Յովիկ Էօրտեքեանի «ՀԲԸՄիութեան հայրենական գործունէութիւնը 1991-2021 տարիներուն (ակնարկ)» գիրքը ՕՐԵՐ-ի գրադարակին

  • 21.02.2026
  • 0
  • 211 Views

ՕՐԵՐ-Ի ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

ՀԲԸՄ Հայաստանից շնորհակալությամբ ստացանք Յովիկ Էօրտեքեանի «ՀԲԸՄիութեան հայրենական գործունէութիւնը 1991-2021 տարիներուն (ակնարկ)» խորագրուած գիրքը։ Հեղինակը երկար տարիներ աշխատել է ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենյակում, որի ընթացքում հավաքել է արխիվային փաստեր, հոդվածներ ու լուսանկարներ եւ կազմել ՀԲԸՄ-ի Հայաստանում ծավալած գործունեության մասին համապարփակ հրատարակություն։

Գրքի առաջաբանում Յովիկ Էօրտեքեանը նշում է, որ « Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան պատմութեան նուիրուած բազմաթիւ գիրքեր, գիտական աշխատութիւններ, պատկերագիրքեր եւ յուշամատեաններ կան, ուր լայնօրէն լուսաբանուած են պատմական Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Խորհրդային Հայաստանի տարածքին Միութեան ազգօգուտ հսկայածաւալ գործունէութիւնը։

Յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարիներուն Միութեան գործունէութիւնը պատշաճօրէն ներկայացուած է Վարդգէս Համազասպեանի եւ Էդուարդ Մելքոնեանի աշխատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Յարութիւն Ռ․ Գէորգեանի եւ Վահէ Թաշճեանի համատեղ խմբագրած պատմագիրքերուն եւ աշխատութիւններուն մէջ, որոնց լոյս ընծայումէն անցած է գրեթէ երկու տասնամեակ։

Այդ թուականներէն ի վեր Բարեգործականը ոչ միայն շարունակած է իր աւանդական բարեսիրական ծրագիրները Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ զարգացնելով զանոնք, մարդասիրական, կրթական, մշակութային, եկեղեցաշինական, երիտասարդական եւ մանաւանդ ընկերային-տնտեսական բարգաւաճումի լայնածիր ասպարէզներ մուտք գործած է։

Անշուշտ, տակաւին կանուխ է Միութեան երեք տասնամեակներու վրայ տարածուող հայրենական գործունէութեան պատմագիտական արժեւորումը եւ գնահատումը կատարելու համար: Վստահ ենք յետագային շնորհալի պատմաբաններ պիտի անդրադառնան Պօղոս Նուպար փաշայի եւ անոր պայծառատես համախոհներուն հիմնած համահայկական այս կառոյցին հայաստանեան ծրագիրներուն, վերլուծեն, գնահատեն եւ արժանին մատուցեն այդ ազգանպաստ գործունէութեան:

Մեր այս համեստ գործը պատմագիտական աշխատութիւն մը մատուցելու, կամ վերջին երեսուն տարիներու ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնելու որեւէ յաւակնութիւն չունի, այլ պարզապէս փորձ մըն է ի մի բերելու եւ թուղթին յանձնելու այդ տարիներու կարեւոր իրադարձութիւնները, իրագործումները, հայրենահայութեան եւ Հայաստանի զօրացումին նպաստող նախաձեռնութիւնները:

Մենք կը զգայինք նման գործի մը անհրաժեշտութիւնը, որ կրնար իբրեւ սկզբնաղբիւր օգտակար ըլլալ ապագայի աւելի ընդարձակ եւ համապարփակ պատմութեան նուիրուած արժէքաւոր հրատարակութեան մը:

Այս գործին պատրաստութեան ընթացքին մեր միութենական պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարումը Միութեան գրասենեակէն ներս, մեզի համար եղաւ թէ՛ առաւելութիւն, թէ՛ ալ կաշկանդող հանգամանք՝ որոշ երեւոյթներ աւելի առարկայօրէն ներկայացնելու տեսակէտէ: Ամէն պարագայի, վայրկեան մը իսկ չենք կասկածած հայրենիքին ծով կարիքներուն հասնելու եւ Հայաստանը զօրացնելու Միութեան ղեկավարութեան եւ աշխարհատարած անդամակցութեան անսակարկ նուիրումին եւ ծառայասիրութեան»։

Գրքում հետաքրքիր տեղեկություններ կան կազմակերպության Հայաստանում եւ Արցախում իրականացրած ծրագրերի մասին, ինչպես նաեւ դրանց արդյունքների մասին մինչ այժմ շատ չլուսաբանված իրողություններ։

Գիրքը հրատարակվել է 2025 թվականին, Երեւանում՝ ՀԲԸՄ «Լեւոն Զ. Սուրմէլեան» հիմնադրամի աջակցությամբ։

AGBU Armenia

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում