
Շատեր կը հարցնեն, թէ ի՞նչ կը պատահի Սուրիոյ մէջ այս օրերուն:
Ամփոփեմ.
Համատարած ջարդ. Զոհը միշտ՝ ժողովուրդը:
Նախկին վարչակարգի մնացորդացը՝ կը ջարդէ,
Նոր վարչակարգը կը ջարդէ,
Բանակը կը ջարդէ,
Զինեալ տարատեսակ խմբաւորումները կը ջարդեն,
Իշխանութիւնը կը ջարդէ,
Ընդդիմութիւնը կը ջարդէ:
Իսկ եթէ պիտի ընդլայնեմ, ապա ըսեմ, թէ նախկին իշխանութեան աթոռամոլութիւնը, յամառութիւնը եւ աւելորդ ինքնավստահութիւնը ատենին բարեկարգումներ չձեռնարկելու, իսկ բարեկարգումներ պահանջողներուն հետ ալ հաշուեյարդար տեսնելու անմարդկային պահուածքն էր, որ այդ երկրին մէջ իրավիճակը հասցուց այստեղ: Թող, ո՛չ ոք ըսէ թէ Սուրիոյ մէջ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ սկիզբ առածը, արեւմտեան ուժերուն հերթական խաղն էր տարածաշրջանը ապակայունացնելու: Տուեալ երկրի մը իշխանութեան պարտականութիւնն է նմանօրինակ դաւեր բացայայտելն ու ըստ այնմ աշխատանք տանիլն ու խուսանաւելը: Հակառակ պարագային արդիւնքը սա է:
Իսկ եթէ աւելի խորանանք, ապա պէտք է հասկնանք, որ «քաղաքակիրթ» թուրքիոյ ականջները պարզ կ՛երեւին այս բոլորին կարեւոր մէկ մասին ետին այսօր:
Մինչ այդ, ո՞ւր է Հայաստանն եւ ո՞ւր ենք մենք ի տես այս իրավիճակին: Հայաստանի բնակչութեան ոչ փոքրաթիւ մէկ հատուածին կը թուայ, որ պատահածները մեզմէ մղոններով հեռու՝ այլ մոլորակի մը վրայ կատարուող բաներ են, եւ այդ երկրին մէջ պատահածները մեզի չեն վերաբերիր:
Կայ տգէտ եւ աշխարհագրութենէն անտեղեակ ստուար Հայ հասարակութիւն մը, որ չի գիտեր թէ Սուրիան հայկական աշխարհի անմիջապէս սահմանակից երկիր է, ուր կ՛ապրէին ու կ՛ապրին հայեր, որոնք այնտեղ յայտնուած են «շնորհիւ» ցեղասպան թուրքին ու այսօր դարձեալ ծանր գին կը վճարեն, թէ մարդկային եւ թէ տնտեսական կորուստներով:
Հայաստանի այսօրուայ աւելի եւս տգէտ իշխանութիւններն ալ իրենց հերթին, անհեռատես պահուածքով մը տակաւին «Խաղաղութեան խաչմերուկ մաչմերուկ» կը խաղան նոյն այն կողմին հետ, որուն հետ այսպէս կոչուած խաղաղութեան եւ սահմաններու բացումին յաջորդ օրն իսկ մեր երկիրը կրնայ վերածուիլ Հայաստանի Ջարդի եւ Սպանութեան Հանրապետութեան:
Սեւակ Յակոբեան
Զարթօնք, Լիբանան