Թեմական-Պատգամաւորական Ժողով եւ թեմական մարմիններու ընտրութիւն Գերմանիայում

  • 04.11.2024
  • 0
  • 81 Views

Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024, Առաջնորդարանի յարկին ներքոյ ի Քէօլն, տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի հերթական Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը (ԹՊԺ)` նախագահութեամբ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս․ Իսախանեանի եւ ատենապետութեամբ Փրոֆ. Տոքթ. Խաչիկ Կազէրի: Ժողովին ներկայ էին Թեմի հոգեւորականաց դասը, թեմական 16 համայնքներու վարչութեանց ատենապետներ, ընտրեալ պատգամաւորներ՝ շուրջ 60 անձեր, որոնցմէ 47-ը քուէի իրաւունքով։

Նախ՝ «Սբ․ Սահակ-Սբ․ Մեսրոպ» առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն աւարտին Թեմիս Առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանի կողմէ Սրբալոյս Միւռոնով օծուեցան 16 վէմ քարեր, որոնք բաժնուեցան Թեմիս հոգեւոր հովիւներուն՝ իրենց քաղաքներու մէջ մատուցուող Սբ․ Պատարագներու ընթացքին օգտագործման համար։ Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը նոր օրհնեալ Սրբալոյս Միւռոն բաշխեց Թեմիս հոգեւորականներուն։

Արարողութեան աւարտին ժողովականներն առաջնորդուեցան Քէօլնի Հայ Համայնքի սրահ, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն եւ ողջոյնի խօսքէն յետոյ, ԹՊԺ-ի դիւանի ատենապետ Տոքթ․ Խաչիկ Կազէր բարի գալուստ մաղթեց ժողովականներուն եւ կատարեց ժողովին բացումը` ներկայացնելով օրակարգը, որն ալ որոշ լրացումներով ընդունուեցաւ ժողովին կողմէ։

ԹՊԺ-ի Ա նիստի օրակարգին վրայ էին թեմական գործունէութեան տեղեկագրութիւնը եւ նիւթական հաշուետւութիւնը, թեմական եւ համայնքային զանազան հարցեր։ Առաջնորդ Սերովբէ Սրբազան PowerPoint ծրագրով մանրամասն ներկայացրեց Թեմի 2023 գործունէութեան տեղեկագրութիւնը։ Իսկ Թեմական Խորհուրդի գանձապահուհի տիկին Շաքէ Զէյնալեան ներկայացուց Թեմի 2023-ի նիւթական մանրամասն հաշուետւութիւնը` նոյնպէս PowerPoint ծրագրի միջոցով։

Առաջնորդ Սրբազան ժողովականներուն ներկայացուց նաեւ առաջնորդանիստ Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ շինարարական վիճակի եւ հիմնանորոգման մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, ցուցադրեց եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը ներակայացնող լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Գէօփինկէնի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին։ Խօսուեցաւ նաեւ 2023 թուականի ընթացքին Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն ի նպաստ մեր Թեմին կողմէ իրագործուած բարեգործական ծրագրերու, ինչպէս նաեւ թեմական Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւն ամենամեայ բարեգործական ծրագրի մասին։

Բ նիստի օրակարգը կը ներառէր թեմական մարմիններու ընտրութիւնները։ Նախ` փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ տեղի ունեցաւ նոր Թեմական Խորհուրդի ընտրութիւնը։ Թեկնածուներու 12-հոգինոց ցանկին վրայէն Թեմական Խորհուրդի անդամներ ընտրուեցան հետեւեալ 8 անձերը․

Նորայր Պօյաճեան

Տոքթ․ Րաֆֆի Պետիկեան

Օրհան Պարլըք

Փրոֆ․ տոքթ․ Արմենուհի Դրոստ-Աբգարեան

Հիլտա Տէիրմէնճի

Ժենիկ Չաթակ-Մինասեան

Էդմոնդ Հախնազարեան

Արթին Սիմոնեան։

Ապա ընտրուեցաւ Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովի Դիւանը հետեւեալ կազմով՝

Փրոֆ․ տոքթ․ Խաչիկ Կազէր՝ ատենապետ

Արժ․ Տ․ Տիրատուր Քհնյ․ Սարտարեան՝ փոխ-ատենապետ

Տոքթ․ Մարգարիտ Ասոյեան-Լինք՝ ատենադպրուհի

Տոքթ․ Յասմիկ Մելքոնեան՝ փոխ-ատենադպրուհի։

Հաշուեքննիչ մարմնի անդամներ ընտրուեցան՝

Ուիլիամ Աբրահամեան

Մանուէլ Քիրէն։

ԹՊԺ-ի Գ նիստի ընթացքին նոր անդամներով ամբողջացուեցան նախորդ ԹՊԺ-ի ընթացքին ձեւաւորուած աշխատանքային խումբերը, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ բարելաւել թեմի եւ թեմական համայնքներու գործունեութիւնը: Այս աշխատանքային խումբերն են. 1. Հաւատք, Առաքելութիւն, Էքումենիզմ, 2. Տիաքօնիա, 3. Կրթութիւն եւ Երիտասարդութիւն, 4. Արուեստ եւ Մշակոյթ, 5. Կառավարչութիւն, 6. Ֆինանսական։ Տէր Տիրատուր քահանայի ղեկավարութեամբ կազմուեցաւ Յանձնախումբ մը, որ յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին խումբերու մէջ ընտրուած անձերու հետ համախորհուրդ պէտք է կազմէ խումբերու աշխատանքային գործունէութեան ժամանակացոյց մը, որով խումբերը ձեռնամուխ պիտի ըլլան իրենց աշխատանքներուն։ Յաջորդ ԹՊԺ-ին, որ պիտի գումարուի գալ տարուան կէսերուն, բոլոր խումբերը պէտք է ներկայացնեն իրենց առաջարկներն ու զանոնք իրագործման հնարաւորութիւնները։

ԹՊԺ-ի նիստերը եզրափակուեցան Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպիսկոպոս Իսախանեանի օրհնութեան խօսքով, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը ԹՊԺ-ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմական մարմիններու նախորդ տարիներու անդամներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր անդամները, իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բերեց Քէօլնի Հայ Համայնքի վարչութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, Առաջնորդարանի գրասենեակի աշխատողներուն։ Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը իր աշխատանքներն աւարտեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ միասնական արտասանուած «Հայր մեր»ով։

Դիւան Առաջնորդարանի

4 Նոյեմբեր 2024

Fotos: Edmond Haghnazarian, Kanzlei der Diözese

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում