Մարդիկ, որոնք որդեգրուած են, ծնողնին փոխած, առաւել եւս այլ երկրէ եւ այլ ազգէ որդեգրուած, որոնք չեն գիտեր անգամ իրենց կենեդիկ մայրն ու հայրը` որովհետեւ ծնած պահուն իսկ որդեգրուած են` եթէ իրեն չըսուի, թէ դուն որդեգրուած ես եւ դուն այս կամ այդ երկրէն ես` ինք տեղեակ նոյնիսկ չըլլար։
Անձը` երբ չգիտնայ իր ազգութիւնը եւ խօսի իրեն որդեգրող ընտանիքի լեզուն` ապա այդ կը դառնայ իր մայրենին։
Իսկ ի՞նչ կը պատահի որդեգրուած մարդուն, որ տարիներ շարունակ կարծած է, որ ինք պատկանած է ազգի մը` եւ հիմա յանկարծ ի յայտ եկած է, որ ինք սխալած է։
Ըստ ոմանց` այդ անձը հիասթափուած, խարխափումի մէջ մտած` անցնող տարիները` պատրանք կը համարէ։
Այո’ բայց այս մէկը կը զգայ միայն սկիզբնական շրջանին, որով մարդուն սրտին եւ մտքին մէջ փոփոխութիւն մը կը կատարուի` այն ալ անսպասելիօրէն։ Խնդիրը փոփոխութեան մէջ է, որ պատճառ կը դառնայ իր տառապանքին։
Սկիզբը կը տառապի` իսկական ժողովուրդին դառնալու եւ չդառնալու միջեւ։ Այսպիսի երեւոյթներու բազմիցս կը հանդիպինք։
Իրականութեան մէջ հարցը դառնալու կամ ուրիշ միջավայր երթալու մէջ չէ, այլ` փոփոխութեան մէջ է։
Քանզի ինք վարժ էր մթնոլորտի մը, իսկ այժմ իրեն թելադրուած է մէկ այլ միջավայր։
Հարցը կը ստեղծուի փոփոխութեան պատճառաւ, ուր անձը կրնայ մղձաւանջի մէջ մտնէ եւ կրնայ չմտնէ։
Կայ այլ երեւոյթ մը եւս, որ մարդիկ կան, որոնք կ’իմանան իրենց բուն արմատները եւ իրենց դառնալուն պատճառաւ կը տառապին։
Որովհետեւ, ճիշտ էր, որ ան որդեգրուած էր, բայց միեւնոյն ատեն ուրախ էր զինք մեծցուցած եւ դաստիարակած ծնողներուն հետ։ Արդ` երբ կ’իմանայ թէ’ բուն արմատները այս ընտանիքը չեն` այն ատեն աւելի կը տառապի։
Որով երբ ինք ընդգրկուած էր այս ընտանիքին մէջ` ոչինչ զգացած էր։
Այստեղ մղձաւանջը` փոփոխութեան եւ դառնալուն մէջ է։
Իր տառապանքը որդեգրողներուն պատճառաւ չէ, այլ հակառակը` ինք այդ ընտանիքով բաւարարուած էր։
Իր մտավախութիւնն ու տուայտանքը կը կայանայ, թէ ովքե՞ր են իր բուն ծնողները։ Երբ հանդիպի` ինչպէ՞ս հաղորդակցութեան մէջ պիտի մտնէ անոնց հետ։
Որդեգրուողին
ամենամեծ ցաւը` առաջին հանդիպումն է բուն ծնողներու հետ, որմէ շատ կը խուսափին։
Մարդիկ կան, որ ընդհանրապէս չեն ալ ցանկար տեսնել իրենց իսկական ծնողները, ըսելով` այս է իմ ծնողքս` եւ վերջ, քանզի իր արմատներուն դառնալը իրեն համար աւելի դժուար է։
Որդեգրուողներ կան, որ միայն պահ մը կը ցնցուին, ետքը իրեն համար կենեդիկ հայը որեւէ նշանակութիւն չունենար` այդքան պարզ։ Եթէ իրեն առաջարկուի, թէ կ’ուզե՞ս իսկական հօրդ քով երթալ` կը մերժէ։
Սկիզբը կը փորձեն գտնել իրենց բուն ծնողները, բայց եւ այնպէս կը վերադառնան իրենց որդեգրողին։
Այս է միտք բանին` միջավայրդ։
Մշակոյթը, որ դուն առած ես, որդեգրած ես զայն` անոր պիտի դառնաս։ Շատ քիչ մարդոց կը հանդիպիս, որ ինք իսկապէս իր կամքովը ընտրած է կամ որդեգրած է որեւէ մէկ այլ մշակոյթ։
Դուն կը ծնիս մշակոյթի մը մէջ եւ քեզ այնպէս կը դաստիարակեն, որ դուն ակամայ փարած կ’ըլլաս այդ մշակոյթին։
Իսկ ինչո՞ւ կը փարիս, որովհետեւ մանկութենէդ ծնողներդ ինչ սերմանած են մտքիդ եւ հոգիիդ մէջ` այդ մէկը քեզի համար կը դառնայ օրէնք, մտքիդ մէջ փորագրուած օրէնք։
Բայց եթէ մեծնաս առանց պարտադրուած մշակոյթի մը, ապա մեծնալէդ ետք` ազատ կամքովդ ընտրես քու նախասիրած մշակոյթդ` ապա ան կ’ըլլայ քեզի համար հոգեհարազատ։
Կամ ապրած ըլլաս մշակոյթի մը մէջ, բայց ունենաս ինքնագիտակցութիւնը, որ դուն չես ընտրած այս միջավայրը, այլ պարտադրուած է քեզի եւ հիմա դուն կարող ես ընտրել որեւէ այլ մշակոյթ մը եւ ընդելուզուիս անոր մէջ` ապա դուն կարող ես ընտրածդ մշակոյթին հետ ընտելանալ եւ նոյնիսկ մնալ ո՞ւր որ էիր, որովհետեւ քեզի տրուած է ազատութիւնը։
Մարդիկ, որ դաւանանքնին կը փոխեն, ինչպէ՞ս կը փոխեն` համոզուած եւ ուրախ։
Շատ մը ծագումով հայեր կան, որոնք անգամ չեն գիտեր թէ հայ են` շատ բնականոն կերպով կ’ապրին։ Նոյնիսկ եթէ գիտնան իրենց ծագումը, այդ մէկը ոչինչ կը փոխէ իրենց մէջ։
Հարց մը` աշխարհի երեսին, որքան ժողովուրդներ կան, որոնք ո՛չ երկիր ունին, ո՛չ լեզու, բայց կենեդիկօրէն կը պատկանին պատմական ցեղախումբի մը, որ այսօր ձուլուած է։ Ուրեմն այդ խմբակները
ինքնութիւն չունի՞ն, իրենց կեները սրբուած ե՞ն, ո՛չ չեն սրբուած, ազգի մը կենը
չի փոխուիր։
Այս պարագային այսպիսիք ի՞նչ միջոցներ կ’որդեգրեն, ո՞ւր կ’երթան։
Ո՞ւր որ ծնած են` կը մնան, կամ ո՞ր երկիրը կը նախընտրեն ապրիլ, կամ այն մշակոյթը, որ կը սիրեն` այդ խումբերուն կ’անդամակցի։
Այսքան հին հայեր կան, որոնք արաբախօս են, ինչո՞ւ կեները չեն մղեր զիրենք հայերէն սորվելու։
Այսօր սփիւռքահայութեան մեծամասնութիւնը ապրած երկրի լեզուով աւելի հեզասահ կ’արտայայտուի, քանի հայերէնով։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ տուեալ երկրի ժողովուրդին հետ աւելի շփման մէջ է, քան` իր ընտանեկան պարագաներուն։
Եթէ կեները կը կանչեն` ուրեմն սփիւռքի մէջ ձուլուած հայերուն` պէտք է մղէ դէպի արմատներ յետդարձ կատարելու։
Արդ` կեները առընչութիւն չունին լեզուին հետ, տեղ մը չկայ քու ծրագրաւորմանդ մէջ, որ դուն այդ լեզուն պէտք է սորվիս։ Մանկութենէդ ինչ կը լսես` վերջ։
Լեզուն ուղեղիդ հետ կապ ունի, եւ ինչքան դուն ուղեղիդ նյարդային հիւսուածքներ կը շինես, որքան Նյարդային հիւսուածքները շատ ըլլան` այդքան աւելի արագ կ’ըլլայ, եւ որքան մանկութենէդ ըլլայ` այդքան աւելի արագ եւ աւելի լաւ կ’ըլլայ։
Երկիրներ կան, որոնք քանի մը լեզու կը գործածեն, անոնք ի՞նչ կ’ընեն։
Մենք հայերս` այլազան բարբառներէ բացի, ունինք երկու պաշտօնական լեզուաճիւղեր` արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայերէն, որոնք տարբեր են եւ միմեանց չեն հասկնար, ի բաց առեալ զարգացած խաւը։
Երկու տարբեր լեզուներ, եւ եթէ այսպէս շարունակուի` հետզհետէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ լեզուներու տարբերութիւնները։ վերջաւորութեան` քանի մը հարիւր տարի ետք կը տենենք, որ ամէն մէկը լեզու մը դարձած է։
Ուրեմն ի՞նչ պատահեցաւ` լեզուն փոխուեցաւ եւ կենը կայուն եւ հաստատ հիմքերու վրայ կ’ըլլայ եւ ո՛չ փոփոխական։
Ուստի, մենք պարտին ո՛չ թէ կեներու միջոցաւ ազգասիրութիւն պատուաստել մարդկանց, այլ` սիրցնենք մեր մշակոյթը, մեր լեզուն, մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, այն ատեն մարդը ինքնակամ կ’որոշէ հայ ըլլալ, որովհետեւ դուն յաջողեցար սիրցնել քու ազգդ եւ ազգիդ զաւակներուն եւ այլազգի մը, որ ընդհանրապէս հայկական ո՛չ մէկ ջիղ ունի, բայց հայացաւ։
Ինչո՞ւ չէ, ինչո՞ւ չի ներգաւենք մեր ազգին մէջ այլազգիներ եւ որպէս հայ որդեգրենք զիրենք` շահելով հայ մը ազգին շարքերուն մէջ։
Խորէն Փիլաւճեան
Հալէպ



