Ահաբեկում, մեկուսացում, բռնութիւն. այս երեք բառով կը բացատրուի, թէ այսօր ինչո՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան: Freedom House-ը եւ 6 այլ կազմակերպութիւններ յստակ օրինակներով ու մանրամասն վերլուծութեամբ պատրաստած են 130 էջնոց զեկոյց մը, որ 11 Նոյեմբերին ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ՝ Պաքուի մէջ ընթացող ՔՈՓ-29ին զուգահեռ:
Միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մասնակցողները կ՛ընդգծեն, որ Ատրպէյճանի վարչակարգը ցեղային զտումի ենթարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը, իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով արշաւ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղը հայերէ դատարկելու համար:
«Սա, ըստ երեւոյթին, առաջին միջազգային փորձն է` կատարելու փաստահաւաք աշխատանք, հաւաքելու վկայութիւններ, կատարելու իրաւական վերլուծութիւն ու ցոյց տալու այն, ինչ տեղի է ունեցել զոհերի աչքերով: Freedom House-ը, մեր միջազգային ու տեղական գործընկերները փաստագրել են նախորդ չորս տարիների ընթացքում ադրբեջանական պետութեան կողմից իրականացուած, թիրախաւորուած ու համակարգուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերի նկատմամբ», դիտել տուաւ Հայաստանի մէջ Freedom Hous-ի իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Շիրինեան:
Ան յայտնեց, որ փաստահաւաք զեկոյցը մէկ տարուան ընթացքին պատրաստուած է՝ պատերազմ, շրջափակում, տեղահանութիւն… յաջորդաբար ներկայացուած է, թէ ինչպէս Պաքու իրականացուց իր ծրագիրը:
Ըստ մասնակցողներէն Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկի ներկայացուցիչ Ալէն Շադունցի՝ տեղահանուած արցախցիներուն հետ առաւել քան 300 մանրակրկիտ հարցազրոյցներ աւելի քան բաւարար էին՝ ցոյց տալու աղէտին տարողութիւնը: «Հելսինկեան քաղաքացիական ասամբլէա»ի Վանաձորի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վարդինէ Գրիգորեան շեշտեց, որ զրուցակիցներուն մեծ մասը չէր հաւատար, որ պատմութիւնը այս բեմագրութեամբ պիտի ընթանար` նկատի ունենալով ռուս խաղաղապահներու գործօնը:
«Մենք նաեւ իրականացրել ենք բաց աղբիւրների տուեալների հաւաքագրում, որն էլ համադրել ենք արբանեակից ստացուած լուսանկարների հետ, սրա հետ մէկտեղ մենք նաեւ հետեւել ենք ադրբեջանական կողմի հռետորաբանութեանը, որպէսզի ցոյց տանք, թէ տեղում իրականացուող քաղաքականութիւնն ինչպէս է համադրւում ատելութեան խօսքի, դաւադրապաշտական տեսութիւնների հետ», յայտնեց Շադունց:
«Փորձում էինք հասկանալ` արդեօք որեւէ փորձ եղե՞լ է վերադառնալու այն տարածքներ թէկուզ ժամանակաւոր, որոնք գտնւում են Ադրբեջանի տիրապետութեան տակ, ասւում էր` նոյնիսկ եթէ փորձել են գերեզմաններ այցելել կամ այլ տարբեր միջոցներ, այդ դէպքում առաջին կանխարգելումը եղել է հէնց ռուս խաղաղապահներից, որոնք ասել են, որ իրենք չեն կարող ապահովել անվտանգութիւնը: Փաստացի մարդիկ որեւէ հնարաւորութիւն չեն ունեցել վերադարձի, սրան զուգահեռ մենք տեսնում ենք ադրբեջանական հռետորաբանութիւնը, որ իբր թէ ասում էր, որ կարող էին ու փորձում էր ապագայում իբր թէ ապահովել վերաինտեգրումը (վերահամարկումը)», իր կարգին ըսաւ Վարդինէ Գրիգորեան:
Զեկոյցի համահեղինակ «Միջազգային գործընկերութիւնը յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլի Պրիւքսէլէն ուղիղ կապով միանալով՝ Երեւանին յայտնեց, որ յաջորդ քայլը` ձեռք բերուած ապացոյցներու ծրարներու հիման վրայ դիմելն է Միջազգային քրէական դատարան` յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով:
Ըստ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի՝ թերեւս ասիկա կը հանդիսանայ այն անկախ զեկոյցը, զոր Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան դիւանագէտները կ՛ակնկալէին ստանալ՝ հասկնալու համար, որ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ: Կա՞յ արդեօք պատկերացում, թէ ի՛նչ արձագանգ սպասել Ուաշինկթընէն։
«Ինչպիսին կը լինի մինչեւ Յունուար Պետդեպի (արտաքին գործոց նախարարութեան) արձագանգը, ուղղակի Պետդեպի պատասխանատուները, այդ թւում` միգուցէ Ջէյմս Օ՛բրայենն ասելու է, թէ դէ մի բան ենք յայտարարել, արդէն նոր իշխանութիւնները պէտք է որոշեն», ըսաւ Բեգլարեան:
«Միակ բանը, որ կարող եմ ասել այն է, որ իրենք եւս սպասում են ամբողջական զեկոյցի հրապարակմանը իրենց հետեւութիւններն անելու համար», ըսաւ Հայաստանի մօտ Freedom House-ի ներկայացուցիչը:
«Ամէն ինչի մասին խօսուեցաւ, բացի Հայաստանի կառավարութեան դերակատարութեան, պատասխանատուութեան բացակայութեան մասին», զեկոյցին մասին ըսաւ Հադրութէն տեղահանուած Մարգարիտա Քարամեան:
Փաստահաւաք ուսումնասիրութեան համահեղինակ «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արաքս Մելքոնեան յայտնեց, որ զեկոյցին մէջ կառավարութեան առաջարկներ ներկայացուած են: «Մենք ինքներս մեզ խաբելով ոչ մի տեղ չենք հասնելու: Այստեղ շատ կարեւոր է նաեւ որոշակի հանրային պահանջը», ըսաւ Մելքոնեան:
Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին փաստահաւաք զեկոյցը անգլերէնով է, թիրախը` միջազգային հանրութիւնը: