Մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին։ Պատարագեց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայրապետական իր պատգամը յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը: Անոր առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան:
Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։
Մեծաթիւ հաւատացեալներու կողքին Սուրբ Պատարագին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ներկայ թէ անցեալի նախարարներ ու պետական երեսփոխաններ, Կաթողիկոսութեանս Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքային ու քաղաքական դէմքեր:
Վեհափառ Հայրապետի պատգամին առանցքն էր Քրիստոսի «մի՛ Վախնաք» կոչ-յորդորը. «մի՛ վախնաք, այլ հաւատացէք, ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը» (հմմտ. 28.20)»: Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոս Իր աշակերտներուն խրախուսեց չվախնալ եւ խոստացաւ վերադառնալ աշխարհ։ Հայրապետը աւելցուց, որ չկայ կրօնքի հիմնադիր կամ առաքեալ, որ նման խոստում տուած է իր հետեւորդներուն: Առ այդ, քրիստոնէութիւնը միակ կրօնքն է, որ ո՛չ միայն երկրորդ գալուստի սպասումով կ՚ապրի, այլեւ կը հաւատայ, որ Յարուցեալ Քրիստոս Իր հօտին հետ է մինչեւ աշխարհի վախճանը: Նորին Սրբութիւնը շարունակեց՝ յիշեցնելով հաւատացեալներուն, որ Եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է. ուստի, ուր որ հաւաքուած են հաւտացեալները՝ հոն Քրիստոս ներկայ է։ Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի ներկայ անորոշ եւ դժնդակ պայմաններուն մէջ Քրիստոս մեզի հետ է՝ այս Սուրբ Յարութեան տօնին մանաւանդ. ուստի, ան վերաշեշտեց ոչ միայն Քրիստոսի զօրութեամբ պարուրուած չվախնալ, այլ նաեւ հաւատալ. «ուր հաւատք կայ, հոն ինքնավստահութիւն կայ, հոն հզօրութիւն կայ, հաւատարմութիւն կայ: Այսօր, Սուրբ Յարութեան տօնին, Քրիստոսի ներկայութեամբ մենք կը վերանորոգենք մեր քրիստոնէական հաւատքը: Մենք կոչուած ենք վերանորոգելու քրիստոնէական կեանքին միախառնուած մեր ազգային արժէքները, ապրումները, իտէալները»։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «այսօր, ինչպէս գիտէք, Միջին Արեւելքը տագնապալից ու անոնրոշ օրեր կ՚ապրի եւ, բնականաբար, տագնապի մէջ են միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր համայնքները: Պատերազմը աւեր կը գործէ տարածաշրջանէն ներս՝ մարդկային, նիւթական թէ տնտեսական: Հայ համայնքները բնականօրէն ենթակայ են պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն: Մեր համայնքներուն անվտանգութիւնը մեզի համար բացարձակ առաջնահերթութիւն է: Մենք խորապէս մտահոգ ենք այս կացութեամբ եւ մօտէն կը հետեւիքն շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն: Այս առումով մնայուն կապի մէջ ենք մեր կրօնական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Եւ, ուստի, կը վստահեցնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ Սփիւռքի հոգեւոր կեդրոնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր Միաբանութեամբ, կեդրոնական վարչութեամբ եւ յարակից մարմիններով ձեզի հետ է: Ուր Տագնապ կայ, ծառայութեան կարիք կայ՝ Անթիլիասը միշտ եղած է հոն, որովհետեւ Անթիլիասը պատերէն անդին, վայրէն անդին՝ ծառայութի՛ւն է՝ մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու տագնապներուն հետ նոյնացող: Հետեւաբար, այսօր մեր ժողովուրդին համար հոգեւոր ցնծութեան օր է, հոգեւոր ինքնավստահութեան օր է, քանի որ Քրիստո՛ս մեզի հետ է», հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով ու ընդգծելով, թէ «քրիստոնէութիւնը մուտք գործելով հայոց աշխարհ՝ հայացաւ։ Ան հայութեան հետ շաղախուեցաւ եւ հայկական ինքնութիւնը քրիստոնէական նկարագիր ստացաւ: Հետեւաբար, կարելի չէ երբէք բաժանման գիծ քաշել ազգային եւ կրօնական մեր ապրումներուն, տագնապներուն, երկունքներուն, արժէքներուն եւ իտէալներւն միջեւ»
Նշենք, որ պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը Խորանէն ողջունեց աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը՝ աւետելով Քրիստոսի Յարութեան լուրը: Հայրապետը նաեւ ողջունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը՝ անոնց մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով եւ ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն: Հայրական ջերմ սիրով ողջունեց Կաթողիկոսութեանս թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները՝ մաղթելով, որ անոնց կեանքը լեցուի Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ու շունչով:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց զատկական շնորհաւորութիւնները։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը Սուրբ Զատկուան Առիթով
«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ, ՄԻԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱՑԷ՛Ք…»
Այսպէ՛ս ըսաւ Քրիստոս մահուան դիմաց գտնուող հիւանդին, փոթորիկի մէջ մնացած աշակերտներուն, կեանքի տագնապներով ընկճուած ու անորոշութիւններով տիրապետուած իր հետեւորդներուն (Ղկ 12.32): Նոյն կոչը ուղղեց Յիսուս վտանգալից կացութիւններուն դիմաց, ինչպէս նաեւ իր յարութեան նախօրեակին՝ մի՛ խռովիք, մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք (Յհ 14.27):
Քրիստոնէութիւնը, վախէն փախչող, վախին դիմաց ընկճուող, վախին տեղի տուող կրօն չէ, այլ՝ վախին դիմաց ամուր կեցող, վախը քաջութեամբ դիմակալող, վախը հաւատքով յաղթահարող կրօն է: Հաւատքը ներքին հզօրութեան ու ինքնավստահութեան աղբիւր է: Հաւատքը հզօր վահան է վախի ու յուսահատութեան դիմաց: Ան զօրեղ զէնք է չարին, մեղքին ու նոյնիսկ մահուան յաղթող: Սա էութիւնը կը կազմէ Քրիստոսի ուսուցումներուն. «Հաւատքդ քեզ փրկեց» (Ղկ 7.50) ըսաւ Յիսուս մեղքերու տիղմին մէջ խրած կնոջ:
Իր յաղթական յարութեամբ Քրիստոս վերահաստատեց իր առաքելութեան հիմքը կազմած պատգամը՝ «մի՛ վախնաք, այլ հաւատացէք, ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը» (Մտ 28.20): Արդ, Քրիստոսի յարութիւնը աղբիւր է հաւատքի հզօրութեան ու միաժամանակ, չարն ու չարիքը, տառապանքն ու տագնապը յարութեան հաւատքով յաղթահարելու կոչ է:
«Մահուամբ մահը յաղթած» եւ միշտ մեզի հետ ըլլալու ու դարձեալ վերադառնալու խոստումը տուած Աստուծոյ Որդին եկեղեցւոյ՝ իր խորհրդական մարմնոյն ճամբով դարձեալ կոչ կ’ուղղէ՝ հաւատարմութեամբ ու նոյնիսկ արեան նահատակութեամբ իրեն հետեւած մեր ժողովուրդի զաւակներուն.- Մի՛ խռովիք, մի՛ յուսահատիք, մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք:
Արդ, եկէ՛ք դառնանք իր հրաշափառ յարութեամբ՝ տագնապը վերանորոգ յոյսով, վախը ամուր կամքով, մահը յարութեան շունչով նուաճելու մեզի հաւատք պարգեւած Քրիստոսին եւ յարութեան հաւատքով մեր կեանքը շաղախենք ու հաւատքի զօրութեամբ դիմագրաւենք մեր շուրջը յառաջացող տագնապները:
*
* *
Այս օրերուն տագնապի մէջ են Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր համայնքները: Պատերազմը աւեր կը գործէ տարածաշրջանէն ներս՝ մարդկային, նիւթական թէ տնտեսական: Հայ համայնքները բնականօրէն ենթակայ են պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն: Մեր համայնքներուն անվտանգութիւնը մեզի համար բացարձակ առաջնահերթութիւն է: Արդարեւ, քաղաքական, կրօնական, մշակութային, տնտեսական ու ընկերային տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով, անհրաժեշտ կը նկատենք, որ մեր հայրենակիցները, տեղական պայմաններուն պատշաճելու կողքին, կառչած մնան հետեւեալ սկզբունքներուն.-
– Հաւատարիմ ըլլան իրենց պետութեան որդեգրած ուղղութեան ու որոշումներուն: Մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց ապրած երկիրներուն մէջ միշտ եղած են տիպար քաղաքացիներ: Ներկայ տագնապալից պայմաններուն մէջ մեր համայնքները պէտք է գործնապէս ապացուցեն իրենց հաւատարմութիւնը:
– Մասնակից դառնան տագնապները յաղթահարելու, դժուարութիւնները մեղմացնելու, ընկերա-տնտեսական կեանքը վերականգնելու կոչուած պետական թէ համայնքային կառոյցներու աշխատանքներուն:
Ու որպէս կազմակերպ համայնքներու պատկանող անդամներ, անհրաժեշտ է որ մեր ազգայինները՝
– Համախմբուին մեր եկեղեցիներու, համայնքային կազմակերպութիւններու ու կեդրոններու շուրջ:
– Արթուն ըլլան եւ մօտէն հետեւին տեղի ունեցող զարգացումներուն, որպէսզի կարենան մեր համայնքը հեռու պահել վտանգալից կացութիւններէ:
– Միակամ ըլլան բոլոր դժուարութիւնները միասնաբար դիմակալելու ու համայնքային նախաձեռնութիւններուն մասնակից դառնալու:
Մօտէն կը հետեւինք շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն: Մնայուն կապի մէջ ենք մեր կրօնական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Խորապէս մտահոգ ենք տագնապի ստեղծած աննախատեսելի հետեւանքներուն նկատմամբ: Կ’աղօթենք, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ քաղաքական ղեկավարներու խոհեմ ու հեռատես մօտեցումով խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի Միջին Արեւելքէն ներս:
Կ’ուզեմ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ առանձին չեն ներկայ տագնապալից օրերուն: Առաքեալը կ’ըսէ՝ «Եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին…» (Ա.Կր 12.26): Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը ճակատագրական ժամանակներուն, գործնապէս փաստելով, թէ որքան ալ իրարմէ հեռու ըլլան, անոնք կ’ապրին, կը գործեն ու կը պայքարին մէկ եւ նոյն ազգի պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ: Արդարեւ, տագնապները միասին դիմագրաւելու եւ իրարու օժանդակութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար միշտ եղած է անշեղ սկզբունք ու ամուր յանձնառութիւն:
*
* *
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով աստուածահաճոյ իրագործումներով երկար գահակալութիւն: Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն՝ ի սպաս իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտին:
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, Հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ մեր ազգին զաւակները, որպէսզի կարենանք Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգ հաւատքով ու կամքով դիմագրաւել մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց յարուցուած մարտահրաւէրները:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Սուրբ Զատիկ 2026
Անթիլիաս, Լիբանան



