Ռազմիկ Շիրինեանի եւ սփիւռքի այլ տեսաբաններու կողմէ առաջ քաշուած «բարոյական պատմութիւնը» կամ «քաղաքական անհատականութիւնը» գեղեցիկ յղացքներ են, բայց անոնք կը խուսափին ամենէն հիմնական հարցադրումէն. ո՞ւր է արեւմտահայու իրաւական սուբյեկտայնութիւնը։ Եթէ Սփիւռքը այսօր կը տառապի «տարտամութեամբ» եւ «անորոշութեամբ», ապա ատիկա ոչ թէ բնական հոլովոյթ է, այլ քաղաքական մեծ ձախողութեան արդիւնք, որ սկիզբ առաւ 1948-ին եւ խորացաւ թէ՛ ներհայկական իներտութեան (անտարբերութեան), թէ՛ ՀՀ իշխանութիւններու ոչ-իրաւական միջամտութիւններու պատճառով։
1948 թուականը հայոց քաղաքական միտքին համար եղաւ շրջադարձային, բայց բացասական իմաստով։ Այդ հանգրուանին էր, որ ձեւաւորուեցաւ «Հայ Դատի» գաղափարախօսութիւնը, սակայն ճիշդ այդտեղ տեղի ունեցաւ ամենէն անհասկնալի տեկտոնական շարժումը։ Արեւմտահայութեան հայրենազրկման փաստը՝ իբրեւ միջազգային իրաւունքի առարկայական խնդիր, աստիճանաբար փոխանցուեցաւ գաղափարախօսութեան դաշտ։
Այս շեղումին հետեւանքով, արեւմտահայութեան պահանջատիրութիւնը իրաւական թղթածրարէն վերածուեցաւ զգացմունքային լոզունգի։ Բողոքը դարձաւ կենսակերպ, իսկ հայրենատիրութեան իրաւունքը՝ «պարապ գործ»։ Մենք սկսանք յիշել կորուստը, բայց դադրեցանք պահանջելէ սեփականութիւնը։
Արեւմտահայութեան իրաւունքները մտացածին չեն։ Անոնք ճանաչուած եւ ամրագրուած են միջազգային գրեթէ բոլոր հիմնարար հարթութիւններուն վրայ՝ սկսեալ Սեւրի դաշնագիրէն մինչեւ Վիլսոնեան իրաւարար վճիռը և Ազգերի Լիգայի 1923թ մայիս որոշումը։ Սակայն, այստեղ կը բախինք դառնագոյն իրողութեան. այն ինչ որ ճանաչուած է դուրսը, անտեսուած կամ լռութեան մատնուած է ներսը։
Ներհայկական դաշտին մէջ տիրող հասարակական իներտութիւնը դարձած է ամենէն մեծ արգելքը։ Արեւմտահայութեան իրաւունքները, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման երկու իրաւական հիմքերէն մէկը կը հանդիսանան, դարձած են «անտեսանելի» հայ հասարակութեան մեծամասնութեան համար։
Այս իրաւական խառնաշփոթին մէջ յատկապէս քննադատելի է ՀՀ բոլոր առաջին ղեկավարներու դիրքորոշումը։ Անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի իշխանութիւնները մշտապէս փորձած են մասնակից ըլլալ արեւմտահայութեան խնդիրներու «կարգաւորման» կամ բանակցութիւններու, սակայն առանց արեւմտահայութեան կողմէ տրուած օրինական մանդատի։
Առանց արեւմտահայութեան իրաւական ներկայացուցչութեան հետ խորհրդակցելու, ՀՀ ղեկավարները փորձած են տնօրինել մի իրաւունք, որը իրենց չի պատկանիր։ Այս մօտեցումը ոչ միայն թուլացուցած է մեր դիրքերը, այլեւ տարալուծած է արեւմտահայութեան ինքնութիւնը «Սփիւռք» անորոշ եզրոյթին մէջ՝ զայն փոխարինելով արեւելահայութեան տնտեսական արտագաղթի հարցերով։
Այս ճահիճէն դուրս գալու համար 2000 թուականէն սկսեալ ձեւաւորուեցաւ իրաւական-կառավարչական նոր առանցք մը.
- Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն (2011). Փարիզի մէջ հռչակուած այս կառոյցը եկաւ փաստելու, որ արեւմտահայութիւնը ունի կայուն եւ առողջ միջուկ։ 15 տարուայ գործունէութիւնը ցոյց տուաւ, որ մենք դադրած ենք ըլլալ լոկ «ցեղասպանուած փախստական» եւ դարձած ենք քաղաքական սուբյեկտ։
- Համահայկական Սենատ (2017). Երեւանի մէջ հիմնադրուած այս մարմինը, որն այսօր կը գործէ 25 երկիրներու մէջ, այն ուղղահայեացն է, որը վերջ կը դնէ հորիզոնական անտէրութեան։ Անիկա կը կրէ այն օրինական մանդատը, որը պակասած է տասնամեակներ շարունակ։
Իրաւական պայքարի վերջին յաղթական քայլը տեղի ունեցաւ սոյն թուականի Մարտի 12-ին։ Կառոյցը պաշտօնական դիմում ներկայացուց ԵՄ գլխաւոր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու կառոյցին՝ պահանջելով Համահայկական Սենատի կարգավիճակի միջազգային ճանաչումը։
Ռազմիկ Շիրինեան իրաւացի է մէկ հարցում. Սփիւռքը կրնայ դադրիլ քաղաքական միաւոր ըլլալէ, եթէ շարունակէ ապրիլ միայն «բարոյական պատմութեամբ» եւ «ճկուն համակերպումով»։ Բայց մեր լուծումը իրաւական յարձակողականութիւնն է։
Արեւմտահայութեան իրաւունքները միջազգայնօրէն ճանաչուած են։ Մնացածը մեր ներքին իներտութիւնը յաղթահարելու եւ ՀՀ իշխանութիւններու «ինքնակոչ» միջամտութիւնները իրաւական դաշտ բերելու հարցն է։ Ժամանակն է, որ իրաւատէրը ինքը խօսի իր անունէն եւ իրաւունքը ձերբազատէ գաղափարախօսութեան գերութենէն։
Իրաւունքը պարապ գործ չէ, այլ ազգային ազատագրութեան միակ իրաւական հենքը։
Հեղինակ՝
Արամ Մկրտչեան
Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան
եւ
Համահայկական Սենատի համահիմնադիր



