Կյանքին հրաժեշտ տվեց սփյուռքահայ անվանի մտավորական Յարութիւն Քիւրքճեանը

  • 10.08.2024
  • 0
  • 472 Views

Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզպոնի մէջ, գործուն մասնակցութիւն բերած էր «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին: Այս մասին հաղորդում է Հալեպի «Գանձասարը»։ (1) Facebook

Նոյնինքն այս հաւաքը կազմակերպուած էր ներշնչուած սփիւռքագէտ Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն: Հազիւ ամիս մը ետք, 9 Օգոստոս 2024-ին, ընկեր Յարութիւն Քիւրքճեան զոհ գնաց պսակաձեւ ժահրին (Քովիտ)։

Ծնած 1943-ին՝ Պէյրութ, ան նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, 1956-1963։ Ուսումը շարունակած Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ եւ ապա Փարիզ անցնելով, աւարտած Սորպոնի համալսարանը, տիրանալով Փիլիսոփայութեան Մագիստրոսութեան տիտղոսին՝ 1978 թուականին։

Մասնագիտացած մանկավարժ եւ ուսուցիչ, ան ուսումի տարիներուն ընթացքին եւ ետք՝ շուրջ քսան տարի՝ 1964-էն 1984, Պէյրութի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարան, Հայկազեան Համալսարան եւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ, դասաւանդած է հայերէն՝ իբր մայրենի կամ երկրորդ լեզու, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։

Երիտասարդ տարիքէն Հ.Յ.Դ.-ի շարքերուն միացած, ընկեր Քիւրքճեան ամենայն բծախնդրութեամբ Հ.Յ.Դ.-ի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումը կատարած է:

1982-ին հաստատուած է Աթէնք, ուր տիկնոջ՝ Մարօ Քալայճեանի հետ հրատարակած է մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» շարքերը։

Հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ յատկանշական հատորի մը՝ «Փորձ Տարագրութեան մասին» (1978) խորագրով։

Յարութիւն Քիւրքճեան ունի հարուստ մանկավարժական, գրական եւ քաղաքապատմական գործեր։ Բացի իր հեղինակած աշխատանքներէն, ներդրում ունեցած է նաեւ այլ հեղինակներու գրական գործերուն մէջ, իբր սրբագրիչ եւ թարգմանիչ։

Ստորեւ ներկայացնում ենք Նազարէթ Պէրպէրեանի եւ Վեհանուշ Թեքեյանի հրաժեշտի խոսքերը, որ հրապարկվել են հեղինակների ֆեյսբուքյան էջերում։

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐ

Վախճանեցաւ Հայ Յեղափոխական Մտքի Եւ Արեւմտահայ Ժառանգութեան վերաթարմացման Հանրագիտակ, Խորաթափանց Եւ Բազմավաստակ Յառաջապահը՝ ՅԱՐՈՒԹ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ը։

Սփիւռքը կորսնցուց իր ամէնէն վաւերական գաղափարախօսներէն՝ ԻՐԱՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆի դափնեպսակին արժանի ՅԱՐՈՒԹ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆը։

Քանի մը ժամ առաջ Դիմատետրի վրայ ընտանիքին կողմէ հրապարակուած Գոյժը ցնցիչ էր․ առանց Յարութին՝ Հայ Յեղափոխական Միտքը երկար պիտի սպասէ անոր

ձգած բացը գոցելու ընդունակ Յառաջապահ Գաղափարի Մարտիկի Յայտնութեան։

1960ականներու երկրորդ կիսուն կազմաւորուած պատանի մեր սերունդին համար՝ Յարութ Քիւրքճեան ԻՐԱՒԱՄԲ եւ ԱՄԵՆԱՅՆ ԽՈՐՈՒԹԵԱՄԲ տարածեց Գաղափարապաշտ Կայծերը նորովի հասունացման իր փուլը թեւակոխած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔին։

ՊՈՒՐՃ-ՀԱՄՈՒՏԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻՆ, որուն ամէնէն փայլուն Լուսաւոր Միտքն ու Ժողովրդանուէր Պատգամը ՇՆՉԱՒՈՐՈՂՆԵՐԷՆ մէկը դառնալու կոչուած էր ան եւ․․․ իրապէս ալ եղաւ։

Եղաւ Առաջիններէն՝ ահազանգելու ողջ Հայաշխարհին, թէ՝ Մշակոյթ Կը Ծամենք, փոխանակ մեր ժառանգած ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆը վերաթարմացնելու, նորովի հարստացնելու եւ Բարձրահասակ ու Ճակատաբաց ներկայանալու հանուր մարդկութեան։

Նաեւ Փարիզ ուսանած եւ Լոյսի Մայրաքաղաքի Պրիսմակէն Նոր Դարը ՀԱՅՕՐԷՆ ԸՆԿԱԼԱԾ եւ ՀԱՅԱՑՈՒՑԱԾ մեծավաստակ ՈՒՍՈՒՑԻՉը եղաւ ՅԱՐՈՒԹ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ։

Իբրեւ մանկավարժ թէ իբրեւ հրապարակագիր՝ Ժամանակին Հետ Քայլ Պահելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆը Յարութ անխոնջ սերմանեց չորս դին, անձնապէս նախաձեռնելով նոր ժամանակներու ոգիով աշխատասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու իրականացման։

Վարձքդ կատար սիրելի Մեծ Ընկեր։

Նազարէթ Պէրպէրեան

Ներհուն Մտաւորական եւ ազնուագոյն Մարդ։ Հմտութիւն ու համեստութիւն։ Խորասոյզ, անդուլ աշխատանք ու ծաւալուն եւ գեղեցիկ մատուցում։ Ծով մարդկայնութեան, նաեւ բարեկամութեան սահուն առագաստ։ Ինչպէ՜ս համատեղուած էին ազնիւ նայուածքն ու խորաթափանց միտքը։

Աս ի՜նչ տրտմութիւն է այսօր, Յարութիւն։ Բազմամշակութայինը շաղախելով ազգայինին՝ անհատնելի, անգնահատելի գանձ թողուցիր, մատենագա՛նձ, …եւ հոգիդ առիր գացիր։

Մօտ վեց տասնամեակ առաջ, մեր սերունդին հարցումները դո՛ւն բացիր։ Գրաքննադատական մտքի հանքերը խաւ առ խաւ ներկայացուցիր։ Պատրաստած նորաոճ դասագիրքերովդ հայերէն գնահատել ու սիրել սորվեցուցիր, եւ դեռ՝ հաստափոր հատորները Դաշնակցութեան պատմութեան, դաստիարակի եւ բծախնդիր խմբագիրի արհեստավարժութիւնդ։ Ի՜նչ հաճոյք էին խոհագրութիւններդ՝ մտածել հրահրող։

Այս բոլորը շաղկապուած էին ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ պրպտումիդ, հարցադրումներուդ եւ հիմնաւորուած ու խարսխած հաւատքիդ հետ։

Եթէ գիտնայիր որ այսքան սիրտ պիտի ճմլուի, այսքան արցունք յորդի, հառաչանքներ զսպուին. ալիքներ զարնուին յիշատակներու կղզիին, ու ցաւը, սա կսկծացող ցաւը պիտի անխօս դարձնէ սիրելիներդ ու բարեկամներդ, ազնուագո՛յն Յարութիւն, չէի՜ր հեռանար, ան ալ՝ անվերադարձ։ Չկարենալ հաւատալու առեղծուածին մէջ չէիր ձգեր բոլորս։ Մարոյէն չէիր հեռանար։ Բայց քու ձեռքդ չէր։ Քու ձեռքդ չէ՜ր։

Վեհանոյշ Թեքեան

Օգոստոս 9, 2024

Լուսանկարը –Դեռ ամիս մը չեղաւ. Յուլիս 15-ին Լիզպոնի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հրաւէրով հաւաքուած էինք, երեսուն մտաւորականներ երեք սերունդներէ, եռօրեայ խոհրդակցութեան, որ կը կոչուէր Հաւասարում Նորոգ։

Նկարին կեդրոնը՝ Յարութիւն Քիւրքճեան, կը պատասխանէ Ծաւի Պիլալեանի եւ Յակոբ Կիւլլիւճեանի հարցումներուն։

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում