Դար մը` յիշողութեան, կրթութեան եւ ազգային ուխտի ճամբուն վրայ Հակառակ աշխարհը ցնցող աշխարհաքաղաքական ճգնաժամերուն եւ տարածաշրջանային անորոշութիւններուն, աշխարհացրիւ Մելգոնեանցիներ ամիսներ առաջ արդէն իսկ վճռած ու ծրագրած էին ուխտագնացաբար հասնիլ Կիպրոս` արժանավայել կերպով տօնելու իրենց Մայր Կրթարանին` Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը:
Յունիս 25-28-ը, Մելգոնեանի պատմական շրջափակը վերածուած էր համահայկական հոգեւոր ու յիշողութեան սրբավայրի, ուր աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ համախմբուած էին հայու անխոնջ հպարտութեամբ, մելգոնեանցիական անխախտ արժանապատուութեամբ եւ խորին երախտագիտութեամբ` խոնարհելու իրենց մեծազնին բարերարներուն` Աղա Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն անմահ յիշատակին առջեւ: Այդ օրերուն Մելգոնեանը այլեւս պարզապէս կրթական հաստատութիւն մը չէր, այլ` համազգային յիշողութեան կենդանի տաճար մը, ուր վերակենդանացան դարաւոր յիշատակներ, ամրապնդուեցան սերունդներու կապերը եւ վերահաստատուեցաւ այն անխզելի ուխտը, որ Մելգոնեանցին կը կապէ իր Մայր Կրթարանին` անկախ աշխարհագրական հեռաւորութիւններէն եւ ժամանակի անցողիկ փորձութիւններէն:
Դար մը առաջ` 1926 թուականին, Կիպրոսի չքնաղ կղզիի սրտին, մայրաքաղաքէն հեռու տարածութեան մը վրայ, վեր խոյացան եռայարկ երկու վեհաշուք շէնքեր, որոնք կոչուած էին դառնալու ոչ միայն կրթական օճախ, այլեւ ազգային վերածնունդի խորհրդանիշ: Այդ հսկայ համալիրին հանդիսաւոր մուտքը կը զարդարէին երկու խորհրդաւոր պուրակներ, որոնց ծառատունկը կատարեցին հաստատութեան առաջին սաները` որբերը, որոնք հաւաքուած էին Կիլիկիոյ եւ հայրենիքի տարբեր շրջաններու որբանոցներէն: Անոնք Մեծ Եղեռնէն վերապրած այն սերունդն էին, որոնց մանկութիւնը խլուած էր, որոնց յիշողութեան մէջ դեռ կը թնդային կորստեան ահաւոր պատկերները: Անոնք իրենց ետին ձգած էին անթաղ հարազատներու մարմինները, կիսատ մնացած ընտանեկան օճախներն ու խորտակուած աշխարհը:
Այդ պատճառով ալ, իբրեւ խունկ եւ աղօթք իրենց նահատակ ծնողներուն ու հարազատներուն յիշատակին, անոնք հազարաւոր նոճիներ տնկեցին: Ժամանակի ընթացքին այդ պուրակները դարձան յիշողութեան կենդանի սրբավայրեր` եզակի երեւոյթ մը ամբողջ աշխարհի մէջ, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը ոչ թէ մարմարէ կերտուած յուշարձանով, այլ կենդանի ծառերով, շնչող անտառներով ու մշտադալար բնութեամբ յաւերժացուեցաւ: Անոնք դարձան ապրող խաչեր, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն վկայել հայ ժողովուրդի անմահ յիշողութեան մասին:
Տարիներու ընթացքին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերածուեցաւ նաեւ կրթութեան, դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան լուսաւոր տաճարի: Սկզբնապէս որբախնամ առաքելութեամբ ծնած այս կրթօճախը հետագային իր դռները լայնօրէն բացաւ ուսումնատենչ հայ պատանիներու առջեւ` աշխարհի տարբեր գաղութներէն: Անոնք, կամայ թէ ակամայ, հետեւեցան Մելգոնեան եղբայրներու տեսլականին` դառնալ պիտանի հայեր, գիտակից քաղաքացիներ, ազգային արժէքներու կրողներ, որոնք իրենց ստացած կրթութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ ծառայութեամբ պիտի շարունակէին իրենց ազգին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւնը: Ահա թէ ինչու այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն, գիտութեան, կրթութեան, արուեստի, մշակոյթի, քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ հանրային կեանքի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ, ՙՄելգոնեանցի՚ անունը կը հնչէ որպէս որակի, ազնիւ դաստիարակութեան, բարձր կրթութեան եւ ազգային արժանապատուութեան խորհրդանիշ: Հարիւրամեայ այս պատմական հանգրուանին, աշխարհասփիւռ Մելգոնեանցիները կրկին համախմբուեցան իրենց հարազատ կրթօճախին շուրջ` արժանավայել կերպով ոգեկոչելու հաստատութեան հարիւրամեակը:
Տօնակատարութիւններու մեկնարկը տեղի ունեցաւ Կիպրոսի Նախագահական պալատին մէջ, ուր հանդիսաւոր պայմաններու ներքոյ ներկայացուեցաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հարիւրամեակին նուիրուած յուշամատեանը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Կիպրոսի կրթական, պետական եւ մշակութային կեանքի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, մամուլի եւ տեղեկատուութեան պատասխանատուներ, Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանը, հոգեւոր դասի անդամներ, պետական այրեր եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ: Հանդիսութիւնը վերածուեցաւ ոչ միայն յոբելենական տօնի, այլեւ ազգային յիշողութեան, երախտագիտութեան եւ ապագայի հանդէպ հաւաքական պատասխանատուութեան հանդիսաւոր վերահաստատման: Յաջորդիւ պիտի ներկայացնենք այդ առիթով արտասանուած խօսքերն ու պատգամները, ինչպէս նաեւ անդրադառնանք հարիւրամեակի յաջորդական ձեռնարկներուն, որոնք դարձան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան դարաւոր ժառանգութեան արժանի շարունակութիւնը:
ՊԱՅԾԻԿ
«Պայքար» շաբաթաթերթի խմբագրականը
ԱՄՆ



