ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ՊԷԼՃԻՔԱ – Շաբաթ 24 Յունուարին, Պրիւքսէլի «Հայ Տան» մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին: Միջոցառումը համախմբեց տեղւոյն հայութիւնը՝ վերանորոգելու իրենց ուխտը ազգային-ազատագրական պայքարի եւ հայրենաշինութեան վեհ գործին:
Նորագիրներու Երդման Արարողութիւն
Տօնակատարութեան պաշտօնական բացումէն առաջ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր պահ մը. երեք նորագիր երիտասարդներ, կնքահայրութեամբ Գասպար Կարապետեանի, կատարեցին կուսակցական երդման արարողութիւնը՝ միանալով Հ.Յ.Դ. շարքերուն եւ խոստանալով անսակարկ ծառայել Հայ դատին ու Հայութեան:


Օրուան Պատգամաբերները
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան ազգային եւ կուսակցական գործիչներ, որոնք անդրադարձան Դաշնակցութեան անցած ուղիին եւ այսօրուան մարտահրաւէրներուն:
Հոգեշնորհ Հայր Զատիկ Վարդապետ Աւետիքեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ նշեց.
«Մենք քիչ առաջ լսեցինք Հայաստանի քայլերգը, ուր կ՚ըսուի՝ “Մեր Հայրենիք ազատ, անկախ”: Այս գաղափարներու ոգիով է, որ 135 տարի առաջ հիմքը դրուեցաւ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական յեղափոխական կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Կ՚ուզեմ շնորհաւորել ձեզ բոլորդ այս գեղեցիկ տարեդարձին առիթով եւ մաղթել բարի շարունակութիւն ձեր ազնիւ ու ազգային առաքելութեան մէջ»:

Օրուան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ խստօրէն քննադատեց Հայաստանի ներկայ կացութիւնը.
«Մեր ազգն ու հայրենիքը կ՚ապրին աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ, իսկ ղեկին յայտնուածները ոչ միայն չեն նպաստեր իրավիճակի բարելաւման, այլեւ օրէ օր երկիրը կը տանին դէպի անդունդ: Ինչպէս դուք, մենք ալ խոր մտահոգութեամբ եւ ընդվզումով կը հետեւինք այս բոլորին, բայց ոչ թէ ձեռնածալ: Չեմ ընդուներ այն քննադատութիւնները, թէ բան չենք ըներ: Մեր տղաքը փողոցները չարչարուեցան ու կալանաւորուեցան ոստիկանութեան կողմէ. մինչեւ այսօր մեր ընկերները բանտերու մէջ են իրենց ճիգերուն համար: Իշխանափոխութիւնը միակ փրկութիւնն է, որ հրատապ է ու անվիճելի»:
Պրն. Վարժապետեան նաեւ բարձր գնահատեց Պէլճիքայի շրջանի դերը.
« Շնորհակալութիւն ձեզի բոլորիդ, որ կը մնաք մեր կողքին՝ ամուր ու հաւատարիմ: Առանց համակիրներու իր լայն զանգուածին՝ Դաշնակցութիւնը կը մնայ թերի: Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ այսօր իր հաստատուած տեղը ունի Պէլճիքայի մեր շրջանը: Այս շրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունի Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ՝ հայապահպանման, հայեցի դիմագիծի պահպանման, հայակերտման ու Հայ Դատի գործունէութեան մէջ»:
Գեղարուեստական Յայտագիր
Յոբելենական ձեռնարկը իր ներկայութեամբ եւ հզօր ձայնով զարդարեց սիրուած երգիչ Տաւիթ Յակոբեան, որուն կատարած յեղափոխական եւ ազգային երգերը բարձրացուցին ներկաներու մարտական ոգին ու հպարտութիւնը:
Միջոցառումը աւարտուեցաւ միասնականութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ վերահաստատելով, որ 135-ամեայ Դաշնակցութիւնը կը մնայ հայ ժողովուրդի անսասան յենարանը:





