Ապրիլեան խոհեր. Հայաստան թէ Սփիւռք՝ առաջնահերթութիւնը ազգային դիմադրական լծակներուն հզօրացումն Է. Արշաւիր Կէօնճեան

  • 21.04.2024
  • 0
  • 232 Views

Օրացոյցի անխախտելի օրինաչափութեան ընթացքով, ահա այս տարի եւս կը թեւակոխենք Մեծ Եղեռնի նշման Ապրիլեան օրերը: Այս անգամ անոր 109-րդ տարելիցը:

Ամէն տարի Կաղանդ, Ծնունդ կամ Զատիկ կանոնաւորութեամբ նշելու նման, նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդը այս օրերուն՝ Ապրիլի 24-ին կամ անոր շուրջ, կ՛ոգեկոչէ Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Եկեղեցական թէ քաղաքական տարբեր միջոցառումներով մէկ կողմէ կը ձգտինք յարգել այժմ սրբացած մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն յիշատակը, իսկ միւս կողմէ ալ, դժբախտաբար, երթալով տկարացող փորձեր կը կատարենք արդարութիւն եւ հատուցում պահանջելու համար յանցագործ Թուրքիայէն եւ ամբողջ աշխարհէն՝ աւելի քան մէկ դար առաջ մեր ազգովին կրած անդարմանելի կորուստներուն համար:

Այս տարի սակայն, այս յօդուածը կը գրենք ահազանգ հնչեցնելու համար եւ ստորագծելու, թէ համաշխարհային քաղաքական կրկէսին վրայ այլեւս հայ ժողովուրդին համար տուեալները եւ տրամադրութիւնները անհամեմատօրէն աւելի լուրջ եւ մտահոգիչ են, քան եղած են երբեւիցէ, գրեթէ ամբողջ անցեալ մէկ դարուն ընթացքին:

Մինչ պարզապէս սովորութիւնը շարունակելով, արդէն իսկ ամէն կողմ կը կատարուին դասական կաղապարով Ապրիլեան նշումները, այս յօդուածով կ ուզենք առաւելագոյն ուժգնութեամբ ցնցել Հայաստանեան թէ Սփիւռքեան ղեկավար եւ պատասխանատու շրջանակները, յայտնելու համար, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ եթէ պարզապէս սահմանափակուինք եւ բաւարարուինք սովորական այսպիսի նշումներով, իսկապէս լրջութեան ահաւոր պակաս մը ցուցաբերած պիտի ըլլանք մեր ազգային սուրբ Դատին, մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ մանաւանդ մեր հայրենիքի գոյութեան իսկ սպառնացող վտանգները զսպելու համար ունեցած մեր պարտականութեանց նկատմամբ:

Արդարեւ, բոլոր անոնց համար, որոնք անկողմնակալ եւ վերլուծողական սուր աչքով կը հետեւին հայ ժողովուրդին առնչուող ազգային քաղաքական ընթացիկ զարգացումներուն, ակնյայտ է, թէ վերջին շրջանին եւ յատկապէս վերջին տարուան ընթացքին, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ազգային դիմադրողականութեան գործօնները արագընթաց կ երթան դէպի լուրջ տկարացում: Եթէ արտասովոր ջանքերով ու համազգային գիտակից ծրագրումով չկատարուին վերակազմակերպման լուրջ աշխատանքներ, դիմադրականութեան այդ տկարացումը անխուսափելիօրէն պիտի յանգի իսկական անդառնալի ազգային ընդհանուր ամլացման:
Այս իմաստով առաջին հերթին չափազանց մտահոգիչ է այսօր կացութիւնը նոյն ինքն Մայր հայրենիքին մէջ:

Ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ տեղի ունեցող կարևոր զարգացումները ամէն օր աւելի կը տկարացնեն, դժբախտաբար արտագաղթով և այլ պատճառներով, այսօր երկրին եւ ժողովուրդին ունեցած արդէն իսկ դիւրաբեկ՝ ազգային դիմադրականութիւնը:

Այս մտահոգիչ զարգացումներուն պատասխանատուութիւնը անխուսափելիօրէն եւ փաստօրէն առաջին հերթին կ՛իյնայ օրուան իշխանութեան ուսերուն: Այստեղ կ ուզենք ստորագծել, թէ այս նկատողութինը կը կատարենք բոլորովին անկախաբար որեւէ յատուկ անձի մը կամ կազմակերպութեան մը դէմ մրցակցական կամ այլ տեսակի պայքարի մը մասնակցելու կարճատես դիտաւորութենէն: Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Մայր հայրենիքին՝ գոյութենական տագնապը այսօր շատ աւելի լուրջ է, քան մրցակցական կամ կողմնակցական որեւէ նկատում:

Քանի որ արդէն իսկ այս նիւթը կրկնակիօրէն արծարծած ենք թէ՛ մենք եւ թէ՛ ահազանգ հնչեցնող տարբեր աղբիւրներ, յիշեցման ձեւով, կարեւորագոյն քանի մը տուեալներն են միայն, որ պիտի թուարկենք:

Խօսելով ներքին ճակատին մասին, հայրենիքին ներքին կեանքին մէջ, բոլորովին անընդունելի եւ դատապարտելի են, թուրք-ազերի ակնյայտ ճնշումներուն տակ, բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, իշխանութեանց կողմէ վերջերս առաջ քաշուող հակազգային առաջարկներու շարքը, որոնց կարգին՝ ազգային սրբագոյն խորհրդանշան Արարատ լեռը զինանշանէն վերցնելու առաջարկը, նոյնքան անընդունելի են դասագիրքերու մէջ ազգայնական աւանդական խրոխտ արտայայտութիւնները վերացնելու, Սահմանադրութենէն եւ պաշտօնական այլ արտայայտութեանց միջոցներէն պահանջատիրական  դասական դրսեւորումները վերացնելու առաջարկները, եւայլն:

Արտաքին ճակատին վրայ , նոյնքան եւ աւելի մտահոգիչ է Հայաստանին ներկայիս վարած խեղճացած, պարտուողական քաղաքականութիւնը:

Արդարեւ, իշխանութիւնը, խաղաղութիւն հետապնդելու թէև անվիճելիօրէն ազնիւ պատրուակով, գործնականին մէջ որդեգրած է իր ոխերիմ դրացիին տարածքային բոլոր պահանջներուն հնազանդօրէն եւ միակողմանի ենթարկուելու կործանիչ եւ մանաւանդ ապարդիւն քաղաքականութիւնը: Այս քաղաքականութեան մեծագոյն զոհը հանդիսացաւ՝ ամիսներ առաջ քանի մը ժամուան մէջ ամբողջ Արցախի կորուստը: Կործանիչ է այս քաղաքականութիւնը մանաւանդ, որովհետեւ ակնյայտ է, թէ ոխերիմ Ալիեւին պահանջները վերջ չունին: Աւելի ճիշդը՝ անոնց իսկական վերջը Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական վերացումն է:

Յաջորդաբար, խոր մտահոգութեամբ պէտք է նշենք, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նորագոյն անհեռատես եւ անպատրաստ նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ Ապրիլ 5-ին՝ Պրիւքսէլեան գագաթնաժողովին ցուցադրական մեծ բեմադրութիւնը: Անոր յաջորդող օրերուն, արդէն իսկ ամէն օր քիչ մը աւելի կը յայտնուին այդ ժողովէն ակնկալուած ենթադրեալ մեծ արդիւնքներուն ետին գոյութիւն ունեցող, ընդհակառակը, իսկապէս ծանր եւ մտահոգիչ հետեւանքները:

Արդարեւ, իշխանութիւնը ենթադրաբար այլապէս օգտակար  Պրիւքսէլեան 180 աստիճան դէպի Արեւմուտք շրջադարձը կատարեց, ակնյայտօրէն առանց ինքզինք պատրաստած ըլլալու այդ շրջադարձէն բխելիք ռազմական, դիւանագիտական եւ տնտեսական լրջագոյն հետեւանքներուն: Թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ թէ՛ ժողովուրդը, դժբախտաբար արագօրէն պիտի անդրադառնան, թէ քանի մը հարիւր միլիոն տոլարներու օժանդակութիւնը եւ անոնց հետ Հայաստանին ի նպաստ Պրիւքսէլի մէջ շռայլուած գովաբանական արտայայտութիւններն ու խոստումները խաբկանք մը կրնան մնալ միայն, քանի որ նոյն ժամանակ, ռազմական եւ ռազմագիտական աջակցութեան եւ ուղիղ պաշտպանութեան հաւաստիք չտրուեցաւ Հայաստանին:

Ահա այս բոլորը նկատի առնելով, Ապրիլեան լրջագոյն այս խոկումներուն առիթով, ստիպողաբար կը վերյիշեցնենք ոչ միայն Հայաստանի իշխանութեանց, այլ նաեւ ընդդիմութեան, մտաւորական, կուսակցական եւ այլ պատասխանատու շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ ժողովուրդին, թէ այսօր աւելի քան երբեք բոլոր միւս նախաձեռնութիւններէն առաջ, Հայաստանը պէտք է գերագոյն առաջնահերթութիւն նկատէ մէկ կողմէ իր բոլոր կարող ոյժերու մասնակցութեամբ մշակել ազգային փրկութեան միացեալ քաղաքականութիւն մը, եւ, միւս կողմէ, ստեղծէ Հայաստանի սահմաններուն պաշտպանութեան համար ռազմական գերարդիական անխոցելի բանակ մը և համակարգ մը:

Այս երկու ազդակներու հզօրացումը ապահովելէն ետքն է միայն,  պատերազմի բարձրագոյն մակարդակով պատրաստ ըլլալէն ետքն է միայն, որ Հայաստանը արդարօրէն կրնայ ինքզինքին թոյլ տալ ձեռնարկելու դիւանագիտական անկաշկանդ եւ յախուռն տարբեր գործառնութեանց:

Ապրիլեան մեր խոկումներուն միւս առանցքը կը վերաբերի հայ աշխարհի միւս բեւեռին, որուն մակերեսային հեշտութեամբ կ՛ակնարկենք որպէս Սփիւռք: Այս մէկ բառով ակնարկուած մեր ժողովուրդին բազմամիլիոն մեծագոյն հատուածը, յաճախ կը մոռնանք, թէ տառացիօրէն տարածուած է մոլորակին գրեթէ ամբողջ մակերեսին վրայ: Հետեւաբար բոլորովին անիրատեսական է, երբ յաճախ պատասխանատու շրջանակներու մէջ եւ կարեւոր դիրքերու վրայ գտնուող անհատներ կը խօսին «Սփիւռքի կեցուածքին», «Սփիւռքի խորհածին» կամ «Սփիւռքէն ակնկալուածին» մասին որպէս կարեւոր ազգային միակտուր գործօն, որ պարտի տարբեր ձեւերով օժանդակել համազգային պահանջներու իրականացման:

Թանկագին հայրենակիցներ, Ապրիլեան այս օրերուն ժամանակն է որ Սփիւռքի մէջ ի վերջոյ լրջութեամբ եւ իրատեսութեամբ որդեգրենք այնպիսի կեցուածք մը, որ Սփիւռքը դառնայ իսկական կարեւոր ազգային գործօն, որ կարող ըլլայ իր մեծ նպաստը բերելու հայրենիքին եւ ազգին գոյատեւման պայքարին:

Կրկնութիւն ըլլալով վերահաստատենք, թէ բազմամիլիոն անհատներով գոյացած Սփիւռքը իսկապէս հարուստ է մտաւորական ու նիւթական բարձր կարողութեան տէր եւ բացառիկ յաջողութեանց հասած անհատներով: Մանաւանդ՝ Հայ Սփիւռքը աւելի քան մէկ ամբողջ դար իր գոյութեան տարիներուն ընթացքին, բարեբախտաբար կարողացած է իր մէջ ստեղծել տարբեր ուղղութիւններ ունեցող քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական եւ եկեղեցական կարեւոր կազմակերպութիւններ, որոնց շնորհիւ է միայն, որ ան իրաւունք ստացած է կոչուելու «Հայ Սփիւռք»: Սակայն Սփիւռքի տարբեր այդ մասնիկներուն միջեւ եթէ կան տեղ-տեղ աւելի կամ պակաս համադրողական կապեր, իր ամբողջութեան մէջ ան կը մնայ մեծ հաշուով առաւելաբար ցրուած եւ հետեւաբար նաև համաշխարհային բեմին վրայ շատ փոքր կարողականութիւն ցուցաբերող համախմբում մը:

Հայ Սփիւռքին այս անկարողութեան կարծր փաստը խոր յուսախաբութեամբ ապրեցանք մանաւանդ անցնող տարիներուն եւ ամիսներուն ընթացքին: Մինչ Հայաստան եւ Արցախ, ամբողջ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհին անտարբեր աչքերուն տակ կ՛ապրէին մեր պատմութեան ամէնաողբերգական շրջաններէն մէկը, այնքան կարեւոր նկատուած Սփիւռքը չկարողացաւ դոյզն իսկ ազդեցութիւն ցուցաբերել, թեթեւցնելու եւ նոյնիսկ առաջքը առնելու համար այդ ողբերգութեան: Այս գերկարեւոր նիւթը ամիսներ առաջ շեշտուած կերպով արծարծեցինք այս էջերուն մէջ՝ կոչ ուղղելով Սփիւռքի բոլոր ղեկավար շրջանակներուն, քաջութիւն եւ համարձակութիւն ցոյց տալ նախաձեռնելու համար համադրուած սփիւռքահայ քաղաքական միացեալ կառոյցի մը ստեղծումը, որ օժտուի նիւթական, մտաւորական, օրինական եւ այլ, այսօր դիւրաւ մատչելի, բոլոր ազդակներով:

Վերջապէս, անշուտ այս բոլորին վերջնական նպատակն է, որ Սփիւռքի այս կառոյցը, գործակցաբար մեր վերևը յիշած Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն հետ, կազմէ ՀԶՕՐ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ մը:

Այսուհետեւ այդպիսի տոկուն համակարգ մը անհրաժեշտ է, որպէսզի լրատուական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ ռազմական գետնի վրայ Հայաստանը կարենայ յաջողութեամբ դիմադրել յաջորդական տարիներուն ընթացքին իր դէմ կատարուելիք, նախատեսելի բոլոր  յարձակումներուն:

Ապրիլեան խոհերու ծիրին մէջ ընդհանուր այս ակնարկին այս եզրակացութիւնը անխուսափելիօրէն շատ պարզ եւ տրամաբանական է: Սակայն անշուշտ գիտակից ենք, թէ անոր գոործադրութիւնը իրատեսօրէն աննախադէպ ըլլալով՝ նոյնքան ալ շատ դժուար է:
Սակայն, ինչպէս շեշտեցինք այս յօդուածին սկզբնաւորութեան, եթէ Հայ Աշխարհը բաւականանայ այս օրերուն կատարուող Ապրիլեան դասական նշումներով, այսօրուան իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը, կուսակցական, եկեղեցական կամ մտաւորական ամբողջ ղեկավարութիւնը հաւաքաբար պատասխանատու պիտի նկատուին, մօտ թէ աւելի հեռաւոր ապագային սպասուած գոյութենական՝ ողբերգական տագնապներուն բոլոր տխուր հետևանքներուն համար:

Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ ղեկավարութեան յաւակնութիւն ունեցողները, բոլորը, պարտին գերագոյն ճիգերով վար առնել նախատեսելի բոլոր պատնէշները, որպէսզի եթէ ոչ կատարելութեամբ, սակայն գոնէ մեծ չափով յաջողութեամբ դիմագրաւենք այս մեծ մարտահրաւէրը, ապահովելու համար հայ պետականութեան արժանապատիւ վերապրումը, եւ մեր պարտքն ու յարգանքը իսկապէս կատարած ըլլանք մեր սրբացած բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին:

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Մոնթրեալ, Կանադա  

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում