Մինչեւ այս հարցազրոյցին հրապարակուիլը կրնայ շատ բան փոխուիլ Լիբանանեան իրավիճակին մէջ:
Միացեալ Նահանգներ, որ կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ 45 օրէ ի վեր ընթացող պատերազմին դադար մը տալու համար կը շարունակէ բախիլ դժուար արգելքներու:
Տագնապը աւելի մեծ է քան կը պատկերացընենք, որովհետեւ այն ինչ որ կը կատարուի Լիբանանի մէջ ունի խորքային արմատներ:
Իսրայէլ ունի հեռահար նպատակներ եւ ըստ ստեղծուած պատկերին ատոր դիմաց ալ ունի յըստակ ՙկանաչ լոյս՚ մը:
Այս բոլորին զուգահեռ հայութեան համար ամէնուրեք գերակայ կը շարունակէ մնալ Լիբանանահայութիւնը: Իր տագնապներով, ամէնօրեայ խընդիրներով ու մանաւանդ ապագային ուղղուած հարցադրումներով:
Գաղութ, որ դիմացած է երկար տարիներով, այսօր կը գտնուի ՙգոյութենական՚ լուրջ հարցադրումներու առջեւ:
Այս բոլոր խնդիրները, այսօրուան իրավիճակը, առկայ մարտահրաւէրները ու նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնահարցերը քննարկած եմ լիբանանահայ իմ գործընկերուհի, հրապարակախօս եւ հանրային գործիչ` Պայծիկ Գալայճեանին հետ:
Ստորեւ մեր զրոյցի հիմնական մասերու սղագրութիւնը:
– Տիկին Գալայճեան, ծանր օրեր կ’ապրի Լիբանանը: Լիբանանահայուն համար կարծէք ճակատագիր դարձան անվերջանալի թուող պատերազմները: Ինչպիսի՞ն է այսօր իրավիճակը Պէյրութի մէջ, յատկապէս հայկական թաղամասերուն մէջ:
– Ճիշդ մէկուկէս ամիս անցաւ այս պատերազմէն, բայց Լիբանան նախքան այս հանգրուանին հասնիլը, այդ իրավիճակի մէջ էր, որովհետեւ Կազայի պատերազմական իրավիճակը ակամայ կ’ազդէր լիբանանցիներու հոգեվիճակին վրայ: Հետեւելով լուրերուն, լիբանանցիներ կը զգային, որ վտանգը ձեւով մը Լիբանան պիտի հասնի: Վիճակը ահաւոր է: Քրիստոնեայ շրջաններուն մէջ ապրողները ճիշդ է որ դիտողի հոգեվիճակին մէջ են, սակայն ամէն վայրկեան, ՙդամոկլեան սուր՚ի նման վտանգը կը սպառնայ նաեւ իրենց. միշտ վախը կայ, որ վտանգը նաեւ հասնի այդ շրջանները: Ճիշդ է, որ ներկայիս մեր շրջաններուն մէջ ՙՀըզպալլա՚յի անդամներ չկան, բայց իրավիճակը կրնայ կտրուկ կերպով փոխուիլ այդպիսով ալ վտանգի տակ դնել այդ շրջանները: Այս աւերիչ պատերազմին, Իսրայէլ կոպիտ խախտումներ կատարեց եւ տակաւին կը կատարէ: Մարդու իրաւունքներու առնչութեամբ ծանր խախտումներ, վայրագութիւններ եղան, ջախջախելով միջազգային օրէնքները, արժէքներ, որոնց վրայ հիմնուած է ՄԱԿ-ը: Երբ տեղի կը տրուի սանձարձակ ազատութեան, որեւէ շրջանէ հրթիռակոծում սկսելու, թէկուզ բնակելի շրջաններու մէջ, ատիկա արդէն ահաւոր վտանգ մը կը սպառնայ: Մենք, որպէս հայեր, բնական է, որ կ’ափսոսանք անմեղ մարդոց կորուստը, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու բռնի տեղահանումը, բան մը, որ մեր մորթին վրայ զգացած ենք պատմութեան ընթացքին, մանաւանդ, որ վերջերս այդ ցաւը կրկին զգացինք, երբ Արցախի մէջ ականատեսը դարձանք 120,000 արցախահայերու բռնի տեղահանման: Յատկապէս վերջին օրերուն, Իսրայէլ ոտնահարեց նաեւ մշակութային ժառանգութիւնները: Սարսափելի ջարդեր տեղի կþունենան պատմական Սուր քաղաքի, Մաշղարայի, Պաալպէքի մէջ և այլուր, ուր խաղաղ բնակիչները կը ռմբակոծուին առանց ողորմութեան, իսկ նահատակներն ու վիրաւորները այնպիսի տեսարան կը պարզեն, որուն դաժանութիւնը բառերը չեն կըրնար նկարագրել: Որպէս մշակութասէր անհատ, սոյն հարցազրոյցով կ’ուզեմ դիմել համաշխարհային, մշակութապաշտպան բոլոր կառոյցներուն, բան մը որ չըրինք Արցախի պատերազմի ժամանակ, բան մը որ չըրին նաեւ հայրենիքի բռնագրաւման շրջանին: Լիբանանի պատմական վայրերը, որոնք նաեւ մարդկութեան պատմութեան հետ առնչութիւն ունին, ներկայիս ոչ միայն աղիտեալ գօտի կը համարուին, այլեւ մեծ վտանգներու կ’ենթարկուին վայրագութեան սրման հետեւանքով: Ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել Լիբանանի պատմական ժառանգութիւնները պահպանելու համար:
– Այն շրջանները, ուր քրիստոնեաները մեծամասնութիւն են, կամ այլ համայնքներու կեդրոններ, կրնա՞նք ըսել, որ կեանքը բնականոն հունի մէջ է: Դուք ձեր առօրեային մէջ, պատերազմի վախը` ահը կը զգա՞ք, թէ՞ համեմատաբար բնականոն կերպով կը շարունակէք ձեր կեանքը:
– Ամէն մարդ իր բնականոն առօրեայ վիճակը թէեւ կը շարունակէ, սակայն ահն ու սարսափը իւրաքանչիւր անհատի ՙգլխուն վերեւ՚ է, որովհետեւ չի գիտեր, թէ ե՞րբ կամ ո՞ր վայրկեանին վտանգը իրեն կրնայ հասնիլ: Ամէն մարդ ականատեսը կը դառնայ եղածին եւ կը լսէ հրթիռակոծման ձայնը, կը հետեւի լուրերուն: Լիբանանի կարգ մը շրջաններու ճամբաները նոյնիսկ խցանում կամ խճողում կ’ըլլայ, բան մը որ բնական է Լիբանանի համար, սակայն այս չի նշանակեր, որ ամէն ինչ բնականոն հունով կ’ընթանայ: Լիբանանի հարաւային շրջաններէն մարդիկ տեղահանուեցան, սակայն Պէյրութի Հարաւային Արուարձանին` ՙՏահիէ՚ շրջանին մէջ, ուր ամէնօրեայ ռմբակոծում տեղի կ’ունենայ, տակաւին մարդիկ կը բնակին: Ամէն մարդ չ’ուզեր գաղթական դառնալ: Շատեր չեն ուզեր իրենց տունը լքել:
– Լիբանանը, Հայաստանի համար բարեկամ երկիր կը համարուի, եւ ան աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ լիբանանահայութեամբ, գաղութով, կառոյցներով ու մարմիններով: Այսօր, լիբանանահայոց մօտ ի՞նչ են տրամադրութիւնները:
– Հակառակ պատերազմական իրավիճակին եւ երկարամեայ տնտեսական ճգնաժամին, մեր մօտ իրավիճակը տակաւին տանելի է: Օրինակի համար ուրախալի երեւոյթ էր, երբ մեր դպրոցները վերաբացին իրենց դռները եւ մեր հայորդիները սկսան դպրոց յաճախել: Քրիստոնեայ, բայց ոչ հայկական շրջաններու մէջ շատ քիչ փակ դպրոցներ կան, պարզ այն պատճառով, որ այդ դպրոցները լեցուած են երկրի Հարաւէն հեռացած գաղթականներով: Անցեալ շաբաթ, երկրի կրթութեան նախարարը յայտարարեց, որ ընդարձակ վայրերու մէջ յատուկ տնակներ պիտի կառուցուին եւ գաղթականները հոն պիտի փոխադրուին, բան մը որ շատ տրամաբանական է: Լաւ կ’ըլլայ եթէ ամբողջ աշակերտութիւնը վերադառնայ իր դպրոցական առօրեային, քանի որ, ինչպէս տեսանք ՙՔովիտ՚ի ժամանակ, առցանց դասընթացքները բաւարար արդիւնք չտուին:
– Կ’ուզէի շօշափել լիբանանահայութեան տրամադրութիւնները Կա՞ն հայեր, որոնք կ’ուզեն լքել Լիբանանը այս փուլին:
– Բնականաբար կան շատեր, որոնք կ’ուզեն մեկնիլ Լիբանանէն: Յիշենք, որ 1975-էն սկսած, եւ տարբեր պատերազմական փուլերուն մեծ թիւով հայեր արտագաղթեցին տարբեր երկիրներ: Անշուշտ տըխուր երեւոյթ է, քանի որ Լիբանանը, որ հինգ հարիւր հազար հայ բնակչութիւն ունէր, հիմա հարիւր հազարէն նուազ կը հաշուէ: Նաւահանգիստի պայթումէն ետք, գաղթել ուզող հայութեան մեծ մասը կը մտածէ Հայաստան տեղափոխուելու մասին, բան մը որ դրական երեւոյթ է, թէ՛ հայրենիքը կը շահի, թէ՛ անձը եւ գոնէ ինքնութեան պահպանման խնդրով մեծ առաւելութիւն է:
– Այսօր սփիւռքեան հարթակները շատ քիչ կը խօսին լիբանանի ցաւին եւ լիբանանահայութեան մասին: Ի՞նչ է պատճառը:
– Ես կը կարծեմ, որ շատ բնական է, որովհետեւ նախկին պատերազմներուն կամ ահաւոր երեւոյթներուն ընթացքին, երբ սփիւռքահայութիւնը իր հայեացքները կ’ուղղէր դէպի Լիբանան, քանի որ հոն հայութիւնը պատնէշի վրայ էր, հայութիւնը եւ անոր գոյետեւումը վտանգուած էր: Պէտք է ընդգըծեմ այս կէտը, որ աշխարհի որ ծագին ալ գտնուիս, հազիւ իմանաս, որ հայ մըն է, որ կը ցաւի, բնականաբար, բնազդը քեզ կը մղէ, որ անոր օգտակար դառնաս: Այս պարագային, բարեբախտաբար վտանգը հայութեան չէ հասած, սակայն անորոշ է, չես գիտեր, թէ ե՞րբ ինչ կրնայ պատահիլ: Սպասման այս հոգեվիճակը ահաւոր է, քանի որ անորոշութեան մատնըւած ես: Չես կրնար նոյնիսկ մօտիկ ապագային կեանքիդ մասին մտածել, որովհետեւ անակընկալը չես գիտեր, թէ ինչ պիտի բերէ քեզի: Որեւէ մէկ պարագային, եթէ վտանգը հայութեան մօտենայ, կը կարծեմ որ սփիւռքահայութիւնը, նաեւ հայրենիքը օգնութեան կը հասնին: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի ժամանակ մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս հայրենի կառավարութիւնն ու սփիւռքի նախարարութիւնը ինչպիսի մեծ օժանդակութիւն մատուցեցին եւ առանց խտրութիւն դնելու, բոլորին հաւասարապէս օժանդակեցին: Այդ ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոսի զգալի կոչին նաեւ որպէս արդիւնք սփիւռքէն զանազան օգնութիւններ հասան, որոնք լիբանանահայութեան բաժնուեցան կաթողիկոսարանի եւ առաջնորդարանի ճամբով: Հոս նըշեմ նաեւ, լիբանանահայ երեսփոխանուհի Փոլա Եագուպեանի անունը, որ որպէս հայ անկախ թեկնածու, հսկայական աշխատանք տարաւ այդ ժամանակ ու ցարդ կը տանի իր ՙՏաֆա՚ կազմակերպութեամբ, բոլորին համահաւասար օժանդակութիւն ցուցաբերելով: Կը կարծեմ, որ ամբողջ հայութիւնը պատրաստ է օգնութեան հասնելու, երբ ահազանգը հնչէ:
– Տիկին Գալայճեան, ըստ երեւոյթին, հրադադարի մը յայտարարութիւնը պիտի չփարատէ տագնապը: Դուք ներքին խլրտումներու մտավախութիւն ունի՞ք:
– Համաձայն եմ, որ հրադադարի որեւէ որոշում պիտի չփարատէ այս կնճռոտ հարցը, որովհետեւ խնդիրը միայն Լիբանանին առնչուած չէ, խնդիրը Իսրայէլ-Կազա, Իսրայէլ-Իրան, Իսրայէլ-Լիբանան, այս թնճուկին, ՙԳորթեան հանգոյց՚ին մէջ պարփակւած է: Լիբանանը պէտք է ըսել, որ ՙամենահզօր կռուախընձոր՚ն է այս պարագային: Քաղաքական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ կարելի չէ Իսրայէլի հանդէպ վստահութիւն ունենալ: Ըստ հզօր պետութիւններուն եւ Լիբանանի կառավարութեան, 1701 բանաձեւը իր լուծումը կրնայ տալ, սակայն Իսրայէլ պատրա՞ստ է գործադրել զայն: Ան արդէն սկսած է յայտարարել, որ 1701 բանաձեւը գրեթէ իմաստազուրկ դարձած է, քանի որ պատրաստ չէ անոր կէտերը իրագործելու: Մենք գիտենք, ՄԱԿ-ի 1860 բանաձեւը, որ առնչուած էր Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան լուծում մը տալու, ինքնին շրջափակումը վերացնելու կոչ մըն էր, ոչ միայն չիրագործուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, այլ տակաւին կը շարունակէ անողոք պատերազմը: Հետեւաբար, վստահութիւն չկայ, որ Իսրայէլ կրնայ համաձայնութեան հասնիլ եւ 1701 բանաձեւը գործադրել:
Իսրայէլի նպատակը ՙմեծն Իսրայէլ՚ մը ստեղծելն է, ՙՆոր Միջին Արեւելք՚ի պիտակին տակ, բան մը, որ 2006-ի պատերազմին սկսած էր խօսիլ այդ առնչութեամբ:
– Իսկ ներքին իմաստով, խլրտումներու մտավախութիւններ կա՞ն:
– Անձամբ, առայժմ հորիզոնին վրայ այդ մտավախութիւնը չեմ տեսներ: Լիբանանցին մէյ մը զգացած է, թէ ինչ ինչ ահարկու բան է քաղաքացիական պատերազմը, հետեւաբար չեմ կարծեր, որ կը կրկնուի այդ մէկը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
«Պայքար» շաբաթաթերթ, ԱՄՆ