունեցաւ 1 Դեկտեմբերին: Գիտաժողովը երեք օր տեւեց, խճողուած զանազան լեզուներով տրուած շահեկան դասախօսութիւններով: Գիտաժողովը մբողջութեամբը հեռասփռուեցաւ եւ հասանելի է Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկի իւ-խողովակի կայանի վրայ (երկու ինուկէս ժամնոց բաժիններով): Բոլոր կազմակերպողները եւ ձեռնարկիս իրագործման նպաստողները արժանի են շնորհաւորութեան եւ գնահատանաց, յատկապէս գիտական խորհուրդը, որուն վրայ կը ծառայէին Դր. Մարկօ Բաիս, Պրոֆ. Զարուհի Պօղոսեան, Պրոֆ. Աբրահամ Տէրեան եւ Գերշ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան: Իսկ Իւթիւճեանի միւս վերոյիշեալ ելոյթները հասանելի են իր իւ-խողովակի անձնական կայանին վրայ, Haig Utidjian անուան տակ որոնելով:

Ընթերցողները անշուշտ տեղեակ պիտի ըլլան, որ Դեկտեմբերի սկիզբը Հռովմ զանազան այլ ձեռնարկներ եւս ծրագրուած էին, որոնք տեղի պիտի ունենային Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ Ս. Եկեղեցւոյ զոյգ կաթողիկոսական աթոռներու, Հայաստանեայց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հռովմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միացեալ ջանքերով: Վերոյիշեալ գիտաժողովէն զատ՝ տեղի պիտի ունենային երկու համերգներ՝ Santa Maria Maggiore եկեղեցւոյ եւ այնուհետեւ Սիստեան Մատրան մէջ, Հայկ Իւթիւճեանի ղեկավարութեամբ, եւ տեղի պիտի ունենար Հռովմի Քահանայապետի եւ Հայոց Հայրապետաց նախագահութեամբ Էքիւմէնիկ արարողութիւն մը Ս. Պետրոս տաճարի մէջ: Դժբախտաբար սակայն՝ տարաբախտ Արցախահայութեան կրած աղէտի հետ առնչուած պարագայից բերմամբ այս Աստուածահաճոյ ձեռնարկները Մայր Եկեղեցւոյ կողմանէ յետաձգուեցան՝ ցնոր տնօրինութիւն: Բնականաբար, ահագին նախապատրաստական աշխատանքներ տարուեցան այս բոլոր ձեռնարկներու առնչութեամբ: Իւթիւճեան սարկաւագ միջազգային խումբ մը կազմեց (Voces Sancti Nersetis Clajensis), որուն անդամները քաղուած էին զանազան կեդրոններէ. այս մասնագէտ խումբը Սրբոյն ժառանգութեան հետ առնչուած շարականներ, տաղեր, եւ ժամագրոց եւ Ս. Պատարագի երգեր պիտի կատարէր՝ ձայնագրուած, խմբագրուած եւ ընտրուած Իւթիւճեանի կողմանէ, իր ղեկավարութեամբ, եւ քաղուած Վաղարշապատի, Կոստանդնուպոլսոյ, Վենետկոյ, Վիեննայի, Զմմառու, Անթիլիասի եւ Նոր Ջուղայի աւանդութիւններէն:


Ուրախ ենք սակայն հաղորդելու, որ Վենետկոյ Մխիթարեան Ս. Հարք ազնուօրէն պատրաստակամութիւն արտայայտած են՝ Իւթիւճեանի կազմած «Ձայնագրեալ Ծաղկաքաղ Ս. Ներսիսի Շնորհալւոյ երգոց, շարականաց եւ տաղից» հաւաքածոն ի լոյս ընծայելու, զայն իրենց հրատարակչական ծրագրին մէջ պաշտօնապէս ընդգրկելով: Ատկէ զատ՝ Իւթիւճեանի յօդուածներէն մին լոյս պիտի տեսնէ Բազմավէպ հանդէսի նոր թիւին մէջ, նուիրուած սրբոյն տաղերէն երեքին, իսկ աւելի ընդարձակ յօդուած մը պիտի հրատարակուի յԱնթիլիաս՝ յառաջիկայ Հասկ Հայագիտական Տարեգրքի մէջ: Անգլերէն լեզուաւ յօդուած մըն ալ լոյս պիտի տեսնէ Հռովմի գիտաժողովի զեկոյցներէ բաղկացած յառաջիկա հատորոյ մը մէջ, որ Իտալիայ պիտի հրատարակուի: Լիայոյս ենք որ վերոյիշեալ հրատարակութիւնները եւ առցանց նիւթերը Սրբոյն 850-ամեակի տօնակատարութեանց օգուտը աւելի մնայուն պիտի դարձնեն, զի Սրբոյն յօրինմանց եւ օրհնաբեր տեսլականի ընձեռած օրհնութեան կը կարօտինք մեծապէս, ոչ նուազ այսօր քան անցեալ ժամանակներուն:
orer.eu

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տէր Խոսրով Քհնյ., Նախագահութեամբ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեանի



