Ընտրվել է Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանի միութեան նոր վարչութիւն

  • 05.04.2025
  • 0
  • 613 Views

Փարիզի Վերաքննիչ ատեանի կողմէ 2024 թուականի սեպտեմբեր 10-ին կայացուած վճիռին համաձայն, եւ այս նպատակով նշանակուած ժամանակաւոր վարիչի հրաւէրով` Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2025ին, տեղի ունեցաւ Սամուէլ Մուրատ վարժարանի միութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ միութեան նոր վարչութիւն` որուն անդամներն են. – Մխիթարեան Միաբանութիւն – Հ. Պօղոս (Վիգէն) Վրդ. Գոճանեան – Հ. Եղիա (Պետրոս) Վրդ. Քիլաղպեան – Հ. Վահան (Վիգէն) Վրդ. Օհանեան – Հ. Նարեկ (Ճորճ) Վրդ. Տատուրեան – Հ. Համազասպ (Փանոս) Վրդ. Քէշիշեան Նորընտիր վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստին որոշեց նոր վարչական գործադիր մարմին, հետեւեալ պաշտօններով. Նախագահ` Հ. Նարեկ Վրդ Տատուրեան Փոխ Նախագահ` Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան Քարտուղար` Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեան Գանձապահ` Հ. Վահան Վրդ. Օհանեան։

Վարչութիւնը հանդիսաւոր կերպով վերահաստատեց իր նուիրուածութիւնը Միութեան կրթական, մշակութային և Ցեղասպանութեան յիշատակի եռակի առաքելութեան և առաքելութիւնը կատարելու համար Սեւրի հայկական վարժարանի տարածքի պահպանման։ Այս մասին հայտնում է Մխիթարյան Միաբանությունը։

Յաջորդաբար հազիւ Միութեան դիւանը եւ թղթաբանութիւնը տրամադրելի դառնայ պիտի ուսումնասիրուին վերջին հինգ տարիներու գործունէութիւնը եւ հաշուեկշիռը և նախաձեռնած ծրագիրներու իրականացման գործընթացը։

Վարչութիւնը շուտով պիտի քննարկէ միութեան նոր ոյժերով համալրման հնարաւորութիւնը ընդունելով նոր անդամներ որոնք կապուած ըլլան վարժարանին եւ մտահոգ անոր ներկայով ու ապագայով։

Միութեան խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայ գաղութի բոլոր անդամներուն, որոնք միշտ սրտակցութիւն ցուցաբերած եւ սատար կանգնած են Վարժարանին ու անոր առաքելութեան եւ որոնք պիտի շարունակեն ապագային նաեւ անոր զօրավիգ կանգնիլ եւ օգտակար դառնալ։

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում