Ատրպէճանէն Վերադարձած Գերիները Հանդիպեցան Իրենց Հարազատներուն Հետ 

  • 16.01.2026
  • 0
  • 125 Views

14 Յունուարին, Հակարիի կամուրջով Ատրպէյճանի բանտերէն Երեւան վերադարձան 4 գերիներ՝ Դաւիթ Դաւթեան, Գէորգ Սուջեան, Վագիֆ Խաչատրեան եւ Վիգէն Էօլճեքեան, որոնք իսկոյն տարուեցան հիւանդանոց՝ անոնց առողջական վիճակը ստուգելու համար: 

Դաւիթ Դաւթեանի, Վիգէն Էօլճեքեանի ու Գէորգ Սուջեանի առողջական վիճակը, ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, բաւարար է, անոնք արդէն 15 Յունուարին դուրս եկան հիւանդանոցէն: 70ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի պարագան քիչ մը տարբեր է. ան արդէն իսկ գերի տարուած ատեն սիրտի հարցեր ունէր: Ան կը գտնուի Երեւանի «Նորք Մարաշ» բժշկական կեդրոնը՝ բժիշկներուն հսկողութեան տակ: 

Վիգէն Էօլճեքեան եւ Դաւիթ Դաւթեան Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութիւն տարուեցան՝ հարցաքննութեան:  

Աւելի քան 5 տարուան բաժանումէ ետք Լիբանանէն Հայաստան հասած Վիգէնին կինը՝ Լինտա Իման տեսակցեցաւ իր ամուսինին հետ: 

Միւս գերիներուն հարազատները եւս առիթը ունեցան իրենց հարազատներուն հետ հանդիպելու: 

Գէորգ Սուջեան ազատ արձակուելէ ետք «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Ես ձեզ չեմ լքել տղաներ, հոգիս թողել եմ ձեզ հետ: Քանի դեռ գերութեան դաժան ճիրաններում էք, ես հանգիստ չեմ ունենալու՝ երդւում եմ»:

 Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը արձագանգեց գերիներուն ազատ արձակուելուն։ «Մխիթարութիւն եւ հոգու ուրախութիւն էր մեզ համար տեղեկանալ Բաքւում շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող չորս հայորդիների հայրենիք վերադարձի մասին: Մաղթում ենք, որ Տիրոջ օրհնութեամբ եւ համայն մեր ժողովրդի զօրակցութեամբ նրանք վերականգնեն իրենց կեանքի խաղաղ ու բնականոն ընթացքը՝ ընտանեաց ու սիրելիների հետ միասին: Մեր աղօթքն է, որ բոլոր գերեալները շուտափոյթ եւ ապահովաբար վերադառնան հայրենիք: Թող Աստուած խաղաղութեան շնորհի ներքոյ պահի աշխարհը համայն, մեր հայրենիքն ու մեր ողջ ժողովրդին», կ՛ըսուի կաթողիկոսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ: 

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովական քաղաքականութեան գլխաւոր խօսնակ Անիթա Հիփըրը ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Մենք կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի մէջ պահուող 4 հայերու ազատ արձակումը եւ փոխանցումը:

Ասիկա մեծ քայլ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ հետագայ դրական քայլերուն»: 

Ասպարէզ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում