Բնագիրը անգլերէն՝ սկզբնապէս հրատարակուած է
AGBU Magazine-ի Դեկտեմբեր 2025-ի թիւին մէջ
Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ- Վեհափառը կը ղեկավարէ Հայ Եկեղեցին 1999-ի հոկտեմբերէն իվեր՝ որպէս Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց 132-րդ Կաթողիկոս, Հայ Առաքելական Եկեղեցուոյ ամեանբարձրաստիճան պաշտօանտարը։ Աւելի քան 25 տարի ան առաջնորդած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռը անցնելով վերականգնման, բարեփոխումներու եւ նոր ժամաանկներու ալեկոծ յորձանուտներու ընդմէջէն։ Իր այս ջանքերուն համար Նորին Սրբութիւնը արժանացած է ոչ միայն աշխարհի հայ հաւատացեալներու, այլ նաեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ բարերարներու, նուիրատուներու եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու վստահութեանը։ Այս հանգամանքը հանգեցուցած է շարք մը մեծ նուաճումներու համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ։
Օգոստոս 21, 1951-ին, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ոսկեհատ գիւղին մէջ ծնած, աւազանի անունով՝ Կտրիճ Գրիգորի Ներսիսեան հասակ առած է հոգեւոր միջավայրի մէջ, որ կազմաւորած է իր նուիրումը Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Ընդամէնը 14 տարեկանին ան մուտք գործած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը, որ սկսած է իր ճանապարհը կերտել դէպի քահանայութիւն։
1970-ին սարկաւագ ձեռնադրուած, իսկ երկու տարի ետք քահանայ՝ ընդունելով Գարեգին անունը։ Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում ստացած է Վիեննայի, Պոննի, եւ Մոսկուայի աստուածաբանական ակադեմիաներուն մէջ։ Իր ստացած միջազգային կրթութիւնը ընդարձակած իր հեռանկարը, իր մէջ ներշնչելով համաշխարհային տեսակէտ մը, որ աւելի ուշ պիտի նշագծէր իր մօտեցումը թէ՛ հաւատքին, եւ թէ՛ առաջնորդութեան։ Իր լայնաշունչ հոգեւոր վարժանքները, բազմալեզու կարողութիւնները, եւ դիւանագիտական հմտութիւնները պիտի սահմանէին իր ղեկավարի ոճը. հաւասարակշռելով աւանդութիւնը համաշխարհային ներգրաւուածութեան հետ։
«Գերաշնորհ Տէրը շահեցաւ վստահութիւնը եւ համոզումը ոչ միայն համայն հայ հաւատացեալներուն, այլ նաեւ բազմաթիւ բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ գործակից կազմակերպութիւններուն Սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի մէջ, որուն արդիւնքով կարճ ժամանակի մէջ ձեռք բերաւ բազմաթիւ նշանակալի նուաճումներ»։
1980-ին վերադառնալով Էջմիածին, 1983-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է եւ նոյն տարին փոխ-առաջնորդ նշանակուած։ 1992-ին ստացած է արքեպիսկոպոսի տիտղոս։ Որպէս հայ եկեղեցւոյ մէջ մեծ վստահութիւն վայելող առաջնորդ, դարձած Արարատեան Հայրապետական Թեմի առաջնորդը, որ Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն մեծ եւ գործուն թեմն էր արդէն անկախ Հայաստանի մէջ։ Երանաշնորհ Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին—եւ ապա երանաշնորհ Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին կողմէ իրեն վստահուեցաւ Երեւանի եւ շրջակայ շրջաններուն վրայ ընդարձակ հովուական եւ վարչական լիազօրութիւններ։
Փոփոխութիւններու Մարտահրաւէրներուն Դիմագրաւումը
Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք դժուար տարիներուն, ինչպէս նաեւ անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմէն ետք, Հայաստանի ժողովուրդը կանգնած էր սարսափելի պայմաններու դէմ, զուրկ՝ կրթութենէ, ջերմութենէ եւ նոյնիսկ սնունդէ։
1992-ին, Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոսը հոգ տարաւ, որպէսզի մօտաւորապէս 1000 թոշակառուներ, որոնք ժամանակին կ’օգտուէին ընկերվարական դարաշրջանի իրաւասութիւններէն, ապահովուէին սննդարար տաք ճաշերով եւ հաւաքատեղիներով այն վայրերուն մէջ, որոնք այն ժամանակ կը կոչուէին ապուրի խոհանոցներ։ Տեղական միջոցներ հաւաքելու իր կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բարերարներու վստահութիւնը ձեռք բերելը, ապահովեց, որ այս վաղ նախագիծերը կարենային արդիւնաւէտօրէն եւ ազդեցիկ կերպով ընթանալ։ Նման նախաձեռնութիւնները բեմ հանդիսացան նորանկախ Հայաստանի մէջ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող առաջին լայնածաւալ մարդասիրական ջանքերուն եւ ապագայ տարիներուն ընդլայնուող ընկերային ծառայութեան համար։
Ան նաեւ օգտագործեց իր դիրքը՝ առաջնահերթութիւն տալու եւ լուծում տալու երիտասարդութեան հրատապ ընկերային կարիքներուն, որոնց պայմանները դաժան էին, եւ շատեր լքուած էին փողոցային կեանքին մէջ։ Գարեգին Արքեպիսկոպոսը արագօրէն քայլեր առաւ, որպէսզի եկեղեցին ձեռք ձգէ խորհրդային ժամանակաշրջանի երիտասարդական կեդրոնները եւ այդ շէնքերը վերածեց յետդպրոցական կեդրոններու, ուր երիտասարդները կրնային սորվիլ, ապահով հաւաքուիլ եւ վերամիանալ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր կեանքին, ինչպէս նաեւ ամէն օր առողջ սնունդ ստանալ։ 1993 թուականէն սկսեալ տարեկան 3000 ուսանող կը գրանցուէր այդ կեդրոններուն մէջ։
«Վեհափառ Տէրը իր առաջնորդող փիլիսոփայութեամբ ձեւաւորած է երկու տասնամեակներու ձեռնարկներ, որոնք կը զօրացնեն կապը Եկեղեցւոյ, Հայրենիքի եւ Հայկական Սփիւռքի միջեւ։ Ասիկա տեսիլք մըն է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը դնէ ազգային կեանքի կեդրոնը. ոչ թէ որպէս պատմութեան մասունք, այլ որպէս հաւատքի, կրթութեան, եւ համայնքի գործուն ուժ»։
Այս նշանակալի ժամանակաշրջանին, ան տեսաւ արժէքը թուային լրատուամիջոցներու մէջ: Ան ներդրում կատարեց զանգուածներուն հասնելու համար, եւ 1995-ին հիմնեց «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը Արարատեան Հայրապետական Թեմի գրասենեակներէն՝ երեք հոգինոց անձնակազմով մը։ Ծրագրումը միտուած էր քրիստոնէական արժէքներ ներշնչելուն, միաժամանակ լուսաբանելով հանրային եւ ընթացիկ իրադարձութիւնները։ Երիտասարդական կեդրոններուն եւ ապուրի խոհանոցներուն կողքին, «Շողակաթ» հեռարձակման հարթակը առաջնահերթութիւն պիտի մնար յառաջիկայ տարիներուն։
Ֆիզիքական Հետքեր
1990-ականներուն շարունակուող կարեւոր մարդասիրական եւ ընկերա-տնտեսական ծրագիրներուն զուգահեռ, Գարեգին Արքեպիսկոպոսը հասկցաւ, որ յետսովետական հասարակութիւնը հայկական աւանդութիւններուն եւ կրօնին վերադարձնելը կը նշանակէր մատչելիութեան բարելաւում։ Երանաշնորհ Տ. Տ. Վազգէն Ա.-ի, որմէ ետք՝ Երանաշնորհ Տ. Տ. Գարեգին Ա.-ի կողմէ իրեն վստահուած առաջին նախագիծերէն էր Երեւանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հիմնումը, որուն շինարարութիւնը սկսաւ 1997-ին։ Տաճարը պիտի ըլլար Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամէնէն մեծ Մայր Տաճարը աշխարհի մէջ, եւ իրագործելի դարձաւ Սփիւռքէն ստացուող շարունակական նուիրատուութեանց շնորհիւ։
1999-ին Կաթողիկոս ընտրուելէ ետք, Տ. Տ. Գարեգին Բ.-ի առաջին տարիները նշանաւորուեցան եկեղեցական ենթակառոյցներու աննախադէպ ընդլայնումով մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սեփականութիւնը քառապատկուեցաւ, մօտաւորապէս 40 նոր կամ վերանորոգուած շէնքերով, որոնք վերափոխեցին պատմական համալիրը, ի լրումն անթիւ եկեղեցիներու, տաճարներու եւ հոգեւոր դպրանոցներու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Ամենակարեւոր ծրագիրներէն էին Սուրբ Տրդատ Բաց Խորանին ստեղծումը, որ կառուցուեցաւ 1500 հաւատացեալներ տեղաւորելու համար Հայաստանի քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունելու 1700-ամեակին, եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին վերանորոգումը։ Եօթը տարուան տեւողութեամբ Մայր Տաճարի վերանորոգումը, որ UNESCO-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան վայր է, ներառեց կառուցուածքային ամրապնդում, գմբէթին խաչին փոխարինումը եւ պատերուն վրայի նկարներուն ու որմնանկարներուն վերականգնումը, որոնք վնասուած էին ժամանակի պատճառով կամ ծածկուած էին խորհրդային դարաշրջանին քսուած ներկի բազմաթիւ շերտերով։ UNESCO-ի հսկողութեան ներքեւ իրականացուող այս ծրագիրը միջազգային համակարգուած ջանք էր, որ միաւորեց բոլոր ծագումներ ունեցող նուիրատուները եւ աջակիցները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար
Միաբանական նոր կացարաններ, գրադարաններ եւ կրթական կեդրոններ, ինչպէս՝ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան գրադարանը եւ Գարեգին Ա. Կրթական Կեդրոնը, առաւել հարստացուցին Էջմիածնի հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը։ Բարերարներու առատաձեռնութեամբ, հիմնական նորոգութիւններ վերափոխեցին կարեւոր հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Գանձատունը, Խրիմեան թանգարանը, Հին Վեհարանը, Ռուբէն Սեւակի թանգարանը եւ ճեմարանականներու համար նախատեսուած արդիւնաւէտ հանրակացարանները։ Այս նախագիծերը, ի միջի այլոց, պիտի ապահովէին, որ Էջմիածինը մնայ սրբազան սրբավայր մը եւ ուսման ու ծառայութեան կենսունակ կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ դրական ազդեցութիւն ունենայ կրթութեան եւ կառավարման կարողութիւններուն վրայ։
Ներքին Հիմերու Ամրապնդում
Ֆիզիքական ընդարձակումէն անդին, Նորին Սրբութիւնը աշխատեցաւ զօրացնել եկեղեցական կառավարման ներքին կառոյցները։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կանոնաւոր նիստերու գումարումը թէ՛ Էջմիածնի մէջ եւ թէ՛ արտասահմանեան թեմերուն մէջ, զօրացուց միասնութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։ Այլ մասնագիտացուած խորհուրդներ եւ յանձնախումբեր, ինչպէս՝ Միաբանական Խորհուրդը, Վերաքննիչ եւ Տարագրման յանձնախումբերը, եւ Ճարտարապետական ու Հրատարակչական Խորհուրդները, ստեղծուեցան եկեղեցական վարչութիւնը մասնագիտացնելու համար։ Եպիսկոպոսական եւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական Ժողովներու վերահաստատումը երկար դադարէ մը ետք, նշանաւորեց հաստատութենական մասնակցութեան եւ թափանցիկութեան նոր դարաշրջան մը։
Գահակալութեան առթիւ, իբրեւ Գերագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Գարեգին Բ.-ը խոստացաւ վերակառուցել Եկեղեցւոյ կրթական եւ հովուական հիմերը, վերակազմակերպելով ճեմարանները, ներմուծելով քահանաներու համար արագացուած վերակազմաւորումի ծրագիրներ, եւ ստեղծելով երիտասարդական ծառայութեան եւ քրիստոնէական կրթութեան նոր բաժանմունքներ։ Նպատակ ունենալով գրաւել քահանաներու նոր սերունդ մը, Նորին Սրբութիւնը նայեցաւ հոգեւորական դաստիարակութեան արդի աշխարհի ոսպնեակով։ Իր հսկողութեան տակ, երկու հիմնական ճեմարաններ՝ Գէորգեանը եւ Վազգէնեանը, վերակենդանացուեցան եւ միջազգային համալսարաններու մէջ բարձրագոյն կրթութեան աստիճաններու համար կրթաթոշակներու նոր ներդրում մը մեկնարկեց:
Նորին Սրբութեա առաջնորդութեան ներքեւ, Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը պետական հաւատարմագրում ձեռք բերաւ 2002-ին, լիակատար ճանաչում իբրեւ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւն 2005-ին, եւ համապատասխանեցաւ եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան չափանիշներուն 2007-ին։ 2016-ին, ճեմարանը իրաւունք ձեռք բերաւ յետ-համալսարանական եւ դոկտորական կրթութիւն իրականացնելու, աստուածաբանական կեդրոնի։

Կրթութիւնը միշտ ալ առանցքային դեր ունեցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի տեսլականին մէջ՝ ուղղուած Հայ Եկեղեցւոյ, սկսեալ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին համար պետական հաւատարմագրում ապահովելէն մինչեւ զայն լիարժէք եւ միջազգայնօրէն համապատասխան աստուածաբանական հաստատութեան մակարդակի բարձրացնելը։

Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպելով երիտասարդներուն հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Սեւանի Վազգէնեան Դպրանոցը նմանապէս զօրացուցած է իր դիրքը՝ առաջարկելով բարձրագոյն մակարդակի դասընթացքներ եւ արտադրելով հոգեւորականներու եւ գիտնականներու նոր սերունդներ։ Նոր կրթական կեդրոններ, ինչպէս Թրփանճեան Աստուածաբանական Քոլէճը՝ Հառիճի վանքին մէջ, հիմնադրուած 2012-ին, եւ Գարեգին Ա. Կրթական Կեդրոնը, բացուած 2018-ին, դարձան կարեւոր վայրեր քահանայից վերապատրաստման եւ մտաւորական փոխանակման համար։ Բացի այդ, Վեհափառ Հայրապետը պիտի հաստատէր, որ բարձր ակադեմիական ներուժ ունեցող երիտասարդ հոգեւորականները հնարաւորութիւն ունենան սորվելու բարձր հեղինակութիւն ունեցող հաստատութիւններու մէջ, ինչպիսիք են Օքսֆորտի Համալսարանը, Հռոմի Գրիգորեան Պապական Համալսարանը կամ Լուվէնի Համալսարանը Պելճիքայի մէջ, ոչ միայն որակեալ կրթութիւն ստանալով, այլ նաեւ տարբեր մշակոյթներու հետ ծանօթանալով։ Աշխարհիկ միջավայրերուն մէջ տեղաւորումներով, անոնք աւելի լաւ կրնային տեսնել աշխարհը ժողովրդական տեսանկիւնէն։ Աւելի քան 300 երիտասարդ հոգեւորականներ օգտուած են այս մարզումէն, եւ ներկայիս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ծառայող 54 եպիսկոպոսներէն 41-ը կրթուած եւ ձեռնադրուած են 1999 թուականէն ի վեր։
Բարգաւաճող «Շողակաթ» հեռուստաալիքին զուգահեռ, ներդրումներ կատարուած են Հայ Եկեղեցւոյ պատմական աղբիւրներու, հրատարակութիւններու եւ թուային ծրագրերու մատչելիութիւնը ընդլայնելու համար։ Մայր Աթոռի Հրատարակչական Բաժանմունքը, որ մեկնարկած է 2006-ին, դարձած է օտար լեզուներէ թարգմանութիւններու եւ դասական հայերէնի, ինչպէս նաեւ եկեղեցագիտութեան, հայագիտութեան, մեկնաբանութիւններու, քրիստոնէական բարոյագիտութեան եւ ուսուցողական գրքոյկներու հրատարակման կարեւոր հաստատութիւն մը։ 2012-ին, առաջին անգամ ըլլալով, Մայր Աթոռը հրատարակեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-ի արդի հայերէն եւ դասական հայերէն հրատարակութիւնները։ Աւելի քան 30,000 օրինակ վերահրատարակուեցաւ եօթը տարուան ընթացքին։
Բանակի եւ Բանտերու Հոգեւոր Սպասարկութիւն
Ինչպէս ամրագրուած է 1995-ի Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, Զինուած Ուժերու հոգեւոր ծառայութիւնը 1997-ին վստահուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ։ 1999-էն սկսեալ բազմաթիւ զօրամասերու գրադարանները հարստացան հոգեւոր գրականութեամբ, ներառեալ՝ Սուրբ Գիրքի օրինակները, «Էջմիածին» պարբերաթերթը, «Քրիստոնեայ Հայաստան» Մայր Աթոռի երկշաբաթեայ թերթը, ինչպէս նաեւ զանազան հոգեւոր գրքոյկներ եւ աղօթագիրքեր։ Զինուորական մատուռներու թիւը շարունակեց աճիլ, եւ հոգեւորականներու խումբ մը, որպէս գնդերէցներ, սկսան ծառայել Հայաստանի բանակին մէջ հոգեւոր ծառայութեան կառոյցներուն մէջ, ներառեալ՝ ամուսնացած եւ միայնակ քահանաներ եւ սարկաւագներ։ Հայաստանի ուղղիչ հիմնարկներու համար Կաթողիկոսը հիմնեց Բանտերու Հոգեւոր Տեսչութիւնը։ Այսօր քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ գտնուողները կը ստանան հայ հոգեւորականութեան կողմէ կանոնաւոր հոգեւոր սպասարկութիւն։
Մայր Աթոռի 2008-ին նախաձեռնած «Շինենք Հաւատքով» նախաձեռնութեան միջոցով աւելի քան 100 բնակարաններ կառուցուած են Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներու համար, ներառեալ՝ պատերազմէ եւ բնական աղէտներէ տուժածները։ Մայր Աթոռը նաեւ աջակցած է անվճար բժշկական օգնութեան՝ Իզմիրլեան Բժշկական Կեդրոնի միջոցով, որ լիարժէք գործող հիւանդանոց մըն է, եւ օգնութիւն ցուցաբերած է վիրաւոր զինուորներուն եւ հոգեւորականներուն, ներառեալ՝ զգալի դրամական միջոցներ յատկացնելով արտերկիր ուղարկուածներուն համար վերջոյթներու տեղադրման։ Բանտարկեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն տրամադրուած է նաեւ հովուական եւ նիւթական օգնութիւն։

Գերաշնորհ Տէրը COVID-19 համաճարակի ժամանակ կ’այցելէ Իզմիրլեան Բժշկական Կեդրոն՝ իր օրհնութիւնը տալու կեդրոնի մէջ բուժուող վիրաւոր զինուորներուն։
Ան նաեւ գլխաւորեց կրթական հաստատութիւններու հիմնադրումը, ինչպէս՝ Էջմիածնի Էտուարտ Էօրնէքեան վարժարանը (2009) եւ Երեւանի Գ. Էմինի անուան աւագ դպրոցը (2014), որոնք երկուքն ալ կը խթանեն բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներով ներծծուած ակադեմիական գերազանցութիւնը։ Մայր Աթոռը նաեւ կը գործարկէ բազմաթիւ գիշերօթիկ դպրոցներ եւ պատանեկան տուներ (Հայորդեաց տուներ) Աշտարակի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Երեւանի մէջ, ուր աւելի քան 60,000 կարիքաւոր երեխաներ կրթութիւն եւ խնամք ստացած են։
2014-ին, Վեհափառ Տէրը հիմնեց Մայր Աթոռի Սոցիալական Ծառայութիւններու Գրասենեակը, մեկնարկելով՝ լայնածաւալ մարդասիրական ծրագիրներ, որոնք կ’աջակցին գաղթականներուն, տարէց սերունդին, տեղահանուած ընտանիքներուն, հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց եւ կարիքաւոր երեխաներուն։
Վերջին տասնամեակը յատկանշուեցան յաջորդական եւ պատմական ճգնաժամերով, որոնք փորձութեան ենթարկեցին Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը՝ մարդասիրական օգնութեան գործին մէջ էական դեր խաղալու համար։ Հայաստանի մէջ COVID-19 համաճարակէն եւ 2020-ի Արցախեան Պատերազմէն ի վեր, Մայր Աթոռի Սոցիալական Ծառայութիւններու Գրասենեակը զգալիօրէն աւելի մեծ թիւով նիւթական օգնութեան ծրագիրներ իրականացուց, քան իր սովորական դրամական օժանդակութեան ծրագիրները՝ խոցելի ընտանիքներուն եւ անհատներուն։
Համաշխարհային Հասանելիութիւն
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի՝ համաշխարհային պատմութեան մէջ եզակի դիրքաւորումով, Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց եկեղեցւոյ միջոցով մշակութային դիւանագիտութեան հարուստ աւանդութիւնը։ Իր պաշտօնավարման կարճ տարիներուն ընթացքին, ան կազմակերպեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի աննախադէպ այցը անկախ Հայաստան 2001-ի Սեպտեմբեր 26-ին։ Էջմիածնի մէջ, Պապը մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետականօրէն ընդունման 1700-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն եւ Վեհափառ Տէրին հետ ստորագրեց համատեղ հռչակագիր մը՝ դատապարտելով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Վատիկանի հետ յարաբերութիւնները պիտի շարունակէին ծաղկիլ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ իմաստալից ներգրաւուածութեամբ, որ նոյնպէս այցելեց Սուրբ Էջմիածին, եւ վերջերս՝ Լեւոն Դ. Պապին հետ, Հռոմի մէջ։


Գերաշնորհ Տէրը Էջմիածնի մէջ ընդունած է աշխարհի առաջնորդները, հոգեւոր ղեկավարները եւ միջազգային ներկայացուցիչները։ Վերի նկարին մէջ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը (Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցի) Սեպտեմբեր 2001։ Վարի նկարին մէջ՝ Թէովդորոս Բ․ Պապը (Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Եկեղեցի) Ապրիլ 2015։
Վեհափառ Տէրը աշխատած է կամուրջներ կառուցել քրիստոնէական դաւանանքներու եւ համաշխարհային հաւատքներու միջեւ։ Իր այցելութիւնները քոյր եկեղեցիներ, հանդիպումները միջազգային ղեկավարներու հետ եւ մասնակցութիւնը համաշխարհային ժողովներուն բարձրացուցած են Հայ Եկեղեցւոյ ձայնը համաշխարհային բեմին վրայ։ 2013-ին ընտրուեցաւ համանախագահ Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդին, իսկ 2019-ին՝ պատուաւոր նախագահ «Կրօնները յանուն Խաղաղութեան» միջազգային կազմակերպութեան, որ կը ներկայացնէ աւելի քան 125 երկիրներ։ Բացի ատկէ, Վեհափառ Հայրապետը աշխատած է Վրաստանի, Միջին Արեւելքի, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի կրօնական, մշակութային եւ կառավարական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։
Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անձամբ ճամբորդած է այն վայրերը, որոնք կը կապեն Հայ Եկեղեցւոյ անցեալը իր ներկայիս առաքելութեան հետ եւ կը կերտեն նորոգուած կապեր Մայր Աթոռին։ 2000 եւ 2005 թուականներուն ան այցելեց Սուրբ Երկիր եւ Երուսաղէմի սուրբ վայրերը։ Իր 2001-ի այցելութիւնը դէպի Ջաւախք, Վրաստանի մէջ գտնուող շրջան մը, որ ունի հայ բնակչութեան մեծ թիւ, իրեն դարձուց առաջին Հայ Կաթողիկոսը, որ այցելեց աւելի քան մէկ դարու ընթացքին։ Այս մէկը կը ներկայացնէ վճռակամութիւն մը հասնելու ամէն հայ համայնքի, որքան ալ հեռու ըլլան անոնք։ Նոյն տարին, ան ճամբորդեց Դէր Զօր՝ պատուելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը։ 2007-ին ան այցելեց Սթամպուլ եւ հրապարակայնօրէն վերահաստատեց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը լրագրողներուն առջեւ։
Վեհափառ Տէրը նախաձեռնեց ձեռնարկներ՝ միացնելու համար երիտասարդ հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ։ 2001-ին հիմնուեցաւ Հայ Երիտասարդներու Համաշխարհային Միութիւնը (ՀԵՀՄ), որպէսզի երիտասարդ հայերը ներգրաւուին եկեղեցական կեանքին եւ համայնքային ծառայութեան մէջ։ Գործունեայ ըլլալով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ՝ Ամերիկաներէն, Ասիայէն, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Ռուսաստան, միութիւնը կ’արտացոլայ Գարեգին Բ-ի համաշխարհային հեռանկարը եւ հաւատքը հոգեւորապէս միացեալ հայ ժողովուրդի մը հանդէպ։ Ան առաջնահերթութիւն դարձուցած է մատչելի ըլլալ երիտասարդ մասնագէտներուն եւ եկեղեցական ղեկավարներուն հետ անկեղծ ներգրաւման համար՝ խրախուսելով երկխօսութիւնը համայնքային կարիքներու եւ առաջնահերթութիւններու խորը ըմբռնման համար։
Վեհափառ Հայրապետին առաջնորդող փիլիսոփայութիւնը ձեւաւորած է աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն կապը Եկեղեցւոյ, հայրենիքի եւ համաշխարհային Հայ Սփիւռքի միջեւ։ Ասիկա տեսիլք մըն է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը դնէ ազգային կեանքի կեդրոնին մէջ, ոչ թէ որպէս պատմութեան մասունք, այլ որպէս հաւատքի, կրթութեան եւ համայնքի համար գործօն ուժ մը։
Բնագիրը անգլերէն՝ սկզբնապէս հրատարակուած է
AGBU Magazine-ի Դեկտեմբեր 2025-ի թիւին մէջ։
Արեւմտահայերէնի թարգմանեց՝ ԶԱՐԹՕՆՔ:



