Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Թիկունք Կը Կանգնի Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համայնքի Զաւակներուն

  • 12.01.2025
  • 0
  • 398 Views

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

            Վստահաբար հետեւելով լուրերուն, տեղեակ պահուեցաք Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ, այս շաբաթուան ընթացքին,  տեղի ունեցող օդամրրիկներուն եւ հրդեհներուն: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի (Թ.Մ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը անհունօրէն իր ցասումը կը յայտնէ  բնակչութեան ընտանիքներուն հազարաւոր բնակարաններու կորուստին տխուր առիթով, ներառեալ հայաբնակ շրջաններու՝ Փասատինայի եւ Ալթատինայի  մեր հայրենակիցներուն:

            Հրդեհին ծագումէն անմիջապէս ետք կապ հաստատեցինք համայնքի պատասխանատու ազգայիններուն, որոնք տեղեակ պահեցին հաղորդելով այդ շրջանի մէջ Թ.Մ.Մ. «Պէշկէօթըրեան» կեդրոնին ցարդ անվտանգ կացութիւնը: Առայժմ կեդրոնին ելեկտրական հոսանքի կասեցումով եւ շրջանէն հեռանալու հրամանով  Ամերիկայի Ազգային Պահակագունդը կը կատարէ իր հսկողութիւնը շրջանին մէջ: Ըսենք նաեւ որ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը անդամներու բնակարանները եւս անապահով նկատուելով, անոնք հեռացած են հրդեհի շրջաններէն:

            Կեդրոնական Վարչութիւնս իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ալթատինայի Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարանի պաշտօնէութեան, ուսանողութեան եւ ընտանիքներուն: Դպրոցը ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ դառնալով դժբախտաբար ամբողջութեամբ կործանած է: Վարժարանը շրջանի ամենէն մեծ ազգային հաստատութիւնն էր: Այս տխուր առիթով Թէքէեանի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր եղբայրական ձեռքը կ’երկարէ վարժարանին, տրամադրելով իր կեդրոնը դպրոցին դասաւանդութիւնները շարունակելու համար:

            Մեր աղօթքն է հայկական համայնքի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Գալիֆորնիայի մեր անդամներուն շուտափոյթ վերադարձը դէպի բնականոն կեանք, հեռու ամէն տեսակի աղէտներէ:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Ատենապետ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան

Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի

Կեդրոնական Վարչութեան

Յունուար 10, 2025

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում