Հայ լեզուի եւ մշակույթի ամառային խտացեալ դասընթացք Վենետիկում 2026 թվականի օգոստոսին. դիմումները մինչեւ ապրիլի 30

  • 19.01.2026
  • 0
  • 360 Views

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Օգոստոս 2026
Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան կողմէ, Վենետիկի “STUDIUM
MARCIANUM” Հաստատութեան հետ գործակցաբար, կազմակերպուած Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի
ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 3-19: Քննութիւնները Օգոստոս 19-ին:

ԺԱՄԱՆՈՒՄ Օգոստոս 2-ին (արձանագրութիւններ),

ՄԵԿՆՈՒՄՕգոստոս 20-ին:

ԴԻՄՈՒՄԻ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ՝ Ապրիլ 30։ Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ, ներառեալ
վերապատրաստութեան համար եկող հայերէն լեզուի ուսուցիչնեըը։
Դասերը տեղի կ’ունենան ամէն օր, Երկուշաբթիէն Շաբաթ, օրը հինգ պահառաւօտեան: Դասընթացքի տեւողութիւնը լսարանային 65 ժամերէ կը բաղկանայ, բաժնուած՝ 13 օրերու վրայ: Դասերուն ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18, բայց դասընթացքի վարիչը կրնայ բացառել ծնողքին գրաւոր հաւանութեամբ։

Դասերը տեղի կ՛ունենան Վենետիկի STUDIUM MARCIANUM-ի գլխաւոր շէնքին մէջ՝ https://www.seminariovenezia.it/cms/galleria/il-seminario/։ Դիմումները պետք է կատարուին ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ համար մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (E-Mail) հասցէ մը:

Դասընթացքին զուգահեռ տեղի կ՛ունենան մշակութային ձեռնարկներ՝ մասնագիտական դասախօսութիւններ (ծրագիրը յայտարարելի՝ գարնան վերջերը), վենետկեան այցեր, մասնակցութիւն Վերափոխման Ս․ Պատարագին եւ Խաղողօրհնէքին՝ Ս․ Ղազարու Մայրավանքին մէջ։

ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ Կ՛ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ դասեր։ Արձանագրութեան սակն է 900 €, որ կը ներառնէ լսարանային դասերը եւ վերոյիշեալ այլ
գործունէութիւնները: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնցորոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (կողակից, ծնողք, քոյր, եղբայր):

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ, բացի բժշկական վկայագրով հաստատուած հիւանդութեան պարագայէն: Դրամատնային փոխանցումին (bank transfer) համար, յետ դիմումին ընդունելութեան՝ դիմորդը պիտի ստանայ Պո-Արաքս Ընկերակցութեան դրամատնային հաշուի հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուեթիւ / IBAN եւլն.): Դրամատնային կամ այլ կերպի փոխանցումի բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուածխոհանոցային յարմարութիւններով:

Իւրաքանչիւր ճաշ կամ ընթրիք, որու ծախսը պէտք Է ԱՆՁԱՄԲ հոգայ իւաքանչիւր ընթացորդ, կրնայ արժել 13-18 Եւրոյ։ Կեցութեան ծախսն է (2-19 Օգոստոս ներառեալ, 18 գիշեր)՝ ✓ 1008 € անձ գլուխ, երկու հոգինոց սենեակի մէջ։ ✓ 1494 € մէկ հոգինոց սենեակի մէջ։ Սենեակի ներառեալ ծառայութիւններ՝ զովասարքիչ, համացանց (internet), մասնաւոր ճեմիշ եւ լուացարան, փոքր խոհանոցային անկիւն։ Սենեակին մէջ մազ չորցնող գործիք չկայ։

Դասընացքի կեցութեան ծախսը կարելի չէ օրական դրութեամբ հաշուել՝ եթէ մէկը մի քանի օր նուազ պիտի մնայ։ Բոլոր անոնք որ կը փափաքին նշուած թուականներէն առաջ հասնիլ կամ աւելի վերջ մեկնիլ, այդ յաւելեալ օրերուն համար իրենց բնակավայրը՝ պէտք է որ իրենք անձնապէս հոգան եւ զատէն վճարեն։ Իսկ անոնք որ դասընթացքի օրերուն իրենց կեցութիւնը անձամբ պիտի հոգան ուրիշ տեղ, կը խնդրուի որ այս պարագան անմիջապէս հաղորդեն դասընթացքի վարչութեան։ Ընդհանուր գումարին 1000 Եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ մինչեւ Ապրիլ 30։ Այս
կանխավճարը պէտք է կատարուի դրամատնային փոխանցումով։ Ընդհանուր գումարին մնացեալ
մասը կարելի է վճարել նոյնպէս դրամատնային փոխանցումով մինչեւ 1 Յուլիս։ Այս լրացումը կարելի է նաեւ կատարել ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ (2 Օգոստոս) հնչուն դրամով։ ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ (Credit card) վճար չ’ընդունուիր: Առանց լրացնելու այս վերջնական վճարումը ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՍԵՆԵԱԿ ՄՏՆԵԼ։


Ջերմօրէն կը յանձնարարենք փախադրամիջոցներու համար CARTA UNICA զեղչաքարտի գնումը,
որով Վենետիկի տարածքին երթեւեկի գիները աւելի քան կը տասանորդուին։
Ամէն յաւելեալ տեղեկութեան համար գրել՝ info@padus-araxes.com
հասցէին
եւ cc: zkybhs@gmail.com.
Անհրաժեշտութեան պարագային հեռաձայնել Երեքշաբթի եւ Հինգշաթի օրերը, ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԺԱՄՈՎ, 10.30-էն մինչեւ 13.00 հետեւեալ բջջային համարին՝ +39․379․1330687։

ԼԱՒ ՍՏՈՒԳԵԼ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԵՐԿՐԻ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԺԱՄԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Պատասխան չստանալու պաագային՝ WhatsApp-ով լուր մը ղրկել․ ըստ հնարին շուտով պատասխան պիտի ստացուի։
Կազմակերպութիւնը պատասխանատու չէ տպագրական պատահական սխալներու նկատմամբ։

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում